Սուրիական օրհնեալ հողին վրայ ծաւալած զինեալ բախումներուն թիրախ կը հանդիսանան խաղաղ բնակչութեան, բնակավայրերու, հանրային ծառայութեան կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու կողքին աղօթավայրեր` մզկիթներ եւ եկեղեցիներ: Համագոյակցութեան ու հանդուրժողութեան խորհրդանիշ հանդիսացող պատմական եւ հայաբոյր Հալէպի մէջ, ռազմական գործողութիւններու համայնակուլ գլանին զոհ դարձան Օմայեան…
Պաշտօնական
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմին
08/11/2012
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը խորհրդակցական իր նիստը գումարեց Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից` Առաջնորդի գրասենեակին մէջ, ուր ներկայ իրավիճակի արժեւորումը կատարուեցաւ, քննարկուեցան մեր համայնքին դիմագրաւած հսկայական դժուարութիւնները, հաւաքաբար զանոնք յաղթահարելու միջոցներու որոնումը, ներքին եւ արտաքին բոլոր տեսակի…
Հաղորդագրութիւն Թիւ 4
25/10/2012
«ՕԳՆԻ՛Ր ԵՂԲՕՐԴ» Հ.Յ.Դ.ի նախաձեռնութեամբ իրականացած ծրագիրով, Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւնները Հայաստանի Հանրապետութենէն՝ Երեւանէն Հալէպ հասան, Երեքշաբթի 16 Հոկտեմբեր 2012ին: Այս օժանդակութիւնները ընդգրկեցին 1400 տուփ սննդեղէն, որոնք բաժնուեցան հետեւեալ ձեւով.- •400 տուփ Սուրիոյ Կարմիր Մահիկ Միջազգային Կազմակերպութեան Հալէպի…
Հաղորդագրութիւն Թիւ 3
15/08/2012
Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինը կը թելադրէ գաղութիս այն հայորդիները, որոնց բնակարանները, գործատեղիները կամ ինքնաշարժները վնասուած են քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն պատճառով (բախումներ, պայթումներ, ռմբակոծումներ) անյապաղ եւ անպայման կատարեն իրենց վնասներուն գծով ոստիկանական համապատասխան արձանագրութիւնը (ضبط شرطة), ուր պէտք…
Հաղորդագրութիւն Թիւ 2
05/08/2012
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն արտակարգ իրավիճակներու բերումով՝ ռմբակոծումի ու անոր հետեւանքով վիրաւորուած կամ տեղափոխուած պարագաներուն, ըստ հնարաւորին անմիջական օժանդակութիւն հասցընելու նպատակով, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը արդէն Հալէպի մէջ յառաջացուցած է Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը, որ իր գործադիրով ու ենթայանձնախումբերով կը գործէ…
Հաղորդագրութիւն Թիւ 1
26/07/2012
Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապի շրջագիծին մէջ, սուրիահայ կազմակերպութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները, գլխաւորութեամբ հայ համայնքապետերուն յառաջացուցած են ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆը: Սուրիոյ հայկական կարեւորագոյն կեդրոններէն իւրաքանչիւրը, միասնակամութեան սկզբունքով առաջնորդուած եւ տեղական պայմաններուն ու կացութեանց համապատասխան աշխատանք կը ձեւակերպէ: Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան…