kantsasar.com – Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, երբ դարձեալ ազգովին կը հաղորդուինք մեր նահատակներուն ապրող ու ապրեցնող ներկայութեամբ, երբ դարձեալ ժամադրուած ենք մեր նահատակներուն հետ, իրենց հաւատքի ջերմութեամբ, կամքի զօրութեամբ եւ մանաւանդ արեան վկայութեամբ մեր կեանքը թրծելու, անոնց ձայնն է, որ կը լսենք մեր հոգիներուն ականջներէն ներս, որ իւրաքանչիւրիս կը հրաւիրեն խոր գիտակցութեամբ եւ իմաստութեամբ լսելու իրենց պատգամը եւ վերանորոգելու մեր ուխտը:
Երբ բանանք Աստուածաշունչ մատեանը եւ կարդանք մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, արդեօք պիտի հանդիպինք էջի մը, որուն մէջ չենք տեսներ արեան գնով վկայելու` հաւատքի, քաջութեան, եւ համոզումի մասին: Տառապանքի ճամբով քրիստոնէական հաւատքը խորացուցած ու գիտակից վկայութեամբ իրենց կեանքին մէջ ապրած մեր բոլոր սուրբերը քաջ գիտէին, թէ քրիստոնէական հաւատքը վկայութեան հաւատք է, որովհետեւ ան սրբագործուած է Քրիստոսի արիւնով եւ Յարութեամբ: Ապրիլ այդ հաւատքը կը նշանակէր վկայել այդ հաւատքի իսկութեան մասին: Ապրիլ քրիստոնէական հաւատքը կը նշանակէր` քալել խաչի ճանապարհէն, խաչեալին հետքերով:
Այսպէս ապրեցան եւ այսպէս ըմբռնեցին իրենց քրիստոնէական հաւատքը առաջին դարերու քրիստոնեաները: Վկայութիւն` գործով եւ նոյնիսկ արիւնով կեանքի գերագոյն նշանաբանն ու նպատակն էր նորադարձ քրիստոնեաներուն համար: Քրիստոնէական հաւատքը պիտի չդառնար տոկուն ու կենսունակ առանց նահատակութեան: Քրիստոնէական եկեղեցին պիտի չզօրանար ու պիտի չտարածուէր առանց այնպիսի վկաներուն, որոնք իրենց կեանքով քարոզեցին զՔրիստոս ու արիւնով պաշտպանեցին հաւատքը քրիստոնէական:
Վկաները անոնք են, որոնք կ՛ապրին ու կը մեռնին իրենց անձերէն վեր ու վեհ արժէքներու եւ իտէալներու համար: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հարուստ է «Վասն հաւատոյ ու Վասն Հայրենեաց» արիւն թափած վկաներով: Դարձեալ հոս կը կայանայ գաղտնիքը հայ ժողովուրդի գոյութեան, մահէն կեանքին քալելու անոր ամուր վըճռակամութեամբ: Նահատակութիւնը հայ ժողովուրդի համար եղաւ աղբիւր` ստեղծագործ ու վերանորոգ կեանքի: Նահատակութիւնը մեր հաւաքական պայքարը ջրդեղող, մեր կեանքի ճամբուն ուժը դարձաւ, որ ամբողջ ժողովուրդի մը մղեց «Իմացեալ Մահով» անմահութիւն կերտելու մեր մարդկային քաջութեամբ:
Հաւատքն ու հայրենիքը միասնաբար մեր ժողովուրդին համար, իր կեանքէն աւելի սուղ արժէքներ եղան, որոնց գոյութեան ու յաւերժացման համար մեր ժողովուրդը ստեղծագործեց, պայքարեցաւ ու նահատակուեցաւ:
Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ չի մեռնիր այն ժողովուրդը, որ պատերազմիլ եւ նահատակուիլ գիտէ սրբազան արժէքներու եւ իտէալներու համար:
Մեր նահատակներուն հետ ըլլալու օրը միայն Ապրիլ 24-ը չէ: Մեզի համար ամէն օր Ապրիլ 24 է ու պէտք է ըլլայ: Նահատակները պէտք չունին մեզի հետ ըլլալու, անոնք երկնքին մէջ են ու Աստուծոյ մօտ: Մենք է, որ պէտք ունինք իրենց հետ ըլլալու, իրենցմով զօրանալու ու վերանորոգուելու մեր քրիստոնէական եւ ազգային կեանքը:
Մեր բիւրաւոր նահատակները այսօր, ամէն ժամանակներէ աւելի կը պատգամեն մեզի հաւատարմութիւն: Հաւատարմութիւն մեր հաւատքին, ազգային սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, հաւատարմութիւն իրենց նուիրական կտակին եւ մանաւանդ` հաւատարմութիւն Սուրիական Հայրենիքին, ոչ միայն անոր համար, որ մեր նահատակներու աճիւնները Տէր Զօրի մէջ կը հանգչին, այլ նաեւ ու մանաւանդ այն անհերքելի իրողութեան, որ Սուրիան եղաւ հայութեան առաջին ապահով տունը, երբ ջարդերէն ետք անհայրենիք, անտուն ու անտէր հայու բեկորները լքուած էին իրենց ճակատագրին: Սուրիոյ ժողովուրդը եղաւ մեզի եղբայր եւ իր երկիրը, իր տունը եւ իր հացը բաժնեց մեզի հետ: Սուրիան նաեւ կանգնեցաւ հայութեան կողքին արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու կողքին: Որպէս Օսմանեան լուծին տակ տառապած, իրաւազրկուած ու ջարդուած ժողովուրդ, Սուրիան լաւապէս հասկցաւ մեզ: Սուրիան նաեւ ճիշդ ըմբռնեց մեր դատը, որովհետեւ իր հողերէն եւս մաս մը անարգ ու անարդար կերպով բըռնագրաւուեցաւ ծաւալապաշտ Թուրքիոյ կողմէ:
Ահա թէ ինչո՞ւ այս հողին վրայ ապրող հայը, այս երկիրը իր հայրենիքը նկատեց ու անոր խառնեց իր կեանքն ու քրտինքը եւ նոյն այդ հողին պաշտպանութեան համար թափեց իր արիւնը:
Յարգանք Սուրիոյ մեր եղբայր ժողովուրդին եւս Սուրիական հայրենիքին, որուն հողին մէջ այսօր կողք-կողքի կը հանգչին ի խնդիր արդարութեան, ազատութեան եւ ազգային արժանապատուութեան նոյն թշնամիներուն դէմ կռուած արաբ ու հայ նահատակները:
Հայկական Ցեղասպանութեան 98-րդ տարեդարձին լսենք մեր բիւրաւոր նահատակներուն ձայնը, ապրինք, գործենք ու պայքարինք նոյն հաւատքով եւ նոյն հոգիով, մէկ հայութեան ու մէկ հայրենիքի նուիրական գաղափարներով:
Գէորգ Գատէհճեան
06/05/2013