Մեր ժողովուրդի զաւակներուն արտակարգ իրավիճակներու բերումով՝ ռմբակոծումի ու անոր հետեւանքով վիրաւորուած կամ տեղափոխուած պարագաներուն, ըստ հնարաւորին անմիջական օժանդակութիւն հասցընելու նպատակով, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը արդէն Հալէպի մէջ յառաջացուցած է Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը, որ իր գործադիրով ու ենթայանձնախումբերով կը գործէ եօթը կեդրոններու մէջ.-

1- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գրասենեակ 4644040

2- Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գրասենեակ 4646352

3- Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ գրասենեակ 4466940

4- Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գրասենեակ 4641882

5- Բեթէլ եկեղեցւոյ գրասենեակ 4642450, 4467528

6- Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան գրասենեակ (Հ.Մ.Մ. – Ազիզիէ) 2114043, 2114047

7- Հ.Բ.Ը.Մ. 2118930, 2117930-‎102

Մեր ժողովուրդի զաւակները կրնան իրենց բնակութեան վայրերուն մօտակայ կեդրոններէն մէկուն մէջ կատարել իրենց դիմումը: Կեդրոններէն որեւէ մէկուն մէջ արձանագրուած ըլլալը բաւարար է տուեալ օգնութեան ծրագրին մէջ նեռառուելու համար:

Մեր առաջին հաղորդագրութեամբ փոխանցուած Շտապ Օգնութեան հետեւեալ հեռախօսահամարները յիշեցնելով հանդերձ, նկատի ունենալով հեռախօսազանգերուն հաւանական դժուարութիւնները, ուստի կը փոխանցենք թէ՝ կարելի է նաեւ վերոնշեալ հինգ կեդրոնները ուղղակի ներկայանալով փոխանցել համապատասխան պարագաները:

Առողջապահական 0944-651151, 0933-817583, 0946-333103, 4654300, 4640389

Կեցութիւն խնդիրներ 0944-255979, 0933-622443

Արտակարգ վիճակներ 0964-403000, 0938-209970

Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմին