yerakouyn.com – Հալէպի հայաշատ Սուլէյմանիէ թաղամասի մէջ, Մայիս 14-ի յետմիջօրէին, դարձեալ հրթիռ մը ինկած է, զոհուած է երկու մարդ, թեթեւ վիրաւորուած է հայ մը, որուն անունը չի հրապարակուիր։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Հալէպի մեր հաւաստի աղբիւրները։

Հրթիռը ինկած է դիմացը “Սալլում” հիւանդանոցին, որուն պատշգամին կանգնածը եղած է զոհերէն մէկը, իսկ երկրորդ զոհը՝ փողոցի անցորդը, հրթիռը նաեւ նիւթական վնասներ հասցուցած է հիւանդանոցին։