kantsasar.com – Բեր­իոյ Թե­մի Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Առաջ­նորդ` Արհ. Տէր Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեան Երեք­շաբ­թի 26 Մարտ 2013-ին, Առաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ ըն­դու­նե­լու­թիւն կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ Հա­մայն­քիս հա­յե­րէ­նա­ւանդ ու­սուց­չու­հի օր. Սօ­սէ Փի­լաւճ­եա­նին, որուն վեր­ջերս Հ. Հ. Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը պար­գե­ւատ­րեց «Հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծում նշա­նա­կա­լի աւան­դի հա­մար» մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան «Մայ­րենիի պաշտ­պան» ան­ուա­նա­կար­գով մր­ցոյ­թի` առա­ջին կար­գի վկա­յա­կա­նով:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին խօսք առ­նե­լով Գե­րա­պայ­ծառ Տէ­րը նախ բարձր գնա­հա­տեց Հ.Հ. Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թեան, յատ­կա­պէս Նա­խա­րա­րու­հի տիկ. Հրա­նոյշ Յա­կոբ­եա­նի եւ նա­խա­րա­րու­թեան գի­տակր­թա­կան ծրագ­րի Պետ` տիկ. Սիր­վարդ Համ­պար­եա­նի տա­րած ազ­գանուէր ու խո­հեմ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, շեշ­տը դնե­լով Նա­խա­րա­րու­թեան Սփիւռ­քի մէջ ազ­գա­պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն, կազ­մա­կեր­պած ըլ­լա­լով ձեռ­նարկ­ներ ու մի­ջո­ցա­ռում­ներ, որոնք կը խթա­նեն հա­յուն մնալ հայ ուր որ գտն­ուի: Ապա անդ­րա­դառ­նա­լով օր. Սօ­սէ Փի­լաւճ­եա­նի գոր­ծու­նէ­ու­թեան Գե­րա­պայ­ծառ Տէ­րը զայն բնու­թագ­րեց որ­պէս բծախն­դիր, աչա­լուրջ ու նպա­տա­կաուղղ­ուած, ուր լեզ­ուի կող­քին աշա­կեր­տին կը նե­րարկ­ուի սէր հայ­րե­նի­քի հան­դէպ ու ան­սահ­ման հա­ւատք անոր լու­սա­ւոր ապա­գա­յի նկատ­մամբ:

«Պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­յը գո­յա­տե­ւել Սուր­ի­ա­կան այս հիւ­րըն­կալ հո­ղի վրայ, քա­նի առ­կայ են օր. Սօ­սէի նման անձ­նու­րաց, հա­ւա­տա­րիմ ու նուիր­եալ հա­յոր­դի­ներ» ըսաւ Գե­րա­պայ­ծառ Տէ­րը իր եզ­րա­փա­կիչ խօս­քին մէջ:

Հան­դիպ­ման աւար­տին Արհ. Տէր Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեան իր օրհ­նու­թիւնն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը փո­խան­ցեց հա­մայն­քիս ու­սուց­չուհի­ին եւ զինք պար­գե­ւատ­րեց յու­շան­ուէ­րով:

Դիւան
Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդարան