«Արեւն ելաւ, զէյթունցիներ, դեհ, ձի հեծնենք առնենք զէնքեր դիմենք առաջ: Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ գլուխ ծռենք բըռնաւորին մեր վիզ պարզած»:
Հայկազնեան ժողովուրդի պատմութիւնը լեցուն է Մովսէս Խորենացի պատմահօր բառերով այնպիսի «արութեան գործեր»ով, որոնք մեր հայրենիքը պահեցին անվթար ու զօրեղ` հին աշխարհի մեծ կայսրութեանց դիմաց: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը էապէս գոյապայքար ու հաւատամարտ է եղած եւ է՛, ո՛չ թէ սոսկ գոյատեւելու պայքար, այլ ստեղծագործ գոյութեան յարատեւ ճիգ մը եղած է հայու կեանքը:
1862-ի օրերուն էր, երբ քաջազուն զէյթունցիք միասնակամութեամբ եւ բռնցքաւորումով ապըստամբեցան եւ ազգային ազատագրական պայքարի յաղթապանծ վեհ դրօշը բարձրացուցին` իրենց անուններն ու յաղթանակը ոսկեայ տառերով արձանագրելով Հայոց Պատմութեան լուսամատեանին մէջ: Անոնք հեգնեցին մահը եւ նախընտրեցին միանգամընդմիշտ մեռնիլ Ազգին, Հայրենիքին ու հաւատքին համար, քան թէ ապրիլ մեռած հաւատքին ու ազգութեան ստուերին մէջ, աւերակուած, սրբապղծուած սրբարաններու անարգանքին մէջ, մթագնած հոգիի խաւարին մէջ, վաղանցուկ ու սին բարքերու ապականութեան մէջ, լուսահեղձ միտքի կուրութեան մէջ®:
Կիրակի, 5 Մայիս 2013-ին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` ի յիշատակ 20-րդ դարու ընթացքին Զէյթունի նահատակ հերոսներուն: Պատարագը մատուցեց Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան նախագահ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանը, իսկ օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեանը, որ բնաբան ընտրած էր «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (Գրծ 20.35) աստուածաշնչական համարը: Սրբազան Հայրը լայնօրէն բացատրեց «տալ» եւ «առնել» բառերուն տարբերութիւնը եւ ապա մատնանշեց ըսելով. «Աստուած մարդասէր եւ առատագութ Հայր մը ըլլալով, իւրաքանչիւրիս տուած է շնորհք մը եւ կարողութիւն մը: Առ այդ, քրիստոնեան չի՛ կրնար անձնակեդրոն ու եսասէր մէկը ըլլալ, որովհետեւ այն ինչ որ տրուած է իրեն Հօր Աստուծմէ, պէտք է առատապէս բաշխէ եւ օգտակար դառնայ իր նմանակիցներուն, իրմէ նուազ կարողութիւն ունեցողներուն, անկարներուն եւ աղքատներուն…»: Հոգեցունց իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, թէ մերօրեայ կեանքին մէջ անձնասիրութիւնը բոյն դրած է մեր սրտին եւ հոգիին ներքեւ, որ տեւական տագնապի եւ խռովքի մէջ կը պահէ մարդկութիւնը, կը վերացնէ փոխադարձ սէրն ու յարգանքը, կը խախտէ փոխադարձ վստահութիւնը, կը չքացնէ խաղաղութիւնը եւ աշխարհի վրայ կեանքը բոլորովին կը շեղէ իր բուն ընթացքէն ու նպատակէն` զայն վերածելով անստուգութեան ու անձկութեան մատնըւած խռովայոյզ կեանքի մը, փոխանակ ապահովութեան եւ խաղաղութեան, բարեգործութեան ու իրերօգնութեան մէջ ծաղկող երանական երջանիկ կեանքի մը:
Յաւարտ Ս. եւ անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` ի յիշատակ մթաստեղծ ու կենսակործան ցեղասպանութեան զոհ գացած Զէյթունցի ու համակ հայ ժողովուրդի նահատակներուն: Հոգեհանգիստի ընթացքին ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը եւ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Երեք Համայնքապետերը, հոգեւորականաց դասը եւ ներկայ հաւատաւորները ուղղուեցան շրջափակ, ուր Ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ` ի յիշատակ Ապրիլեան Եղեռնի եւ Սուրիական Հայրենիքի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիահայ եւ համայն հայ ազգի անմեռ զոհերուն:
Յետ ծաղկեպսակի զետեղումին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեանին, կազմակերպութեամբ Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիսութիւն: Ներկայ էին համայնքապետերը, զանազան միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ «Զէյթունի» քայլերգով: Յանուն Զէյթունի հայրենակցական միութեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ տիար Սեւակ Սիսեռեանը: Յարգելի հանդիսավարը իր խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Զէյթունի ժողովուրդի մղած քաջարի հերոսամարտին` ընդդէմ ցեղասպան թուրքին: «Զէյթունցին կը պաշտպանէր իր տունն ու ընտանիքը, իր պատիւն ու ազգութիւնը եւ մեծ յարգանք կը տածէր իր նահատակներու սրբազան մասունքներուն նկատմամբ: Զէյթունցին կը հաւատար, որ նահատակութիւնը ինքնապատակ չէր, այլ` մղոնաքար մըն էր, որ զինք կ՛առաջնորդէր դէպի յաղթանակ: Գիտակցուած նահատակութիւնն էր, որ Զէյթունցին պահեց դարեր շարունակ®: Իմացեալ մահը անմահութիւն է, իսկ իմացեալ նահատակութիւնը` յաղթանակ: Այսպիսի հերոսներու ոգեկոչումն էր, որ կատարեցինք քիչ առաջ: Մենք այս գիտակցութեամբ տոկացինք դարեր շարունակ, եւ այս սկզբունքով հայ ժողովուրդը կերտեց իր Մայիս 28-ը, անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Շուշիի սխրանքը եւ իբրեւ դարերու ճամբորդ իր յաղթական երթը: Փառք ու պատիւ ազատութեան ճանապարհին ինկած բոլոր նահատակներուն», ըսաւ յարգելի Սիսեռեանը:
Երէցկին Սեդա Շաքարեան-Զաքարեանը իր գեղգեղուն ու թովիչ ձայնով մեներգեց «Յուշարձաններ» երգը, իսկ օրդ. Ազնիւ Արապեանը հակիրճ, բայց իմաստալի տողերու մէջ ներկայացուց Զէյթունի հերոսամարտի ապստամբութեան պատմական հոլովոյթը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ հայորդիներուն, որոնք համախմբուած էին` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու համար Զէյթունի նահատակներու անմար յիշատակին առջեւ: «Այնքան ատեն որ Զէյթունցիները կը յիշեն իրենց նախահայրերն ու նահատակները, իրենց հայրենիքն ու անցեալը` նահատակներու խորհուրդին առջեւ հաւաքաբար աւելի եւս կ՛ամրա-պընդուին, կը զօրանան ու կը միաւորուին…: Հայրենի հողը կրնայ մեր ոտքի տակը չըլլալ, բայց հայրենիքը մեր մէջն է: Հայրենիքո՛վ կ՛ապրինք եւ հայրենիքին հետ կ՛ապրինք ամէնուրեք: Աշխարհագրութիւն եւ ժողովրդագրութիւն կրնան փոխուիլ, բայց վայ այն ժողովուրդին, որ իր արմատները, իր անցեալը, իր ինքնութիւնը, իր նահատակներու պանծալի ներկայութիւնը կը մոռնայ…», մատնանշեց Սրբազան Հայրը:
Նահատակներու ոգեկոչման ազգայնաշունչ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ օրհնութեամբ:
Ալեքսան Սրկ. Գալայճեան