PerioTemiZinՍուր­ի­ա­կան օրհն­եալ հո­ղին վրայ ծա­ւա­լած զին­եալ բա­խում­նե­րուն թի­րախ կը հան­դի­սա­նան խա­ղաղ բնակ­չու­թեան, բնա­կա­վայ­րե­րու, հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան կա­ռոյց­նե­րու եւ են­թա­կա­ռոյց­նե­րու կող­քին աղօ­թա­վայ­րեր` մզ­կիթ­ներ եւ եկե­ղե­ցի­ներ:

Հա­մա­գո­յակ­ցու­թեան ու հան­դուր­ժո­ղու­թեան խորհր­դա­նիշ հան­դի­սա­ցող պատ­մա­կան եւ հա­յա­բոյր Հա­լէ­պի մէջ, ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մայ­նա­կուլ գլա­նին զոհ դար­ձան Օմայ­եան մեծ մզ­կի­թը, Հայ Առա­քե­լա­կան Ս. Գէ­որգ եկե­ղե­ցին, Աւե­տա­րա­նա­կան Երի­ցա­կան Արա­բա­կան եկե­ղե­ցին եւ այլ աղօ­թա­տե­ղի­ներ, մերթ քանդ­ուե­լով ու ­մերթ հ­րոյ ճա­րակ դառ­նա­լով:

Արա­րի­չին ու մար­դուն դէմ կա­տար­ուած խս­տօ­րէն դա­տա­պար­տե­լի նման յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն զերծ չմ­նա­ցին նա­եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուի­րա­կան վկա­յա­րան­նե­րը` Տէր Զօ­րի Ս. Նա­հա­տա­կաց յու­շա­հա­մա­լի­րը, Մար­կա­տէի Ս. Յա­րու­թիւն յուար­ձան մա­տու­ռը, Ռաս Ուլ Էյ­նի Ս. Յա­կոբ եկե­ղեց­ւոյ եւ Ազգ. Նա­հա­տա­կաց վար­ժա­րա­նի տա­րածք­նե­րը:

Սուր­ի­ա­կան ասպն­ջա­կան հո­ղը, որ հա­րիւ­րամ­եակ մը առաջ գր­կա­բաց ըն­դու­նած էր ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած բե­կոր­նե­րը եւ իր օրհն­եալ հո­ղին շա­ղա­խած էր մեր նա­հա­տա­կաց աճիւն­նե­րը, ան­մարդ­կա­յին արարք­նե­րուն ի տես ահա­բեկ­ուած կը բո­ղո­քէ:

Յա­նուն սուր­ի­ա­հա­յու­թեան խս­տօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք ընդ­հան­րա­պէս աղօ­թա­վայ­րե­րուն ու յատ­կա­պէս նա­հա­տա­կաց վկա­յա­րան­նե­րուն դէմ կա­տար­ուած տմար­դի վե­րա­բեր­մունք­նե­րը: Հա­մայն աշ­խար­հին ու հա­յու­թեան կը յայտ­նենք, որ­ տէրն ենք­ մեր աղօ­թա­վայ­րե­րուն ու նա­հա­տա­կաց վկա­յա­րան­նե­րուն, զա­նոնք ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով պա­հե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ կը վս­տա­հեց­նենք որ­ խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մին հետ վե­րա­կանգ­նու­մի մեր հա­ւա­քա­կան եր­թին­ մէ­ջ ու­նինք­ մեր­ հետ­ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թիւնը, հա­մայն հա­յու­թեա­ն եւ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւնը:

Յար­գանք սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն:

Յար­գանք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն:

Վերս­տին հան­գիստ նուի­րա­կան աճիւն­նե­րուն:

Խա­ղա­ղու­թիւն նա­հա­տակ­նե­րու աճիւն­նե­րով սր­բա­գործ­ուած սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին ու ժո­ղո­վուր­դին:

Հալէպ 14 Նոյեմբեր 2012
Դիւան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 15 Նոյեմբեր 2012