azator.gr – Գամիշլիի Մէջ Զոհուած Է 19ամեայ Հայ Երիտասարդ Մը

Մայիս 12ի երեկոյեան, Գամիշլիի մէջ զոհուած է 19ամեայ հայ գործունեայ երիտասարդ մը՝ Սագօ Մանուկեանը:

«Եռագոյն» կը հաղորդէ թէ հասարակական ցանցերով շրջանառուող այս ցաւալի լուրին մասին կան տարբեր վարկածներ, սակայն ամէնէն հաւանականը այն է, որ երիտասարդը զոհուած է իր զէնքը մաքրելու ընթացքին, սխալի պատճառով: Երիտասարդին մահը ցնցած է ամբողջ համայնքը:

Փութին եւ Նեթանիահու Սուրիոյ տագնապին
քաղաքական լուծում կ՛ուզեն, մինչ ԱՄՆ ճնշում կը բանեցնէ

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը՝ կողմնակի քաղաքական անդադրում բախումներու ալ պատճառ է: Այսպէս, մինչ Արեւմուտքը կը փորձէ իր մէջ համաձայնութիւն գոյացնել՝ Սուրիոյ ապստամբներուն զէնք ու զինամըթերք մատակարարելու հարցին շուրջ, անդին Իսրայէլ այդ հեռանկարին կապակցութեամբ իր ձայնը բարձրացուցած է: Նախապէս, Իսրայէլի վարչապետ Պենճաամին Նեթանիահու պաշտօնապէս յայտարարած էր, թէ իրենք պիտի միջամտեն ու արգիլեն զինամթերքի որեւէ մատակարարում, որ կրնայ անցնիլ ահաբեկիչներուն ձեռքը: «Սուրիոյ մէջ ճիհատականներ կան, հաւատաք կամ չհաւատաք: Ասոնք, աշխարհի վատթարագոյն իսլամապաշտներն են: Ուրեմն, բնականաբար մտահոգ ենք, որ զէնքի մատակարարումը խախտէ Միջին Արեւելքի մէջ՝ ուժերու հաւասարակշռութիւնը, եւ իյնայ ահաբեկիչներու ձեռքը: Եւ մենք մեզի կը վերապահենք ատիկա կանխելու իրաւունքը» ըսած էր իսրայէլացի վարչապետը:

Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեքշաբթի, Մայիս 14ին Իսրայէլի վարչապետ Պենճիամին Նեթանիահուն հիւրընկալած է Քրեմլինի մէջ, ու շարք մը այլ հարցերու կողքին՝ անոր հետ քննած է Սուրիոյ իրադարձութեանց վերջին զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք, երկու կողմերը շեշտեցին, թէ տագնապը իր բացասական հետեւանքները կ՛ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ եւ թէ աշխատանք պէտք է տարուի՝ անոր քաղաքական լուծում մը գտնելու համար:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Իսրայէլ վերջերս կոչեր կատարած էր Ռուսիոյ, որ արդիական հրթիռներ չյանձնէ Սուրիոյ, այդ հարցին մէջ յայտարարութին մը չկատարուեցաւ Երեքշաբթի օր:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Շուէտի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ հանդիպում կայացնելու շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացած է: Կը նախատեսուի, որ Քերի եւ Լաւրով քննեն Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողովի գումարման մանրամասնութիւնները:

Երկուշաբթի օր, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սպիտակ տան մէջ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմերընի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ առանց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի՝ փոխանցման հանգրուանի մը ուղղութեամբ ճնշումը պիտի շարունակուի: Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ հարցի լուծման մասնակից դառնալը Ռուսիոյ շահերէն կը բխի եւ անոր պարտաւորութիւնն է:

Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանական նկատեց, որ Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողովը յետաձգուի մինչեւ Յունիսի սկիզբ:

Իր կարգին, Լաւրով «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ «ժամանակաւոր կացութեանց ազդեցութեան տակ, Ռուսիա խորքային շարք մը հարցերու շուրջ իր կեցուածքները պիտի չփոխէ»՝ անհիմն համարելով այն տարաձայնութիւնները, թէ Արեւմուտքին հետ քուլիսներու ետին համաձայնութիւններ գոյացած են: Ան նշեց, որ իր երկիրը վճռակամ է յարգելու Սուրիոյ տուած եւ մասնաւորաբար հակաօդային պաշտպանութեան մարզին առնչուած խոստումները:

Լաւրով նշեց, որ «Հըզպալլա» Սուրիոյ մէջ չի կռուիր, այլ՝ շիի սրբավայրերը կը պաշտպանէ, աւելցնելով, որ փոխանցման կառավարութեան Ասատի մասնակցութեան կամ չմասնակցելուն վերաբերեալ Քերիի յայտարարութիւնը՝ «կապուած է ընդդիմութիւնը վարչակարգին հետ բանակցելու շուրջ համոզելու դժուարութեան հետ»: Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ տակաւին տարակարծութիւններ կան, մասնաւորաբար՝ Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի օրակարգին ու անոր մասնակից կողմերուն շուրջ: Ան նշեց, թէ Ռուսիա կը պնդէ, որ այդ խորհրդաժողովին մասնակցին նաեւ Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան, իսկ Ուաշինկթըն կը փորձէ մասնակիցներուն թիւը կրճատել եւ սահմանափակել այն երկիրներով, որոնք սուրիական ընդդիմութեան կը զօրակցին, որպէսզի խորհրդաժողովին նախապէս բանաձեւուած որոշումներ ներկայացուին:

Ամերիկացի ծերակուտական Ճան ՄըքՔէյն վարչակազմին կոչ ուղղեց Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու եւ սուրիական ընդդիմութեան ծանր զէնքեր մատակարարելու:

Օպամա իր կարգին շեշտեց, որ Ուաշինքթըն առաւել ճնշում պիտի բանեցնէ Սուրիոյ իշխանութեան վրայ եւ պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը՝ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ընդիմութեան ոչ ծայրահեղ ուժերուն։

Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հրթիռ Ինկած է.
Կան Զոհեր. Մէկ Հայ Թեթեւ Վիրաւորուած է

Հալէպի հայաշատ Սուլէյմանիէ թաղամասի մէջ, Մայիս 14-ի յետմիջօրէին, դարձեալ հրթիռ մը ինկած է, զոհուած է երկու մարդ, թեթեւ վիրաւորուած է հայ մը, որուն անունը չի հրապարակուիր։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Հալէպի մեր հաւաստի աղբիւրները։

Հրթիռը ինկած է դիմացը «Սալլում» հիւանդանոցին, որուն պատշգամին կանգնածը եղած է զոհերէն մէկը, իսկ երկրորդ զոհը՝ փողոցի անցորդը. հրթիռը նաեւ նիւթական վնասներ հասցուցած է հիւանդանոցին։