kantsasar.com – 2013-ի ձմե­ռը ծան­րա­քայլ հե­ռա­ցաւ Քե­սա­պէն, ծի­ծեռ­նակ­նե­րը իրենց երա­զա­յին թռիչ­քով, աւե­տե­ցին գար­նան ժա­մա­նու­մը, Արա­րատ­եան դաշ­տի բնա­կիչ արա­գիլ­նե­րու երա­մը, ողո­ղեց Կասի­ոս լե­րան եր­կին­քը, որոնց երկ­նա­յին ճամ­բան, ամէն տա­րի բնազ­դա­բար կ’ուղ­ղէ այդ ան­մեղ էակ­նե­րը դէ­պի մա­սի­սա­շունչ բնա­գա­ւա­ռը, ուր ամե­նայն հպար­տու­թեամբ կ’ար­տա­սան­ուի Պա­րոյր Սե­ւա­կի «Մենք քիչ ենք, սա­կայն մեզ հայ են ասում» ոտա­նա­ւո­րը, իրենց հետ բե­րե­լով հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի փա­ռա­պանծ պատ­մու­թեան ող­ջոյ­նը եւ 1915-ի գար­նան ցե­ղաս­պա­նութեան տխուր յի­շա­տա­կը: Բնաջըն­ջու­մի ձա­խող փոր­ձը ազ­գի մը, որուն ծա­գու­մը օծ­ուած է «ՀԱ­ՒԱՏՔ»ով, իր հա­զա­րա­ւոր դա­րե­րու գո­յու­թեան եւ յա­րա­տեւ­ման, մին­չեւ ժա­մա­նակ­նե­րու վախ­ճա­նը, շնոր­հիւ իր հայ­կա­զուն որ­դի­նե­րու անն­կուն եւ հզօր կամ­քին. «ՅՈՅՍ»ով իր գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն, հայ­րե­նի­քի գե­ղե­ցիկ ապա­գան կեր­տե­լու եւ «ՍԻՐ»ով ապ­րե­լու տի­ե­զե­րա­կան կեան­քը, հա­կա­ռակ բո­լոր դժ­բախ­տու­թիւն­նե­րուն եւ արիւ­նա­լից անց­եա­լին:

Յի­շա­տա­կի կա­տա­րու­մը սկ­սաւ, ըստ Քե­սա­պի մէջ ըն­դուն­ուած կար­գին, Հայ Աւետ. Ս. Եր­րոր­դու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2013-ի առա­ւօտ­եան ժա­մը 11-ին, ուր ներ­կայ էին Քե­սա­պի Երեք Հա­մայն­քա­պե­տե­րը, ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու բո­լոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ան­շուշտ հա­մայն քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը, եւ նա­եւ, երկ­րիս ներ­կայ դժ­ուար պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով Քե­սապ գտ­նուող տասն­եակ մը հա­յոր­դի­ներ:

Պատ­ուե­լի Սե­ւակ Թրաշ­եան հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը մէկ վայրկ­եան յոտնկայս յար­գե­լու հայ եւ Սուր­իոյ նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը: Ապա բաց­ման խօս­քին մէջ թե­լադ­րեց, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն, երբ կանգ­նի նա­հա­տակ­նե­րու յու­շա­կո­թո­ղին դի­մաց իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լու, ար­ժե­ւո­րում ու քն­նար­կում կա­տա­րէ, թէ ինչ ըրեր է անց­եալ 365 օրե­րու ըն­թաց­քին, հա­յա­պահ­պան­ման վեհ ծրագ­րին, եւ որ­քա­նով պա­հեր է մեր աստ­ուա­ծա­տուր լե­զուն, մշա­կոյ­թը, դպ­րոց­ներն ու եկե­ղե­ցի­նե­րը, նոր սե­րուն­դին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան դրօ­շը փո­խան­ցե­լով, ու շեշ­տեց որ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ներշն­չում­նե­րը եւ խօս­քե­րը չմ­նան զգա­ցա­կան ապ­րում­նե­րու ծի­րէն ներս, այլ` վե­րած­ուին ծրագ­րի եւ ռազ­մա­վա­րու­թեան, պա­հե­լու հա­մար հայ ազ­գը (Սփիւռք եւ հայ­րե­նիք) ի խն­դիր մեր իրա­ւունք­նե­րուն եւ ար­դար դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան իրա­կա­նաց­ման:

Բաց­ման խօս­քէն ետք, հա­մա­ձայն յայ­տա­գի­րին, հրա­ւի­րեց մի­աս­նա­բար եր­գե­լու «Հայ զի­նուո­րի մօր եր­գը», ապա տիկ. Սիլ­վի Աբէլ­եան-Ճղլ­եա­նը աս­մուն­քեց Հա­մօ Սահ­եա­նի «Հա­յե­րէն են գա­լու դա­րերդ» ոտա­նա­ւո­րը: Զու­լալ Պոյ­մու­շագ­եան, Ռազ­միկ Մել­քոն­եան եւ Վա­հան Սաղտճ­եան մի­աս­նա­բար կա­տա­րե­ցին «Տլէ Եա­ման» եւ «Օտա­րու­թիւն» եր­գե­րը երաժշ­տութ­եան ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:

Օր­ուան բա­նա­խօսն էր Արժ. Տ. Միւ­ռոն Քհնյ. Աւե­տիս­եա­նը, որ պատ­մա­կան ակ­նարկ մը տուաւ թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան արիւ­նա­լից անց­եա­լէն, նկատ­մամբ հայ ժո­ղո­վուր­դին, սկս­եալ 1884-1923 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ եր­կա­րող տա­րի­նե­րուն, ինչ որ կը նկատ­ուի 20-րդ դա­րու մարդ­կութ­եան առա­ջին մե­ծա­գոյն Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, խլե­լով եր­կու միլի­ոն ան­պաշտ­պան հա­յե­րու կեան­քը. ու ներ­կա­յիս թուր­քը կը ժխ­տէ եւ կը փոր­ձէ հա­մո­զել հա­կա­ռա­կը աշ­խար­հին, այ­սօր երբ ահա­բե­կիչ­նե­րու մա­սին կը խօս­ուի ամէ­նու­րեք, որ խուլ կը մնայ մի­ջազ­գա­յին ատ­եա­նը մէկ ու կէս միլի­ոն ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու ար­եան դի­մաց: Ան ըսաւ «որ­պէս ազգ եր­բեք պի­տի չթո­ղունք որ հայ­կա­կան հար­ցը հո­գե­վարք ապ­րի, այ­լեւս ժա­մա­նակն է նոյ­նիսկ ապ­տա­կե­լու մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի երե­սին, որով­հե­տեւ ար­դէն հա­րիւ­րամ­եա­կի լրու­մին կը մօ­տե­նանք եւ ամ­բողջ մէկ դար բա­ւա­րար չե­ղաւ կա­տար­ուա­ծին իրա­ւա­կան ճշգ­րիտ գնա­հա­տա­կա­նը տա­լու»:

1915 Ապ­րիլ 24-ի արե­ւա­ծա­գին երիտ­թուր­քե­րը, հա­մա­ձայն կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­մա­նին, կ’անց­նին նա­խա­պէս մշակ­ուած ծրագ­րի իրա­կա­նաց­ման: Կը սկ­սի հայ ժո­ղո­վուր­դի սպան­դը, «մի­ջազ­գա­յին յան­ցա­գոր­ծու­թիւն» մը` որ իր նպա­տակ­նե­րով, չա­փե­րով ու ձե­ւե­րով մինչ այդ ան­յայտ էր քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին: Թուրք­ի­ան կը կո­տո­րէր ժո­ղո­վուրդ մը, որ մե­ծա­պէս նպաս­տած էր Թուրք­իոյ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, թատ­րո­նի, տպագ­րա­կան գոր­ծի եւ ար­հեստ­նե­րու զար­գաց­մա­նը:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի թշ­նա­մին կ’ու­զէ մեզ տես­նել ընկճ­ուած եղեռ­նէն ու ջար­դէն, թա­լա­նէն ու գաղ­թէն յու­սա­հա­տած, քայ­քայ­ուած ու վհա­տած, հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին հա­յը կ’ապ­րի հպարտ, մեծ համ­բե­րու­թեամբ, տո­կու­նու­թեամբ եւ լա­ւա­տե­սու­թեան ձըգ­տու­մով, եւ իր ար­դար դա­տի լու­ծու­մը տես­նե­լու ցան­կու­թեամբ: 1915-ի ջար­դին են­թարկ­ուած ժո­ղո­վուր­դը նո­րէն ոտ­քի կը կանգ­նի պող­պատ­եայ կամ­քով:

Մեր ժո­ղո­վուր­դի առաս­պե­լա­կան տո­կու­նու­թեան մա­սին խօ­սած ատեն անգլ­ի­ա­ցի պատ­մա­բան` Էմիլ Տի­լո­նը կ՛ըսէ. «Հա­յե­րը լա­ւա­տես են այն­պի­սի իրադ­րու­թիւն­նե­րու մէջ, որոնք յու­սա­հա­տու­թեան կը մատ­նեն որու որ ըսես:

Տէր Միւ­ռո­նին խորհր­դա­ծու­թիւնը հա­րուստ էր աղէ­տէն վե­րըն­ձիւ­ղած հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու եւ գրա­գէտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս Թու­ման­եա­նի «ես առաջ եմ գա­լու… մի արիւ­նոտ հո­ղից, մի անօ­րի­նակ զար­հու­րե­լի պատ­մու­թիւ­նից, մի յօ­շոտ­ուած ժո­ղո­վուր­դից», եւ Սի­ա­ման­թո­յի սգա­ւոր եւ ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի շե­փո­րա­հար խօս­քը որ կը գրէ. «Օ՜ չի սոս­կաք, երբ ան­պատ­մե­լի պատ­մու­թիւնս ձե­զի պատ­մեմ…»:

Ան կոչ ուղ­ղեց հայ­կա­կան դա­տին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կառ­չե­լու ի յար­գանք նա­հա­տակ­նե­րուն ար­եան կան­չին եւ կա­րե­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հզօ­րա­ցու­մը ու հայ ազ­գի գո­յա­տեւ­ման եւ շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ` առա­ւել հա­յա­նա­լու, հա­յու­թեան տե­սիլք­նե­րով ապ­րե­լու եւ գոր­ծե­լու, մեր մեծ երազ­նե­րու հան­դէպ մեր հա­ւա­տար­մու­թիւնը եւ անոնց գոր­ծադ­րու­թեան ի տես մեր առա­ւել պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը յայտ­նե­լու:

Ապա դարձ­եալ ժո­ղո­վուր­դը մի­աս­նա­բար եր­գեց «Տէր Ողորմ­եա» շա­րա­կա­նը:

Փակ­ման խօս­քը կա­տա­րեց Գե­րա­պա­տիւ Հայր Գա­րե­գին Վրդ. Քէ­օշ­քէր­եա­նը, եզ­րա­փա­կե­լով օր­ուան հան­դի­սու­թիւնը, շեշտ դրաւ կառ­չած մնա­լու մեր ար­դար դա­տի հե­տապնդ­ման եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան, անդ­րա­դար­ցաւ մեր Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի սար­սա­փե­լի վտան­գի եւ յար­ձա­կում­նե­րուն մա­սին, եւ թէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան 100-ամ­եա­կի սե­մին թուր­քը մտադրած է քան­դել եւ բնաջն­ջել Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դը, բայց Աս­տու­ծոյ կամ­քով յաղ­թա­կան դուրս պի­տի գայ մի­աս­նա­բար պայ­քա­րե­լով եւ հա­ւա­քա­բար աղօ­թե­լով:

«Հայր մեր»ով եւ «Կի­լիկ­իա» քայ­լեր­գով փակ­ուե­ցաւ օր­ուան սգա­հան­դէ­սը: Ապա քայ­լար­շա­ւով ուղղ­ուե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դը դէ­պի յու­շար­ձան, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու ու ծաղ­կե­փուն­ջե­րու զե­տե­ղում եւ կա­տար­ուե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն:

Սօսի Կարճիկեան