kantsasar.com – Հա­ւա­տա­րիմ իրենց առա­քե­լութ­եան, Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չի Շրջ. Վար­չու­թեան ըն­կե­րու­հի­նե­րը Հայ Երի­տա­սար­դաց Միութ­եան երի­տա­սարդ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցութ­եամբ նա­խորդ շա­բաթ այ­ցե­լե­ցին Հա­լէ­պի Շէյխ Թա­հա շըր­ջա­նի «Աս­տուր­եան» հիւան­դա­նո­ցի թա­ղա­մա­սին մէջ, զին­եալ բա­խում­նե­րու հե­տե­ւան­քով ար­գե­լա­փակ­ուած հայ եւ տե­ղա­ցի` իս­լամ թէ քրիս­տոն­եայ բո­լոր ըն­տա­նիք­նե­րուն ու ճաշ մա­տա­կա­րա­րե­ցին բո­լո­րին:

Ս.Օ.Խ.-ի ըն­կե­րու­հի­նե­րը ծա­նօ­թա­նա­լով յիշ­եալ ըն­տա­նիք­նե­րու կեն­ցա­ղա­յին եւ ապա­հո­վա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն խա­ղա­ղու­թիւն մաղ­թե­ցին բո­լո­րին:

Ս.Օ.Խ.-ի Շրջ. Վարչութեան
Դաստիարակչական Յանձնախումբ