kantsasar.com – ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԹԻՒ -18-
Ամանորի` 2017 Յունուարի առաջին օրերուն, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական եւ հովապետական այցելութիւն կատարեց Սուրիա, ի մասնաւորի Հալէպ:
Հալէպի մէջ, վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Եւ Վերականգնումի Մարմինին հետ, ուր աշխատանքային ընդհանուր իրավիճակի հանգամանալի քննարկումէն ետք, Աստուածայայտնութեան տօնի յետմիջօրէին, Հալէպէն հրապարակեց «ԴԷՊԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ» կոչը:
Վեհափառ հայրապետին հրապարակած կոչին թելադրութեամբ առաջնորդուելով` ՍՇՕՎՄ-ը նոր տարուան առաջին իր նիստով վերականգնումի ծրագիրներու մշակումի սկզբնական իր սերտողութիւնը կատարեց:
Արդ, 2016-ի վերջաւորութեան եւ 2017-ի սկիզբը Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ Հալէպի մէջ մասնաւորապէս քաղաքական-ապահովական առումներով արձանագրուած դրական տեղաշարժներուն լոյսին ներքեւ` Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը համաձայն իր անուանումով իսկ ճշդուած առաքելութեան` պիտի շարունակէ իր աշխատանքները Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան թէ՛ օգնութեան եւ թէ վերականգնումի առնչութեամբ:
Հալէպի, Դամասկոսի, Ծովափի եւ Ճեզիրէի գործադիր մարմինները պիտի շարունակեն չորս տարիէ ի վեր ընթացող օժանդակութեան աշխատանքները, տրուած ըլլալով, որ ժողովուրդին տագնապը կը շարունակուի, հակառակ անվտանգութեան առումով արձանագրուած ողջունելի յառաջխաղացին: Իսկ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը պիտի նախաձեռնէ վերականգնումի ծրագիրներու մշակման:
ՍՇՕՎՄ-ը իր հերթական նիստերուն քննարկած ըլլալով վերականգնումի աշխատանքներու իրագործման եղանակները, որոշեց յառաջացնել սերտողութիւններու մասնագիտական յանձնախումբեր, բաղկացած երկրաչափ, իրաւաբան, գործարար եւ արհեստաւոր մասնագէտներէ:
Այս աշխատանքը վերականգնումի առաջին քայլը պիտի համարուի եւ հերթաբար պիտի յայտարարուի յառաջիկայ քայլերուն մասին:
Ինչպէս որ Սուրիոյ պատերազմի անցնող հինգ տարիներուն հայրենի եւ ողջ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները թեւ ու թիկունք կանգնեցան սուրիահայութեան, այնպէս նաեւ յուսադրուած ենք, որ մեր ազգակիցները պիտի շարունակեն իրենց օժանդակութիւնները, նպաստելով պատմական ու ազգային արժէքներու աւանդման առաքինի գործ կատարող սուրիահայ համայնքին:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
Հալէպ, 17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2017