yerakouyn.com – Հաշուի առնելով սուրիական ճգնաժամի կարեւորութիւնը` panorama.am-ը ընթերցողին կը ներկայացնէ այդ երկրին մէջ ապրող հիմնական էթնօ-կրօնական համայնքները: Այստեղ հարկ կը համարենք ընդգծել, որ սուրիական հասարակութեան պարագային ինքնութիւնը միաժամանակ երկու սկիզբ ունի` էթնիկական ու կրօնական: Նաեւ ասով պայմանաւորուած է սուրիական խայտաբղետ խճանկարը, որ պատերազմէն առաջ ունէր ներքեւ շարադրուած տեսքը:

Սուրիոյ ամէնէն մեծ էթնիկական խումբը արաբներն են: Այս հանգամանքով ալ պայմանաւորուած է նաեւ երկրի պաշտօնական անուանումը` Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն: Արաբները կը կազմեն Սուրիոյ 22 միլիոն բնակչութեան մօտ 90 տոկոսը` մօտ 20 միլիոնը: Այս տուեալը արտաքուստ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, թէ սուրիական հասարակութեան միջուկը կը կազմէ միատարր տիտղոսակիր ազգը, սակայն արաբական էթնիկական բաժանումներն ու դաւանաբանական տարբերութիւնները կը ցրուեն այդ տպաւորութիւնը: Այս երկու ցուցանիշերու զուգորդման արդիւնքով միասնական արաբական ժողովուրդը Սուրիոյ մէջ բաժանուած է տարբեր համայնքներու, որոնք ոչ միայն միասնական չեն, այլեւ` հիմնականօրէն կը պայքարին իրարու դէմ, ներառեալ նաեւ` յանուն իշխանութեան:

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը էթնոդաւանական խումբերով բաւական բազմազան երկիր է, ուր կ’ապրին քրիստոնեայ (ասորիներ, արամէացիներ, յոյն ուղղափառներ, կաթոլիկներ, մարոնիներ) եւ իսլամ (սուննի, շիա, ալաւի, տրուզ, իսմայիլի) արաբներ, հայեր, (կաթոլիկ, առաքելական եկեղեցու յետնորդներ եւ աւետարանականներ), հրէաներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւ կը կազմեն քիւրտերը:

Սուննի իսլամնները կը կազմեն երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը` 74%-ը, միւս իսլամադաւան խմբաւորումները (ալաւիները, տուրզիները, իսմայիլիները) 16%-ը, քրիստոնեաները` 10%-ը, շատ քիչ թիւով հրէաներ ալ կը բնակին Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ: Այս կրօնադաւանական խումբերը կ’ապրին ամփոփ` հիմնականօրէն կենտրոնացած երկրի ինչ-որ հատուածի մէջ: Այսպէս, սուննիները կը բնակին երկրի գրեթէ ամբողջ տարածքին: Սուրիացի սուննի արաբները կը կազմեն բնակչութեան մեծ մասը (14,548,000), սակայն երկրին մէջ կը բնակին նաեւ Պաղեստինի (596,000), Յորդանանի (41,000), Իրաքի (62,000), Լիբանանի (103,000) սուննի արաբներ: Սուրիոյ մէջ սուննի դաւանանքին կը պատկանին նաեւ քիւրտերը, որոնք կենտրոնացած են երկրի հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ` Թուրքիոյ եւ Իրաքի հետ սահմանային շրջաններ: Քիւրտերը Սուրիոյ ամենամեծ էթնոդաւանական փոքրամասնութիւն են` կը կազմեն բնակչութեան 10-15%-ը (2 միլիոն): Սուրիոյ մէջ անոնք երկար տարիներ ենթարկուած են խտրականութիւններու` զրկուած ըլլալով տարրական իրաւունքներէ, չունենալով նունիսկ քաղաքացիութիւն: Սակայն քաղաքացիական պատերազմի սկսելէն ետք նախագահ Պաշշար Ասատ անոնց ընդվզումները կանխելու համար Հասաքէ նահագի 300,000 քիւրտերուն քաղաքացիութիւն շնորհեց:
Սուրիոյ սուննի իսլամները հիմնականօրէն շաֆիական մազհապի (կրօնաիրաւական դպրոցի) հետեւորդներն են, կան նաեւ հանաֆիական եւ հանպալիական մազհապներու ներկայացուցիչներ: Երկրին մէջ ամխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն որոշ սուֆիական եղբայրութիւններ, ինչպէս գատիրիահ, նակշպանդիայ եւ այլն:

Իշխանական բուրգին մէջ կանգնած ալաւիները, որոնք կը կազմեն Սուրիոյ բնակչութեան 12 %-ը, կը բնակին են Միջերկարական ծովի ափամերձ տարածքներին մէջ` Լաթաքիոյ, Թարթուսի եւ սահմանակից գիւղերու մէջ, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ: Ալաւիականութիւնը (նուսարիահ) շիա իսլամի ճիւղ է, որ յառաջացած է 10-րդ դարուն Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ: Ալաւիները Ալի ինպ Ապի Թալիպի յետնորդներն են: Ալաւիականութիւնը հիմնուած է իսմայլիականութեան վրայ` միախառնուած քրիստոնէական եւ մինչիսլամական տարրերով: Այդ պատճառով ալաւիականութիւնը ուղղափառ մուսուլմաններու կողմէ կ’ընկալուի իբրեւ աղանդ:

