«ՕԳՆԻ՛Ր ԵՂԲՕՐԴ» Հ.Յ.Դ.ի նախաձեռնութեամբ իրականացած ծրագիրով, Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւնները Հայաստանի Հանրապետութենէն՝ Երեւանէն Հալէպ հասան, Երեքշաբթի 16 Հոկտեմբեր 2012ին:
Այս օժանդակութիւնները ընդգրկեցին 1400 տուփ սննդեղէն, որոնք բաժնուեցան հետեւեալ ձեւով.-
•400 տուփ Սուրիոյ Կարմիր Մահիկ Միջազգային Կազմակերպութեան Հալէպի մասնաճիւղին ճամբով
•50 տուփ Ռագգայի թաղականութեան ճամբով
•50 տուփ Հասիչէի թաղականութեան ճամբով
•50 տուփ Հալէպի հայկական թաղամասի երկու մզկիթներուն ճամբով
•850 տուփ Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան ճամբով
Յատկացուեցան նախապէս արձանագրուած հայ եւ արաբ անխտիր բոլոր դիմողներուն, փորձելով գոհացնել ներկայացուած պահանջները:
Նշենք, որ Ռագգայի եւ Հասիչէի թաղականութիւններուն տրամադրուած ծրարները պիտի յատկացուին տեղւոյն հայ եւ արաբ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Ի Դիմաց՝
Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմին