kantsasar.com – Մարտ 2011-2013 եւ մինչ օրս երկարող ժամանակաշրջանին մէջ սուրիացիներս ընդհանրապէս եւ հալէպցիներս մասնաւորապէս քաղաքական վերիվայրումներու բերումով ապրեցանք չնախատեսուած ու չակնկալուած ահռելի վայրկեաններ, մռայլ պահեր, ճգնաժամային ու տագնապալի օրեր, ամիսներով զրկանքներ ու տարիով դժուարութիւններ: Ապրեցանք, լսեցինք ու ականատես եղանք զգայացունց տեսարաններու, վիճակներու ու դէպքերու, զորս չէինք երեւակայեր իսկ, անցուցինք պահեր, որ ապրած էինք բայց արժէքը չէինք գիտցած:
Հարցերու սկզբնական շրջանին «երազային Հալէպ»ի խաղաղ բնակիչներս հանգիստ ընկողմանած մեր մահիճներուն մէջ, այս անսովոր պատահարները տեսիլք կամ երազ թուացին մեզի, սակայն ընդոստ երբ արթնցանք մեր թմբիրէն աւաղ պարզուեցաւ, որ իրականութիւն էր եղելութիւնը ու այնուհետեւ ապրեցանք զրկանքներով, վերյիշելով մեր նախնիները:
Լսած էինք, թէ ասկէ եօթանասուն-ութսուն տարիներ առաջ երբ ելեկտրականութիւնը տակաւին գոյութիւն չունէր մեր քաղաքներուն մէջ մարդիկ կազի լամբերով կը լուսաւորէին իրենց բնակարանները ու դպրոցականներ մոմի լոյսով դաս կը սորվէին: Ներկայիս մենք ալ լամբով կը լուսաւորուինք ու դպրոցականներ մոմի լոյսով դաս կը սորվին: Կ՛ապրինք անցեալի մութ գիշերները, երբ մարդիկ լամբերը ձեռքերնին «Լուսին չկայ մութ գիշերին» երգելով հարս կը տանէին, ներկայիս նոյն մութ փողոցներն ու գիշերներն են, սակայն փոխան լամբերու լուսարձակներով է որ կը լուսաւորուին, հարսնեւորներն ալ ցերեկով հարս կը տանին մութ գիշերին չմնալու համար:
Հասկցանք ու սորվեցանք թէ մազոթի կամ այլ վառելանիւթերու գործածութենէն առաջ մարդիկ տաքնալու իբրեւ միջոց ծառերը կը կտրէին ու փայտը կը վառէին կամ ածուխով կրակ կը շինէին ճաշ ու սուրճ պատրաստելու համար:
Մենք ալ ծառերը կտրտեցինք ու փայտը վառեցինք, ածուխով ալ սուրճ ու ճաշ պատրաստեցինք, մեր նախնիներուն օրինակին հետեւելով դպրոց ու գործատեղ հետիոտն երթալ սկսանք:
Ապրեցանք պետեւիներու անապատի կեանքը, երբ շաբաթէ մը աւելի ջուրէ զրկուեցանք, կերակուր, լուացք ու լոգանք առնել մոռցանք, երանի տուինք բակով տուներու ջրհորի օրերուն:
Գործադրեցինք «նպատակը միջոցը կ՛արդարացնէ» արտայայտութիւնը, երբ օդակայնը փակուեցաւ ու օդանաւով մէկ ժամ պահանջող ճամբորդութեան փոխարէն ստիպուած եղանք ինքնաշարժով չորս հինգ օր ճամբորդել անտեսելով ամէն դժուարութիւն ու վտանգ:
Վարժուեցանք առաւօտ, կանուխ լուսաբացին փուռին դիմաց հերթի սպասել ու յիշեցինք սովետի ժողովուրդին քառասունական թուականներուն հացի համար կրած դժուարութիւնները:
Փաստեցինք «հացը քարէն կը հանէ» խօսքին իմաստը, երբ քաղաքի շուկաները ռմբակոծումի պատճառաւ փակուեցան ու ամէնուրեք անգործութիւն տիրեց, մարդիկ ստիպուած եղան արհեստնին փոխել ու երիտասարդ մեքինիստը սկսաւ կանաչեղէն ծախել կամ խոռոված եփել պատահական որեւէ փողոցի անկիւնին վրայ` պարզապէս օրապահիկը ապահովելու համար:
Խնայողութեան վարժուեցանք, մոռցանք քիլոյով գնում ընելու սովորութիւնը, սկսանք եւրոպացիներու նման կրամով կամ հատով գնել, այն օրէն երբ ամէն բանի սակը քառապատկուեցաւ ու սղութիւնը հասաւ գագաթնակէտին:
Հասկցանք, թէ Թիոքինէս ինչու օր ցերեկով լապտերը ձեռքին մարդ կը փնտռէր, մենք ալ լապտերով բժիշկ փնտռեցինք, երբ քաղաքի բժիշկները արտասահման ճամբորդեցին ու մենք բուժուելու պէտք ունեցանք:
Գործնականով փաստեցինք «նեղ կ՛ընենք տեղ կ՛ընենք» արտայայտութիւնը, երբ անապահովութիւնը տիրեց ամէնուր ու վտանգը մեր գլխուն սպառնաց, հինգ վարժարաններու աշակերտութիւնը տեղաւորուեցան մէկ վարժարանի մէջ իրենց ուսուցումը շարունակելու համար: Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը, իրենց հսկայ շէնքը թողելով տեղափոխուեցան եւ ամփոփուեցան երեք սենեականոց յարկի մը մէջ, իրենց ծառայական աշխատանքը չդադարեցնելու համար:
Բազմանդամ ընտանիքներ ապահովութեան նկատառումներով ապաստանեցան ապահով կարծուած իրենց հարազատներուն կամ բարեկամներուն մէկ կամ երկու սենեականոց բնակարանները, նեղ ընելով տեղ ըրին անցընելու համար տագնապալի օրերը:
Պերլին չգացինք, բայց պերլինցիներու նման ապրեցանք «Ամօթի Պատը» չբարձրացուցինք, բայց Նոր Գիւղի թաղամասերուն մէջ, թաղէ-թաղ կտաւէ կամ «բլաստիք» վարագոյր քաշեցինք դիպուկահարներու հարուածէն խուսափելու համար, ամիսներով զրկուեցանք թաղին մէջ գտնուող հարազատի կամ բարեկամի այցելութիւն տալէ, նոյնիսկ հեռաձայնային կապ հաստատելէ:
Համոզուեցանք «հարուստ պառկիլ աղքատ արթննալ» խօսքին ճշմարտութեան, երբ հսկայ բնակարաններ կամ գործատեղիներ մէկ գիշերուան ընթացքին կողոպտուեցան, իսկ արեւանգեալներ տուն վերադարձան փոխան հսկայական փրկագիներու:
Իմացանք, թէ ինչ ըսել է ուրիշին կեանքը փրկելու համար քու կեանքդ վրայ տալ, իմացանք մեր քաջարի տղոց գիշեր-ցերեկ պահակութեան օրինակով: Մեր նոր սերունդը օժտուեցաւ նոր գիտելիքներով: Իրենց դպրոցական կամ ընդհանուր զարգացումներուն առընթեր, անոնք ճանչցան ով է դիպուկահարը, ծանօթացան նոր ու հին տեսակաւոր զէնքերու, ռումբերու, հըրթիռներու, ու օդանաւերու, նոյնիսկ միայն ձայնը լսելով սկսան ճանչնալ (Հաունը, Ար Պէ Ժ-էն…)
Ներկայիս ամէն բան փոխուած է` մարդոց կենցաղը, կերուխումը, այցելութիւն տալն ու ընդունիլը, հարսանիքներու ձեւն ու ժամը, նոյնիսկ մահն ու թաղումը կամ մեռելներու այցելութիւնը: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ կ՛ըսեն: Պարոյր Սեւակ «Անլռելի Զանգակատուն»ին մէջ կ՛ըսէ. «մարդ չմնաց` մարդ թաղեր մարդու նման», ժամանակը կը փաստէ Սեւակի խօսքը. թէ ինչպէս ներկայիս մեր մեռելներն ալ առանց մարդու կը թաղուին:
Ըսինք ամէն բան փոխուած է, նոյնիսկ կիներու աշխատելաձեւը, անոնք սկսած են աշխատիլ գիշեր կամ ցերեկ անորոշ ժամանակացոյցով, որովհետեւ կախեալ են ելեկտրականութեան հոսանքէն, հազիւ թէ լոյս ունենան գործի կը լծուին, լուացք կը դնեն, արդուկ կ՛ընեն, կերակուր կ՛եփեն, հուվըր կ՛ընեն, լոգանք կ՛առնեն, մազերնին կը յարդարեն, բջիջայինը ու լուսարձակները կը լիցքաւորեն ու համացանց կ՛օգտագործեն… Եւ այս ամէնը` երկու ժամուայ ընթացքին:
Ու վերջապէս` այս բոլոր դժուարութիւններէն ու զրկանքներէն անցնելով հալէպցիք համբերել ու յուսալ սորվեցան, հաւատալով, որ ամէն սկիզբ վախճան մը ունի ու վստահ ըլլալով որ չարը անպայման պիտի պատժուի, իսկ արդարն ու բարին պիտի գնահատուին Աստուծոյ դատաստանին առջեւ: Անոնք յոյսով կը սպասեն այս տագնապալի օրերու վախճանին եւ անսալով Սեւակի խօսքերուն կը կրկնեն.
Բացւում են լուսաթաթախ առաւօտներ
Մէկը մէկից պայծառ ու տաք
Մէկը մէկից վառ ու յստակ:
Անժէլ Պօշկէզէնեան
06/05/2013