Ալաւիները Սուրիոյ մէջ իշխանութեան եկան 16 Նոյեմբեր 1970-ին իրականացուցած յեղաշրջումէն ետք: Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի իշխանութիւնը օրինականացնելու համար 1973 թուականին շիա իմամները ֆեթուա (կրօնա-իրաւական հրովարտակ) հրապարակեցին, որուն համաձայն ալաւիականութիւնը կը համարուէր շիա իսլամի ճիւղ (ըստ Սուրիոյ սահմանադրութեան` երկրի նախագահ կրնար ընլլալ միայն իսլամ): Մինչ այժմ ալաւիները կը շարունակեն կառավարել Սուրիան:

էթնիկական իւրայատուկ խումբ ներկայացնող տուրզիները կը բնակին երկրի հարաւային շրջանը` Ալ-Սուէյտահ նահանգին մէջ: Սուրիոյ մէջ անոնց թիւը կը տատանի 500,000-700,000-ի մէջ: Ուսունքը յառաջացած է 10-րդ դարուն, ծայրայեղ շիականութեան` իսլայիլիզմի ճիւղ է: Այն բաւականաբին փակ համայնք է:

Քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները` յոյն ուղղափառները, կաթոլիկները եւ մարոնիները կը բնակին հիմնականօրէն Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ, փոքրաթիւ համայնքներ ունին նաեւ Հոմսի եւ Լաթաքիոյ մէջ: Սուրիոյ հնագոյն քրիստոնէական համայքներէն է նաեւ ասորականը: Ասորիները կը բնակին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը` Մաալուլա գիւղին մէջ: Անոնք կը կազմեն երկրի բնակչութեան 5%-ը եւ միակ ներկայացուցիչներն են, որոնք կը խօսին արեւելաարամերէնով: Ասորիները լաւ կը տիրապետեն նաեւ արաբերէնին, ասորական տարբեր բարբառներու: Մաալուլա, Պախա եւ Ջուպատին գիւղերուն մէջ կը բնակին իսլամ արամէացիները (արեւմտեան արամէացիներ), անոնց թիւը կը հասնի 21000-ի: Սուրիոյ մէջ կան նաեւ քրիստոնեայ արամէացիներ (29,000):

Հրեաները Սուրիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած են շատ հին ժամանակներէ: Անոնք հիմնականօրէն կենտրոնացած էին Դամասկոսի, Հալէպի, Ալեքսանդրետի սանճաքի մէջ, որ ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ, Լաթաքիոյ, Հոմսի մէջ: Սակայն իրավիճակը կը փոխուի 19-րդ դարու վերջաւորութեան՝ սիոնիստական գաղափարախօսութեան ազդեցութեան պատճառով, որուն գլխաւոր նպատակն էր բոլոր հրեաները վերադարձնել դէպի Սիոն լեռ: Աստիճանաբար Սուրիոյ մէջ կը նկատուի հրեայ բնակչութեան թիւի նուազում, որ իր գագաթնակէտին կը հասնի 1948 թուականին` Իսրայէլ պետութեան հռչակումէն եւ այնուհետ սկսուած արաբաիսրայէլական պատերազմէն ետք: Այժմ Սուրիոյ մէջ կը հաշւուի մօտ 100 հրեայ, որոնք հիմնականօրէն կը բնակին Դամասկոսի քրիստոնէական Պապ Թումա թաղամասին մէջ:

Հայերը Սուրիոյ մէջ յայտնուած են դեռ միջնադարուն, թէեւ անոնց թիւը աճած է 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ցեղասպանութենէն ետք: Արդիւնքնով անոնք Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած են Սուրիա` հիմնականօրէն հաստատուելով երկրի հիւսիսային շրջաններուն` Տէյր Զօրի, Գամշլիի, Հալէպի, Քեսապի մէջ: Քիչ թիւ կը կազմեն Լաթաքիոյ, Հոմսի եւ Դամասկոսի մէջմ: Այժմ անոնց թիւը կը տատանի 50.000-80.000-ի սահմաններուն մէջ:

Միջին Արեւելքին տարածաշրջանին մէջ կայուն երկրի համբաւ ձեռք բերած Սուրիոյ մէջ արդէն երկու տարիէ կը շարունակուի քաղաքացիական պատերազմ, որ ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն խլած է 80 հազար մարդու կեանք (հարեւան երկիրներու մէջ ապաստանած փախստականներուն թիւը կը գերազանցէ 1.5 միլիոնը, իսկ ներքին փախստականներուն թիւը հասած է 4.25 միլիոնի): 2011 թուականի Մարտին Սուրիոյ մէջ տեղ գտած հակակառավարական ցոյցերը բաւական կարճ ժամանակահատուածի մէջ վերաճեցան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու, որոնց ելքին մասին այսօր ալ կանխատեսումներ ընելն անհնար է: Անորոշութիւնը մեծապէս կախուած է այն հագնամանքէն, որ ամենեւին ալ պարզ չէ, թէ մէկ շաբաթ կամ մէկ ամիս յետոյ ինչպէս կրնայ ըլլալ ուժերու յարաբերակցութիւնը կառավարական եւ ապստամբ ուժերու միջեւ: Ատիկա ալ իր հերթին կը բացատրուի Սուրիոյ էթնո-կրօնական բազմազանութեամբ. անհնար է գուշակել, թէ տասնեակ համայնքներէն ո՞ր մէկն ի՛նչ դիրքորոշում ու վարքագիծ կը դրսեւորէ: Մինչդեռ ասոնցմէ իւրաքանչիւրին որոշումը կրնայ ճակատագրական դառնալ:

13/06/2013