yerakouyn.com – Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող հայ փոխգնդապետ Հայկ Ֆուատ Յակոբ նահատակուած է Քուսէյրի մէջ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին:
1991-ին Հալէպ ծնած փոխգնդապետ Հայկ Ֆուատ Յակոբի մարմինը հողին յանձնուեցաւ Յունիս 10 -ին Լաթաքիոյ նահատակաց պանթէոնին մէջ: Հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ անոր ծննդավայր Հալէպի՝ Սուրբ Թերեզայի անուան եկեղեցւոյ մէջ։
13/06/2013