yerakouyn.com – Մայիս 12-ի երեկոյեան, Գամիշլիի մէջ զոհուած է 19- ամեայ հայ գործունեայ երիտսարդ՝ Սաքօ Մանուկեան։
Հասարակական ցանցերով շրջանառուող այս ցաւալի լուրի մասին կան տարբեր վարկածներ, սայկայն ամենահաւանականը այն է, որ երիտասարդը զոհուած է իր զէնքը մաքրած ժամանակ սխալ թոյլ տալու պատճառով։
Երիտասարդի մահը ցնցած է ողջ համայնքը։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը նոյնպէս իր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալի ծնողներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ընկերներուն։