Ժիրայր Րէիսեան

Ժիրայր Րէիսեան

aztagdaily.com – Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ հաղորդեց, որ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ ապահովական դէպքերու զարգացումին պատճառով շրջանին ներքեւը գտնուող քրիստոնէական գերեզմանատուներու շրջանը եւս դարձած է զինուորական գործողութիւններու գօտի:

«Հետեւաբար իբրեւ անմիջական կարգադրութիւն, նահանգապետարան-քաղաքապետարան համատեղ Հալէպի ծայրամասային այլ շրջանի մը մէջ Քարմելիք վանքի մը կից յատկացուցին հողատարածք մը թաղումները հոն կատարելու` իբրեւ առժամեայ անմիջական կարգադրութիւն», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:

aztagdaily.com