kantsasar.com – Մարդ արա­րա­ծը կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան շատ ան­գամ նե­ղու­թիւն­նե­րու կը հան­դի­պի, տագ­նա­պի կը մատն­ուի, եր­բեմն անել կա­ցու­թեան մէջ կը գտն­ուի եւ յա­ճախ տխուր պա­հեր կ՛ապ­րի: Հա­կա­ռակ այս դառն իրո­ղու­թեան մար­դը ի՛ր իսկ հայ­եաց­քով կը փոր­ձէ յոյ­սով լու­սա­շող ապա­գայ կեր­տել` պատ­ուա­բեր ձեռք­բե­րում­ներ ապա­հո­վե­լու ակն­կա­լու­թեամբ: Առանց յոյ­սի ապա­գա­յա­տե­սիլ պատ­կե­րա­ցում­նե­րը անի­րա­գոր­ծե­լի կը դառ­նան, մար­դուն մտա­հո­րի­զո­նը կը սահ­մա­նա­փակ­ուի, եռան­դը կը սպա­ռի, կեան­քը ան­հե­թեթ կը թուի` կորսնց­նե­լով իր իմաս­տը, որա­կը եւ խոր­քը: Առանց յոյ­սի մար­դը պի­տի սեր­մա­նէր` հն­ձե­լու իղ­ձին ան­ծա­նօթ ըլ­լա­լով, պի­տի գոր­ծէր` յա­ջո­ղե­լու կամ­քէն զուրկ մնա­լով, պի­տի պայ­քա­րէր` յաղ­թե­լու նպա­տա­կէն հե­ռա­նա­լով, պի­տի աղօ­թէր` պա­տաս­խան ստա­նա­լու սպա­սու­մին կա­րե­ւո­րու­թիւնը ան­տե­սե­լով:

Յոյսն է, որ ներ­կան ապ­րե­լու եւ ապա­գա­յին նա­յե­լու մղում կու տայ, բա­րիք ակն­կա­լե­լու տրա­մադ­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ, նոյ­նի՛սկ երբ մթագ­նած մթ­նո­լոր­տով եւ մշու­շա­պատ պատ­կե­րով ըլ­լայ առօր­եան: Յոյ­սով է, որ ամե­նա­զօր Տի­րոջ ի խո­րոց սր­տի կ՛ըսենք` «Եղի­ցին կամք քո», որով­հե­տեւ անոր կամ­քը բա­րի, ըն­դու­նե­լի եւ կա­տար­եալ է (Հմմտ Հռ 12.2), ինչ­պէս նա­եւ` ան­դառ­նա­լի, ան­փո­փոխ եւ անստ­ուեր (Հմմտ Յկ 1.17):

Կեան­քի իւ­րա­քան­չիւր քայ­լա­փո­խին հարկ է յոյ­սով ըն­թա­նալ: Քրիս­տո­ն­է­ա­կան ապ­րե­լա­կեր­պին ար­տա­յայ­տիչ­նե­րէն է յոյ­սով ապ­րի­լը:

Ար­դա­րեւ, ամ­բողջ Աստ­ուա­ծա­շունչ մատ­եա­նը յու­սադ­րող, յոյս ներշն­չող, քա­ջա­լե­րող եւ քա­ջա­սիրտ ըլ­լա­լու հրա­ւի­րող պատ­գամ­ներ կը բո­վան­դա­կէ, առաք­եա­լին վկա­յու­թեամբ` Սուրբ գիր­քին մե­զի պար­գե­ւած քա­ջա­լե­րան­քով յոյս կ՛ու­նե­նանք (Հմմտ Հռ 15.4): Ահա­ւա­սիկ խօս­քին ներ­գոր­ծող զօ­րու­թիւնը, որուն շնոր­հիւ տրտ­մած հո­գին կը մխի­թար­ուի, խռո­ված սիր­տը կը խա­ղա­ղի: Երան­կա­յի­շա­տակ Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոս յոյ­սին առն­չու­թեամբ ու­շագ­րաւ սահ­մա­նում կա­տա­րե­լով զայն կը բնո­րո­շէ որ­պէս «գերբ­նա­կան առա­քի­նու­թիւն»:

Կեն­սա­կան է յոյ­սով ապ­րի­լը, որով սփո­փա­րար խօս­քը կ՛ու­նե­նայ խոր ապ­րում, ծա­ռա­յու­թիւնը` պտղա­ռատ ըն­ծա­յում, յոգ­նա­բեկ եր­թը` յա­ջո­ղակ պսա­կում եւ խա­չի ճա­նա­պար­հը` յա­րու­թեան աւե­րում: Յոյ­սը չեղ­եալ հա­մա­րե­լով կար­ծէք մար­դուն ապ­րե­լու, գո­յա­տե­ւե­լու եւ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան ձգ­տե­լու աստ­ուա­ծա­տուր իրա­ւունքն է որ յափշ­տա­կած կ՛ըլ­լանք: Հայ ժո­ղո­վուր­դին աղօ­թա­սաց սուր­բե­րը, շա­րա­կա­նա­գիր հայ­րե­րը, հան­ճա­րեղ գրող­նե­րը եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն դար­ձու­ցին յոյ­սին, զայն նկա­տե­լով առա­քի­նի մար­դուն յատ­կան­շա­կան վար­քա­գի­ծէն մին, այդ­պի­սով մաս­նա­ւո­րե­ցին յոյ­սին նշա­նա­կու­թիւնը` շեշ­տե­լով անոր գոր­ծօն դե­րը մար­դա­կերտ­ման մէջ:

Յոյ­սով ապ­րող մար­դը ընդ­միշտ պատ­րաս­տա­կամ է սպա­սե­լու Աս­տու­ծոյ կամ­քի կա­տա­րու­մին տե­ւա­բար կ՛ակն­կա­լէ բա­րու­թեան տա­րա­ծու­մը, խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տու­մը եւ ար­դա­րու­թեան հռ­չա­կու­մը: Յոյ­սին սահ­մա­նա­գի­ծը երբ ընդ­լայ­նի` ապա­գա­յին նա­յե­լու, ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու եւ խն­դիր­ներ լու­ծե­լու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը օրէ օր կ՛աճի…

Բո­լորս ալ որ­պէս սուր­ի­ա­ցի քա­ղա­քա­ցի­ներ կ՛ապ­րինք դժ­ուար ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ: Մե­զի ներ­կա­յա­ցող փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դէմ դնե­լու եւ ան­պար­տե­լի մնա­լու հա­մար կո­չեր կ՛ուղղ­ուին եւ յոր­դոր­ներ կը փո­խանց­ուին. Ուս­տի, յոյ­սի նշոյլ­ներ գտ­նե­լու պա­տե­հու­թիւն­նե­րը երե­ւա­կա­յա­կան կամ անտ­րա­մա­բա­նա­կան կա­րե­լի չէ հա­մա­րել: Ս. Օգոս­տի­նոս իր խորհր­դա­ծութ­եան մէջ կ՛ըսէ. «Ծո­վը ինչ­քան ալ ալե­կոծ ըլ­լայ` ան­պայ­մա­նօ­րէն եզերք մը կ՛ու­նե­նայ»: Աղօ­թա­սէր մար­դիկ կը սպա­սեն որ կանգ առ­նէ հա­կա­ռա­կու­թիւնը, վերջ գտ­նէ ծայ­րա­յե­ղու­թիւնը, դադ­րի խռո­վու­թիւնը եւ վերս­տին հաս­տատ­ուի խա­ղա­ղու­թիւնը: Ու­րիշ­ներ ալ լա­ւա­տե­սու­թեամբ կ՛ըսեն. «Սեւ ամ­պե­րը վս­տա­հա­բար պի­տի փա­րա­տին եւ եր­կի­րը իր նախ­կին վի­ճա­կին պի­տի դառ­նայ»: Նման յու­սադ­րիչ խօս­քեր աղօ­թա­ձայն բար­բա­ռով կ՛ար­տա­բեր­ուին խա­ղա­ղու­թեան ծա­րաւ հո­գի­նե­րէն: Հաս­տա­տուն կեր­պով յոյս ու­նե­ցող­ներ անդրդ­ուելի­օ­րէն կ՛անց­նին «Խա­չի ճա­նա­պար­հէն» յա­րու­թեան տե­սիլ­քով: Այդ­պէս եղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ողջ պատ­մու­թիւնը: Հա­յը մնաց ան­թա­ղե­լի, հա­կա­ռակ սաստ­կա­ցող հա­լա­ծանք­նե­րուն, խո­չըն­դո­տող ար­գելք­նե­րուն եւ թու­նա­լից հար­ուած­նե­րուն. աւե­լի՛ն «Իմաց­եալ մահ»ուան ճշ­մար­տա­շունչ խոր­հուր­դով Պօ­ղոս առաք­եա­լին հետ գո­չեց` «Թող մե­ռած սե­պեն մեզ. մենք ահա կեն­դա­նի ենք» (Բ. Կր 6.9)

Յոյ­սով կը մտա­բե­րենք Աս­տու­ծոյ ճոխ եւ փա­ռա­ւոր խոս­տում­նե­րը (Հմմտ Եփ 1.18) զա­նոնք մեր սր­տին մէջ կը պա­հենք որ­պէս ու­րա­խու­թեան աղ­բիւր եւ սաղ­մո­սերգ­ուին հետ կ՛ըսենք. «Քու խոս­տու­մովդ կը ցն­ծամ, այն մար­դուն պէս` որ մեծ գանձ կը գտ­նէ» (Սղ 119.162):

Աշ­խար­հի ալե­կոծ ծո­վին մէջ նա­ւար­կե­լու հա­մար յոյ­սով կը դի­մենք «Բա­րի նա­ւա­պե­տին», որ կ՛առաջ­նոր­դէ դէ­պի խա­ղաղ նա­ւա­հան­գիստ:

Կեան­քի ըն­թաց­քին բարդ վի­ճակ­ներ, մտա­տան­ջող կա­ցու­թիւն­ներ եւ տագ­նա­պա­լից հանգր­ուան­ներ կան, բայց Քրիս­տո­սի խօս­քը մեր յոյ­սը բազ­մա­պատ­կող եւ ան­խախտ պա­հող ու­ժա­կա­նու­թեամբ կ՛ըսէ. «Ամէն ինչ կա­րե­լի է անոր հա­մար` որ կը հա­ւա­տայ» (Մր 9.23):

Յոյ­սով ապ­րինք, ինչ­քան ալ մութ, պղ­տոր եւ անո­րոշ երե­ւին մեր կեան­քի օրե­րը: Չէ՞ որ օձի թոյ­նէն դեղ կը շին­ուի: Մի­թէ Աստ­ուած կա­րող չէ՞ նե­ղութեան ընդ­մէ­ջէն փր­կու­թեան ելք յայտ­նել մար­դուն: Պօ­ղոս առաք­եալ կը յի­շեց­նէ, որ Աստ­ուած բարի­ին գոր­ծա­կից է (Հմմտ Հռ 8.28): Բա­րի ծրա­գիր չէ՞ր փր­կա­գոր­ծու­թիւնը, որ Աս­տու­ծոյ ցու­ցա­բե­րած սի­րոյն սր­բա­զան պատ­մու­թիւնն է: Աստ­ուած-մարդ յա­րա­բե­րու­թեան լոյ­սին տակ պարզ­ուե­ցաւ, որ Աստ­ուած չ՛ու­զէր մար­դուն կո­րուս­տը: Ահա թէ ին­չո՛ւ Ան իր սէ­րէն մղ­ուած փր­կու­թեան ծրա­գիր պատ­րաս­տեց, օրէնք­ներ սահ­մա­նեց, հո­գե­ւոր ճշ­մար­տու­թիւն­ներ հաս­տա­տեց, մար­գա­ր­է­ա­կան վկա­յու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց, շնորհք­ներ, խոս­տում­ներ եւ օրհ­նու­թիւն­ներ տուաւ: Ան փր­կու­թեան հրա­ւի­րեց ո՛չ միայն կո­րուս­տի ճամ­բուն մէջ գտ­նուող­նե­րը, այլ` կորս­ուած­նե­րը (Հմմտ ղկ 19.10), վերս­տին կեան­քի կո­չեց ո՛չ միայն մա­հա­բեր ըն­թացք ու­նե­ցող­նե­րը, այլ` հո­գե­ւո­րա­պէս մե­ռած­նե­րը (Հմմտ Եփ 2.4-5). տա­կա­ւին` հաշ­տու­թեան ուխ­տը կն­քեց (Հմմտ Կղ 1.20), մար­դուն մար­մի­նը պատ­ուեց` զայն Ս. Հոգիի տա­ճա­րի վե­րա­ծե­լով (Հմմտ Ա. Կր 6.19) եւ Իր խնամ­քին ներ­քեւ պա­հե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը յայտ­նեց (Մր 28.20):

Յոյս ու­նե­ցո­ղը տրտ­մու­թեան եւ տխ­րու­թեան, դժ­ուա­րու­թեան եւ դառ­նու­թեան ժա­մա­նակ կը մնայ ժայ­ռի վրայ շին­ուած տու­նին նման ան­խոր­տա­կե­լի (Հմմտ Մտ 7):

Յոյ­սով ըն­թա­նանք խա­չի ճա­նա­պար­հէն` ի սէր Քրիս­տո­սի եւ ի պա­տիւ Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին:

Վս­տահ եմ, որ սուր­ի­ա­հա­յերս տագ­նա­պա­լի այս ժա­մա­նակ­նե­րուն, փոր­ձա­ռա­բար կր­ցանք մեկ­նա­բա­նել Պօ­ղոս առաք­եա­լին հե­տե­ւա­բար խօս­քը` «Ամէն տե­սակ նե­ղու­թիւն ու­նինք, բայց ընկճ­ուած չենք. տագ­նա­պի մատն­ուած ենք, բայց յու­սա­հատ չենք» (Բ. Կր 4.8):

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան