Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապի շրջագիծին մէջ, սուրիահայ կազմակերպութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները, գլխաւորութեամբ հայ համայնքապետերուն յառաջացուցած են ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆը: Սուրիոյ հայկական կարեւորագոյն կեդրոններէն իւրաքանչիւրը, միասնակամութեան սկզբունքով առաջնորդուած եւ տեղական պայմաններուն ու կացութեանց համապատասխան աշխատանք կը ձեւակերպէ:

Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնի աշխատանքին շրագիծը պիտի ընդգրկէ շտապ օգնութեան, օժանդակութեան եւ ապահովական մարզերը:

Հալէպահայութեան բոլոր բաղադրիչներու ճիգերուն եւ հնարաւորութիւններուն մէկտեղումով, յուսադրուած ենք միասնաբար դիմագրաւել մեր համայնքի հաւաքական կեանքի հաւանական դժուարութիւնները:

Այս առիթով կեանքի կոչուած է Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնի Գործադիր Յանձնախումբը, որ անհրաժեշտ գործնական տնօրինումները պիտի կատարէ:

Հ.Շ.Օ.Մարմինը պատասխանատուութիւնը ունի յանուն մեր ժողովուրդին հանրային պաշտօնական յայտարարութիւն կատարել ու հաղորդագրութիւններ հրապարակել:

Հալէպահայութեան հասկացողութեան, անվերապահ զօրակցութեան ու գործակցութեան վստահելով, Ամենակալին պաշտպանութեան ու հովանաւորութեան կը դիմենք, որպէսզի իր խաղաղութիւնը հաստատէ Սուրիական հայրենիքին մէջ:

Ձեր ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալ կարեւոր հեռախօսահամարները.-

Առողջապահական 0944-651 151, 0933-817 583, 0946- 333 103, 4654300, 4640389

Սննդեղէնի 0944-616 471, 0944- 651 970

Կեցութեան 0944-255 979, 0933- 622 443

Արտակարգ վիճակներու 0964-403000, 0938-209970

Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմին
Հալէպ, 26 Յուլիս 2012