Հա­կա­ռակ Սուր­իոյ մէջ տի­րող իրա­վի­ճա­կին դա­մաս­կա­հա­յե­րը վճ­ռած էին ար­ժա­նա­ւոյն կեր­պով ոգե­կո­չել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-րդ ամ­եա­կը:

Առ այդ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­մազ­գա­յի­նի «Լե­ւոն Շանթ» մաս­նա­ճիւ­ղի, Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2013-ին` երե­կոյ­եան ժա­մը 6:00-ին Դա­մա­կո­սի Յոյն Կա­թո­ղի­կէ եկե­ղեց­ւոյ «Զէյ­թուն» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ապ­րիլ­եան նա­հա­տակ­նե­րու 98-ամ­եա­կին նուիր­ուած ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկ:

Ներ­կայ էին Սուր­իոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան Ար­շակ Փո­լատ­եան, ՀՀ Դես­պա­նա­տան աշ­խա­տա­կից­նե­րը, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Կի­լիկ­եան թան­գա­րա­նի փոխ­տե­սուչ Հո­գեշ­նորհ Տէր Պա­րոյր Աբե­ղայ Շէր­նէզ­եան, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ բազ­մա­թիւ դա­մաս­կա­հա­յեր:

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Համզ­գա­յի­նի ատե­նա­պետ Միհ­րան Ղա­զար­եան, որ նկա­տել տուաւ, թէ հա­մա­հայ­կա­կան ոգե­կո­չում­նե­րը խօ­սուն ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն են տե­ղա­հան­ուած, ջարդ­ուած, բռ­նագ­րաւ­ուած ազ­գի մը մնա­ցորդ­նե­րուն, որոնք ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջեն: Ան հաս­տա­տեց «Հա­կա­ռակ թր­քա­կան բնաջն­ջու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, բնաջնջ­ում` ֆի­զի­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, պատ­մա­կան: Հայ ժո­ղո­վուր­դը այ­սօր ան­գամ մը եւս կը փաս­տէ թէ ինք վե­րապ­րած է, եւ կը նշէ բարձ­րա­ղա­ղակն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծադր­ուած ահ­ռե­լի ոճի­րը, հաս­տա­տե­լով, թէ զայն գոր­ծադ­րո­ղը հաշ­ուե­տու է պատ­մու­թեան առ­ջեւ»: Ղա­զար­եան շեշ­տեց, որ մարդ­կու­թեան դէմ գործ­ուած եղեռ­նը 98 տա­րի ետք ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւնը ոչ միայն չըն­դու­նիր իր ոճի­րը, այլ դոյզն չա­փով իսկ զղ­ջում չի յայտ­ներ ահա­ւոր եղեռ­նա­գոր­ծու­թեան հա­մար:

Ատե­նա­պե­տը իր խօս­քը աւար­տեց հե­տեւ­եա­լով. «Ապ­րիլ 24-ը մեր ան­տե­ղա­տա­լի պայ­քա­րին նոր աւիշ նե­րա­ռե­լու օր է: Փառք հա­յոց ան­մահ նա­հա­տակ­նե­րու լու­սա­շող յի­շա­տա­կին, փառք մեր ար­դար պայ­քա­րի վս­տահ յաղ­թա­նա­կին»:

Ձեռ­նար­կի գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րին մաս կազ­մե­ցին Նո­րա Խա­ճար­եան-Պալ­եան, որ Սի­ա­ման­թո­յին «Խաչ»ը աս­մուն­քեց, Մեղ­րի Պե­տիր­եան մե­ներ­գեց «Կռունկ»ը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Նա­րեկ Ապաճ­եա­նի, իսկ Փա­թիլ Խա­ճար­եան ջու­թա­կի վրայ նուա­գեց «Տէր Ողորմ­իա» եւ «Կռունկ» կտոր­նե­րը:

ՍԵՄ-ի խօս­քը փո­խան­ցեց Թա­մար Քիւրտ­եան, որ ըսաւ. «Ապ­րիլ 24 է կր­կին. ան խորհր­դա­նիշն է հայ ազ­գի յոյ­սի, ճիշդ այն­պէս ինչ­պէս այս ամս­ուան անու­նը կը պար­տադ­րէ` Ապ­րիլ: Ահա այս նպա­տա­կէն առաջ­նորդ­ուած` մենք որ­պէս Սուր­իոյ Երի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­ներս յանձ­նա­ռու եւ եռուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն կը մղենք ար­տա­յայ­տե­լու մեր ցա­սու­մը ընդ­դէմ Թուրք­իոյ կա­տա­րած ան­մարդ­կա­յին ու քստմ­նե­լի արար­քին, որուն զո­հը գա­ցին 1,5 միլի­ոն ան­մեղ հայ ժո­ղո­վուրդ. տե­ղա­հան եղան իրենց սե­փա­կան տու­նե­րէն ու հո­ղե­րէն եւ ճիւա­ղա­յին մի­ջոց­նե­րով սպանն­ուե­ցան անօ­թի ու ծա­րաւ»:

Քիւրտ­եան հաս­տա­տեց, որ այ­սօր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը հա­յու­թեան ան­քակ­տե­լի իրա­ւունք­նե­րուն վե­րա­կանգ­նու­մը ան­ժա­ման­ցե­լի պա­հանջք­ներ են: Ան ըսաւ. «Հս­կայ ու անկշ­ռե­լի է երի­տա­սարդ­նե­րուս ու­սե­րուն վրայ դր­ուած պարտ­քը, թե­լադր­ուած մեր նա­հա­տակ­նե­րուն ար­եան ճի­չե­րէն, բռ­նագ­րաւ­ուած մեր հո­ղե­րու կան­չե­րէն: Կը խոս­տա­նանք, որ ամէն ոգե­կո­չում նոր թափ ու ուժգ­նու­թիւն պի­տի տայ, զո­հո­ղու­թեան պայ­քա­րի ճա­կատ­նե­րուն վրայ մարտն­չող մեր ազ­գի հե­րոս զա­ւակ­նե­րուն»:

Ան իր խօս­քի աւար­տին ըսաւ. «1,5 միլի­ոն ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը ան­շէջ պի­տի մնայ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ, զգաստ ու ար­թուն, վճ­ռա­կամ ու բարձ­րա­ճա­կատ պի­տի քա­լենք զո­հո­ղու­թեան ու նուի­րու­մի ճա­նա­պարհ­նե­րէն, քայլ պա­հե­լով ժա­մա­նա­կին հետ ու ար­ի­ա­ճա­կատ կեց­ուած­քով ցոյց պի­տի տանք աշ­խար­հին, որ թէ­եւ ջարդ­ուած ու աք­սոր­ուած սե­րուն­դի մը մնա­ցորդ­ներն ենք, բայց յա­րու­թեան գա­ղա­փա­րով ապ­րող ու յաղ­թա­նա­կի հա­ւա­տա­ցող սե­րունդ մըն ենք»:

Հան­դի­սա­վար Մար­ի­ա­նա Ճիւլ­եան բեմ հրա­ւի­րեց օր­ուան բա­նա­խօս` Սուր­իոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան Դոկտ. Փրոֆ. Ար­շակ Փո­լատ­եան, որ հան­դէս եկաւ «Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ անոր մի­ջազ­գայ­նաց­ման շուրջ» խո­րա­գի­րով բա­նա­խօ­սու­թեամբ, որուն նա­խա­բա­նին մէջ ըսաւ որ այ­սօր, Ապ­րի­լի 24-ին, կր­կին հա­ւաք­ուած ենք գլուխ խո­նար­հե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ:

Բա­նա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին, պատ­մա­կան շր­ջա­հայ­եաց կա­տա­րե­լով Ցե­ղաս­պա­նութ­եան հիմ­նա­կան դր­դա­պատ­ճառ­նե­րուն եւ Թուրք­իոյ կող­մէ իրա­կա­նաց­ուած կո­տո­րած­նե­րուն շուրջ, բա­նա­խօ­սը, մաս­նա­ւո­րա­պէս, կանգ առաւ մեր օրե­րուն թր­քա­կան պե­տու­թեան ու­րաց­ման եւ ժխտ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան խն­դի­րի մի­ջազ­գայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին վրայ:

Դոկտ. Փո­լատ­եա­նը յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան առ­կա­յու­թեամբ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը ստա­ցաւ նոր հն­չե­ղու­թիւն: Եւ թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան, եւ թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դիր­նե­րը դար­ձան ան­կախ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ: Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւնը մի­ջազ­գա­յին ամե­նա­բարձր ամպի­ոն­նե­րէն սկ­սաւ հն­չեց­նել այդ հար­ցը, մեր­ժե­լով եւ դա­տա­պար­տե­լով ար­դի Թուրք­իա­յի ու­րաց­ման եւ ժխ­տո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը:

Դոկտ. Փո­լատ­եան անդ­րա­դառ­նա­լով 2011թ. ՀՀ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի գլ­խա­վո­րու­թեամբ ստեղծ­ուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան 100-ամ­եա­կի պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն, շեշ­տեց որ պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի կազ­մին մէջ ընդգրկ­ուած են Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի պե­տա­կան քա­ղա­քա­կան, գի­տա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գե­ւոր յայտ­նի գոր­ծիչ­ներ, եւ թէ` Հա­յաս­տա­նի մէջ, թէ` հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն մէջ ձե­ւա­ւոր­ուած են տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յանձ­նա­ժո­ղով­ներ եւ ար­դէն լծ­ուած են աշ­խա­տան­քի, կազ­մա­կեր­պե­լով տա­րաբ­նոյթ մի­ջո­ցա­ռում­ներ: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եայ տա­րե­լի­ցի պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը եւ անոր են­թա­կա­ռոյց­նե­րը իրենց երախ­տա­շատ գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ աշ­խար­հին ցոյց պի­տի տան մեր ժո­ղովր­դի մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը եւ հաս­տա­տա­կա­մու­թիւնը ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գայ­նաց­ման:

Բարձր գնա­հա­տե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան նա­հա­տակ­նե­րու յուշն ու ոգին վառ պա­հե­լու, ոգե­կո­չե­լու եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան խն­դի­րը աշ­խար­հով մէկ հն­չեց­նե­լու ուղ­ղութ­եամբ հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ ղե­կա­վար­նե­րու, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, կր­թա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, մշա­կու­թա­յին, բա­րե­սի­րա­կան եւ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու անգ­նա­հա­տե­լի եւ անու­րա­նա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը, դես­պա­նը ընդգը­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն սկս­եալ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը թե­ւա­կո­խեց բո­լո­րո­վին նոր եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ժա­մա­նա­կաշր­ջան` ձեռք բե­րե­լով քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն:

Բա­նա­խօ­սու­թեան աւար­տին Դես­պան Փո­լատ­եա­նը անդ­րա­դառ­նա­լով Սուր­իոյ տագ­նա­պին նշեց, որ Հա­յաս­տա­նը խիստ մտա­հոգ­ուած է Սուր­իոյ ժո­ղովր­դի, մա­նա­ւանդ` հա­յու­թեան ճա­կա­տագ­րով եւ ըսաւ. «Սուր­իոյ երկ­րին ու ժո­ղովր­դին կ՛ու­զեմ մաղ­թել վա­ղուց սպաս­ուած խա­ղա­ղու­թիւնը, կա­յու­նու­թիւնը, ազ­գա­յին հա­մե­րաշ­խու­թիւնը, որ­պէս­զի դուք կա­րո­ղա­նաք Ձեր այս­տեղ ապ­րե­լով, ապ­րեց­նեք մեր ժո­ղովրդի նա­հա­տակ­ուած զա­ւակ­նե­րի յուշն ու իղ­ձե­րը»:

Ապա բեմ բարձ­րա­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Կի­լիկ­եան թան­գա­րա­նի փոխ­տե­սուչ Հո­գեշ­նորհ Տէր Պա­րոյր Աբե­ղայ Շէր­նէզ­եան, որ իր պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լով ըսաւ. «Յա­նուն Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ ար­ժա­նա­ըն­տիր գա­հա­կալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայ­րա­պե­տին, կը փո­խան­ցեմ հայ­րա­պե­տա­կան ող­ջոյն­ներն ու օրհ­նու­թիւնը դա­մաս­կա­հա­յութ­եան, որ հա­կա­ռակ դժ­ուար կա­ցու­թեան եւ նեղ պայ­ման­նե­րուն այս սրա­հին մէջ հա­ւաք­ուած կու գայ իր պարտ­քը տա­լու 1.5 միլի­ոն զոհ­ուած իր նա­խա­հայ­րե­րուն»:

Հո­գեշ­նորհ Տէր Պա­րոյր Աբե­ղայ Շէր­նէզ­եան շեշ­տեց, որ իւ­րա­քան­չիւ­րիս սր­տին մէջ տա­կա­ւին կը վա­ռի պայ­քա­րի ջա­հը: Եւ երբ այդ ջա­հե­րը քով-քո­վի գան կը դառ­նան մի­ա­կամ մի­ա­հա­մուր, այն ժա­մա­նակ քով-քո­վի եկած ջա­հե­րը կը դառ­նան կրակ ու բոց: Ապա Հո­գեշ­նորհ Տէր Պա­րոյր Աբե­ղայ Շէր­նէզ­եա­նը «Պահ­պա­նիչ»ով փա­կեց ձեռ­նար­կը եւ օրհ­նեց ներ­կա­նե­րը: