kantsasar.com – 2011 տարեշրջանի Գարնան գեղեցիկ օրերուն էր, երբ Սուրիոյ նահանգներուն վրայ պտտող սարսափելի եւ անսպասելի մրրիկը պատեց նաեւ Հալէպը: Հրաբուխի մը նման իր կրակն ու բոցը տարածեց Սուրիոյ տարածքը: Ուստի մեր ժողովուրդին կեանքը կսկծալիօրէն խոշոր գալարումներով այլայլեց:
Ճակատագրակա՞ն է ամէն փորձանք ու ամէն աղէտ: Ճակատագի՞ր կը կոչուի, երբ բազմաթիւ հայեր գնդակահարուելով կը նահատակուին անակնկալօրէն: Արդեօ՞ք անխուսափելի է ճակատագիրը, իսկապէ՞ս մեր քայլերը մեզմէ զատ որոշող ուժ մը կայ: Ի վերջոյ հասած եմ այն եզրակացութեան, թէ ի զուր են բոլոր հարցումներն ու դժգոհութիւնները, որովհետեւ անոնք իմ երազային Հալէպ քաղաքս չեն վերադարձներ: Իմ հրաշագե՜ղ քաղաքս` նշանաւոր իր բարեկիրթ ու ազնիւ ժողովուրդով, որ անցեալին երջանկութեան ու խաղաղութեան խորհրդանիշ էր, սակայն ներկայիս, այս տաժանելի օրերուն, տառապանքի մղձաւանջ մը կ՛ապրի:
Մութ են թաղերը, մութ են տուները, գուցէ նաեւ` մտքերն ու հոգիները: Բոլոր փողոցները լեցուած են ուտելիքի ու փայտի վաճառականներով, մարդիկ կը չարչարուին, գտնելու համար հաց, խմելիք ջուր ու ապահով վայր: Թախծոտ են դէմքերը, անձայն ու անմռունչ են երեկոյեան փողոցները: Անհամ կը թուին բոլոր ուտելիքները, մեր կոկորդներուն մէջ սառած է անանուն կսկիծ մը, որ հետզհետէ կը բարձրանայ ու կը խանգարէ մեզ` թողելով կիսաբաց պատուհանի մը առջեւ սպասելու առաւօտը, որ գայ ու պարգեւէ մեզ արդարութեան ու խաղաղութեան լոյսը:
Քանդուած շէնքերն ու վնասուած ստացուածքները մեզ յուսահատութեան կ՛ենթարկեն եւ նոյնիսկ լալու, զոր բանաստեղծական այս տողերս կ՛արտայայտեն.-
Այնքա՜ն մինակ ու այնքա՜ն մելամաղձոտ եմ այս գիշեր,
Որ աստղերուն թեւերուն վրայ լալ կ՛ուզեմ:
Սիրտս այնքան ընկճուած, այնքան է կրակով հարուստ,
Որ գետի նման արցունքս չի կրնար մարել:
Երանի՜ ըլլար անձ, որ սրբէր անմեղ արցունքս
Ես չէի սրբեր առատ ցեխով:
Ի մտի ունենանք նաեւ, որ այս բոլորով հանդերձ, մեր մէջ արմատացաւ պայքարելու զգացումը, անդրադարձանք ելեկտրականութեան ու ջուրին արժէքին: Թող եղածը կարգ մը մարդիկ պատրուակեն ու կոչեն «Յեղափոխութիւն» կամ «Ազատութիւն», բայց մենք յոյսով ենք, որ եղբայրասպանութիւնն ու արիւնահոսութիւնը շուտով կը դադրին: Արդարեւ, արդարութեան ու իրաւունքին ձայնը պիտի չլռէ ու պիտի փակուին բոլոր հաշիւները:
Թող շարունակեն ձայները, թող սարսռան ծառերը, բայց մենք, որպէս հայ ժողովուրդ, պիտի տոկանք, պայքարինք ու կրկին պիտի լեցնենք փողոցները ժպիտներով ու խաղաղութեամբ: Պիտի երգենք միասնաբար ուրախութեան ու յաղթանակի երգը, խանդավառօրէն պիտի բաբախեն մեր սրտերը, պիտի վերակառուցենք ամբողջ երկիրը: Վերստին պիտի շինենք նոր շէնքեր, գիտնալով հանդերձ, որ հայ ժողովուրդը մշտապէս կառուցած է ու թշնամին քանդած, սակայն դարձեալ պիտի շինենք ու նոր կառոյցներ հիմնենք: Ունայն պիտի մնան բոլոր փորձերը, որոնք կ՛ակնկալեն յափշտակել մարդոցմէ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը: Յարատեւ պիտի շարունակենք Սուրիոյ Հանրապետութեան կողքին կենալ, խորապէս հաւատալով, որ սեւ ամպերը պիտի փարատին եւ մեր երիտասարդները զոհողութեամբ, իրենց արեան մինչեւ վերջին կաթիլները պիտի դիմադրեն ու պաշտպանեն Սուրիական Հայրենիքը:
Քրիստինա Տէր Ստեփանեան
ԺԱ. կարգ
Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան
22/04/2013