Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar.com – Աշ­խար­հով շր­ջա­պատ­ուած, միշտ իմ աշ­խարհս ու­նե­ցած եմ` պատ­րան­քը հա­կադ­րե­լով իրա­կա­նու­թեան, որ ինք­նա­խա­բէ­ու­թիւն կը կոչ­ուի «ար­թուն» մար­դու լե­զուով: Այ­սօր ալ պատ­րան­քը կը փր­կէ զիս: Այդ է պատ­ճա­ռը, որ իմ` հա­յու բո­լոր ար­հաւ­րա­լից տագ­նապ­նե­րուս, իմ` սուր­ի­ա­հա­յուս վտանգ­ուած գո­յու­թեան առ­կա­յու­թեամբ, կը շա­րու­նա­կեմ ժպ­տիլ աշ­խար­հին: Այս դժն­դակ ու մերկ տգե­ղու­թեան մէջ կը ստեղ­ծեմ իմ գե­ղեց­կու­թիւն­ներս` ինք­զինքս առոյգ պա­հե­լու ու մար­դոց սէր տա­լու հա­մար (ու­րիշ ոչինչ ու­նիմ տա­լիք): Ու սա­կայն կայ խո­ցե­լի տեղս` Սաս­նայ Դա­ւի­թի թի­ա­կա­մէ­ջի կէ­տը: Իմ հայ­րե­նիքս, զիս հիւ­ծող իր տագ­նապ­նե­րով, մեր գիւ­ղա­ցի­նե­րու մա­շած, անժ­պիտ ու ան­յոյս դէմ­քե­րը ու հա­զա­րա­ւոր կղպ­ուած դռ­նե­րը հա­յոց գիւ­ղակ­նե­րու: Ու ահա` կու գայ անոր գու­մար­ուիլ սուր­ի­ա­հա­յոց փոշ­ի­ա­ցու­մը: Տա­կաւ պատ­րան­քիս փա­րած` կը ժպ­տիմ գա­րու­նին ու հա­յոց յա­ւեր­ժու­թեան, երբ եկե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ կը հան­դի­պիմ ծա­նօ­թի մը: Ի զուր կը հարց­նեմ Հա­յաս­տան ու­սա­նե­լու գա­ցած անոր զաւ­կին մա­սին. ի զո՛ւր:

– Ին­քը լաւ է, իր կա­րե­լին կ՛ընէ, բայց Հա­յաս­տա­նը լաւ չէ, այդ երկ­րին հետ յոյս կա­պել չ՛ըլ­լար…

– ….. (Կը մեր­ժեմ այս, այդ դա­ւա­ճան դե­րա­նուն­նե­րը, եր­կիրս մէկ դե­րա­նուն կ՛ըն­դու­նի` ի՛մս, Ի՛մ Եր­կիրս

– Եղ­բօրս տղան ըն­տա­նի­քով ան­ցաւ Գեր­ման­իա, ըսաւ, որ Ար­մէնն ալ կր­նայ տա­նիլ, միայն լե­զու թող սոր­վի: Մինչ այդ ան ֆրան­սե­րէն կը սոր­վէր, հի­մա ան­ցաւ գեր­մա­նե­րէ­նի…

– ….(Վաղն ալ կ՛անց­նի շուէ­տե­րէ­նի, ճա­փո­նե­րէ­նի եւ այլն, լե­զու` շա՜տ,- կը լռեմ ես:)
– Դուն կը ցա­ւիս, կը նեղ­ուիս տղուդ հե­ռա­նա­լուն, թե­րեւս ալ ան­գամ մըն ալ չես տե­ներ զինք, բայց ի՞նչ կ՛ընես, եթէ վա­ղը հոն ալ պա­տե­րազմ ըլ­լայ, ար­դէն բան մը չէ, աւե­լի գէշ կ՛ըլ­լայ: Եղ­բայրս կ՛ըսէր, որ միայն խեղճ մար­դոց զա­ւակ­նե­րը սահ­ման­նե­րու վրայ կը հս­կեն, օրա­կան դէպ­քեր կան….
-……………..:
– Աւե­լի լաւ չէ՞, որ տղադ դուրս ել­լէ ու հան­գիստ ապ­րի, քան թէ օր մըն ալ մար­մի­նը բե­րեն…

(Հա­զար նե­րո­ղու­թի՛ւն, իմ զոհ­ուած սուրբ զա­ւակ­ներ ու պատ­նէ­շի վրայ հս­կող­ներ

Կը լռէի` ճնշ­ուած իր ան­հեր­քե­լի ճշ­մար­տու­թիւն­նե­րուն դէմ, սա­կայն շունչս սկ­սաւ նեղ­ուիլ, կո­կորդս կը սեղմ­ուէր. բաժն­ուե­ցայ` մոռ­ցած գա­րուն ու կա­պոյտ եր­կինք: Կար­ծես Հա­յաս­տան ալ պա­տե­րազմ սկ­սած էր… Քայ­լերս հոգի­իս ծան­րու­թիւնը հա­զիւ կը քա­շէ­ին: Դառ­նա­հա­մը կը կու­տակ­ուէր հոգի­իս մէջ:

Մեր (յու­սա­խաբ­ուա՛ծ հա­յու, պատ­րան­թա՛փ հա­յու, հայ­րե­նի հո­ղը զինք չշալ­կո՛ղ հա­յու) մերկ ու առար­կա­յա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւնը:
Մեր մե­ծա­մաս­նու­թեան անըն­դու­նա­կու­թիւնը «յա­նուն»-ի, զո­հե­լու մեր նուա­զա­գոյ­նը, ո՜ւր մնաց թան­կա­գի­նը` զա­ւա­կը:
Մեր նսե­մա­գոյն կար­գա­խօ­սը` «Ուր հաց, հո՛ն կաց»:

Մեր շնորհ-սէ­րը` Հա­յաս­տա­նը 2-3 ամս­ուան հա­մար ամա­րա­նոց նկա­տե­լու պատիւին ար­ժա­նաց­նե­լով…

Մեր ազ­գը` ոչ­խա­րի հօտ դար­ձած, մո­լոր ու շուար աջ ու ձախ վա­զե­լով,
մեր հո­վիւ­նե­րը` քե­պա­պի սե­ղան­նե­րու շուրջ:

Իսկ լու­սա­ծին, իտ­է­ա­լա­կիր փոք­րա­մաս­նու­թիւնը ու­նա՞կ է փր­կե­լու վի­ճա­կը: Իսկ մնաց­եալ մե­ծա­մաս­նու­թիւնը լու­սա­ւո­րե­լու, իտ­է­ալ ներշն­չե­լու առա­քե­լու­թիւնը որո՞նց վրայ կ՛իյ­նայ ու անոնք գի­տա՞կ են իրենց առա­քե­լու­թեան:

Այսր ապիլ 24 է, հա­յոց կա­ռա­վա­րու­թիւնը ամ­բողջ կազ­մով հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ կը քա­լէ դէ­պի զո­հե­րու յու­շար­ձան: Ճամ­բայ մը` խո­րա­պէս խոր­հե­լու սե­փա­կան առա­քե­լու­թեան մա­սին: Ամ­բողջ հոգի­ով կ՛ու­զեմ հա­ւա­տալ, թէ անոնք մտա­հոգ են ընդ­հան­րա­կա­նով: Քա­նի՞ գա­ղա­փա­րա­կան նուիր­եալ ղե­կա­վար պէտք է ու­նե­նանք` մեր ազ­գը այս վի­ճա­կէն փր­կե­լու հա­մար: Պատ­մու­թիւնը փաս­տած է` մեր ու­ժը քա­նա­կի մէջ չէ, այլ` ոգիի:
***
Այ­սօր­ուան Հա­լէ­պը ոչ մէկ առիթ կու տայ ժպ­տե­լու` մարդ­կա­յին ար­եան ճա­պա­ղի­քը, մար­դու, մա­նա­ւանդ քրիս­տոն­եայ տար­րի դա­մոկլ­եան սու­րի տակ ապ­րե­լու պար­տադ­րան­քը ծան­րա­գոյն իրա­կա­նու­թիւն­ներ են, տրա­մա­բա­նու­թե­նէ դուրս, ու սա­կայն անոնք կան, միլի­ո­նա­ւոր սուր­ի­ա­ցի­նե­րու «իրա­կան կեանքն են»: Նման պա­րա­գա­յի պատ­րանքն է, որ զմեզ կը կա­պէ այս կեան­քին ու գո­յու­թիւնը յա­ւեր­ժա­կան հայ­րե­նի­քին:
Հայ­րե­նիք` մեր «ցա­ւին ան­տեղ­եակ, դա­ւին ան­տար­բեր»:

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
06/05/2013