kantsasar.com – Սուրիոյ տագնապալի օրերը հետզհետէ զարգանալով վտանգը հասաւ սփիւրքահայութեան մայրաքաղաք Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն: Ռումբերու ու հրթիռներու ձայները սկսան լսուիլ Հալէպի բոլոր անկիւններէն, մանաւանդ` երբ Սուրիական բանակի եւ ահաբեկիչներու միջեւ բախումները հասան Շէյխ Մաքսուտի շրջանը:
Աւելի քան երկու տարիներ շարունակ մղուած պայքարը չյուսախաբեց Հալէպահայութիւնը, եւ ահա այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պետական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյրերն ու եղբայրները հաւանական բոլոր վտանգները յանձն առնելով եւ հաւատարիմ մնալով իրենց կատարած երդումին, ինչպէս նաեւ ծառայութեան նպատակը իրագործելով, մէկ օրուայ ճաշ` «Մսաշոթ» հասցուցին Շէյխ Թահա շրջանին մէջ գտնուող բոլոր այն տուներուն, որոնց բնակիչներու կեանքերը վտանգի մատնուած էր Շէյխ Մաքսուտի շրջանին մօտ գտնուելուն համար:
Դիպուկահարի փամփուշտը պատճառ դարձաւ, որ այդ շրջանի տուներու անդամները չկարենան դուրս գալ իրենց տուներէն: Քոյրերն ու եղբայրները Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն ուղղուեցան վերոյիշեալ վայրը եւ տուն առ տուն հասցուցին Ս.Օ.Խ.-ի «Փեթակ»ի յանձնխումբին եւ աշխատակազմին կողմէ պատրաստուած համեղ ճաշը:
Ճաշի բաշխումի պահուն յատկապէս ողջունելի էր բոլորին եռանդը, վազվզուքը եւ համագործակցութեան ոգին, որ արդէն հեռու չէ ՀՄԸՄ-ականներէն: Աւարտին ՀՄԸՄի պետական վարչութեան ատենապետ եղբ. Պօղոս Պալիոզեանը բարձր գնահատեց քոյրերն ու եղբայրները, ինչպէս նաեւ Ս.Օ.Խ.-ի «Փեթակ»ի յանձնխումբի եւ աշխատակազմի բոլոր անդամներուն տարած կորովի ու վեհանձն աշխատանքը, որոնք ճիգ չխնայեցին սոյն ծառայական հանրանուէր գործունէութիւնը կատարելու:
Ռաֆֆի Սիւլահեան