Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar.com – Դուր­սէն մեզ­մով հե­տաքրք­րուող­նե­րը, երբ կը վս­տա­հա­նան, որ տա­կա­ւին ողջ ենք, առա­ջին հար­ցու­մը, որ կ՛ուղ­ղեն` «Ու­տե­լիք կը գտ­նէ՞ք»: Ան­շուշտ տե­ղը չէ, որ ըսես` «Ո՛չ միայն հա­ցիւ…». քիչ մը շատ յա­ւակ­նոտ կ՛ըլ­լայ, մա­նա­ւանդ որ ան­գործ ու տու­նը մնա­լու դա­տա­պարտ­ուած մար­դիկ ու­տե­լէ զատ այլ հա­ճոյք գրե­թէ չու­նին: Իսկ Հա­լէ­պի գի­նե՜րը… կ՛աճին տո­լա­րի խօ­լա­կան վե­րել­քին հետ մրցե­լով, եր­բեմն ալ` առաջ անց­նե­լով ան­կէ:

Են­թադ­րենք` առանց ամչ­նա­լու կը խոս­տո­վա­նիս, թէ կա­րո­ղու­թե­նէդ վեր է 4-5 հա­զար սուր­ի­ա­կա­նով կազ գնե­լը ու գո­հա­ցար միայն ելեկտ­րա­կան սա­լօ­ճա­խի վրայ կե­րա­կուր պատ­րաս­տե­լով (ան­շուշտ` եթէ ու­նե­նաս հո­սանք, ան­շուշտ` եթէ ջու­րը կտր­ուած չէ), բայց ամե­նա­պարզ կե­րա­կուրն ալ պատ­րաս­տե­լու հա­մար գր­պա­նիդ պի­տի հարցնես… Բազ­մա­պատկ­ուած գի­ներ ե՛ւ նպա­րե­ղէ­նի, ե՛ւ պտուղ-բան­ջա­րե­ղէ­նի: Ոտ­քը ազատ եր­կա­րե­լու սո­վոր հա­լէպ­ցին պի­տի վարժ­ուի այ­լեւս վեր­մա­կին հա­մե­մատ եր­կա­րել զայն: Անց­եալ դար­ձած լա՜ւ օրե­րուն հաս­տա­փո­րիկ հայ մը կ՛ըսէր` «Ծօ՛, ե՞ս ալ միս պի­տի ու­տեմ, Պօ­ղո՞սն ալ…»: Ուր որ ես, խա­ղաղ հոգի­ով ճա­շէ, եղ­բա՛յր, պօ­ղոս­նե­րը միս չեն ու­տեր:

Նա­խա­պէս եթէ բան­ջա­րե­ղէն ծա­խո­ղէն խնդ­րէ­իր քա­ռորդ քի­լօ տաք­դեղ` ծուռ երեսդ կը նա­յէր ու չէր ալ պա­տաս­խա­ներ: Հի­մա` կը կշ­ռէ ու կ՛առ­նէ… ու­զած որե­ւէ գին, հաշիւը իր կամքն է, դուն սա­կար­կե­լու կամ առար­կե­լու ալ կը քաշ­ուիս. «Ով գի­տէ` ո՞վ է, փոր­ձան­քէ հե­ռու»: Դրա­մա­պա­նակդ կը պարպ­ուի, մինչ­դեռ բեռդ «հա­ճելի­օ­րէն» թե­թեւ է… Մսա­վա­ճա­ռի խա­նու­թին քո­վէն կ՛անց­նիս արագ, առանց հայ­եացք նե­տե­լու: Եթէ դրա­մա­պա­նակդ հաստ­լիկ է, կը հա­մար­ձա­կիս ներս մտ­նել` շա­տե­րու նա­խան­ձը շար­ժե­լով: Բայց խոր­հուրդ կու տամ գո­հա­նալ ըն­դե­ղէն-բան­ջա­րե­ղէ­նով, քա­նի որ մի­սը կը նպաս­տէ արագ ծե­րա­նա­լուն: Իսկ մենք պի­տի ապ­րինք, որ տես­նենք մեր քա­ղա­քի հին, բա­րի՜ օրե­րու վե­րա­դար­ձը:

***
Երբ լոյ­սը մա­րե­ցաւ (ե՞րբ էր այդ…), պատ­կից դրացի­իս ման­կի­կը ահա­բեկ­ուած լալ ու պո­ռալ սկ­սաւ: Ըստ երե­ւոյ­թին, պահ մը կա­տար­եալ խա­ւա­րի մէջ առան­ձին մնաց ու ոտ­քին տա­կէն յե­նա­րան­նե­րը կորսն­ցուց. մար­դու միայ­նա­կու­թիւնը աշ­խարհ-գա­զա­նա­նո­ցին մէջ… Եր­կար ժա­մա­նակ ծնող­նե­րը հանգս­տաց­նել չէ­ին կր­նար: Ան կու լար այ­լեւս աւար­տին գա­ցող լա­ցով, մինչ­դեռ ես տե­սայ անոր տես­նե­լիք­նե­րը…

Օ՜, զա­ւա՛կս, եթէ միայն գիտ­նա­յիր, թէ մենք` մե­ծերս յա­ճախ ինչ­պի­սի՜ խա­ւա­րի մէջ ենք ու ինչ­պի­սի՜ պատ­ճառ­ներ ու­նինք լա­լու, որ, Պա­րոն­եա­նի խօս­քով, եթէ նոյ­նիսկ Եփ­րատն ու Տիգ­րիսն ալ ար­ցունք շի­նե­լու ըլ­լա­յինք, դարձ­եալ պի­տի չբա­ւէ­ին մեր լա­ցե­րը լա­լու: Այդ գիտ­նա­լով` պի­տի ու­զէի՞ր այս աշ­խարհ-խեն­թա­նո­ցը գալ: Իսկ մինչ այդ ցա­ւոտ գի­տակ­ցու­թեան հաս­նի­լը այժմ դեռ`

Լա՛ց ան­մե­ղու­թեան ար­ցուն­քը ան­դարձ,
Լա՛ց, չգիտ­նա­լով, խեղճ, ան­գէ՛տ տղաս,
Խե՜ղճ որ­սը կեան­քին, ա՜հ, լա՛ց որ մեծ­նաս…

***
Աւե­տի՜ս. աշ­խար­հի «տէ­րը» այ­ցե­լեց Մի­ջին Արե­ւելք. ժպիտ, համ­բոյր, մե­ծա­րանք: Կեղ­ծի՛ք: Դրա­ծոյ լար­ուած պուպ­րի­կը կա­տա­րեց հնա­զանդ տղու իր ստանձ­նած յանձ­նա­րա­րու­թիւնը ու վե­րա­դար­ձաւ:

Ար­դիւնք` ան­տա­րա­կո՜յս Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ ծաղ­կե­ցաւ դե­մոկ­րատ­ի­ան` ի տես հա­րիւ­րա­ւոր նոր արիւ­նա­լի եղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու:

Ար­դիւնք` Սուր­իոյ ու յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի եր­կին­քին վրայ առա­ւել թանձ­րա­ցաւ խա­ւա­րը, հո­գի­նե­րուն վրայ` դա­տա­պարտ­ուա­ծին սպա­սու­մը:

Ար­դիւնք` մար­դիկ կը կո­տոր­ուին ճան­ճե­րու պէս, ան­շուշտ` յա­նուն վսե­մա­գոյն գա­ղա­փար­նե­րու, որոնց մենք ետ­քէ՜ն պի­տի ծա­նօ­թա­նանք:

Ու աշ­խար­հը վա­տօ­րէն լուռ է: Մենք այ­լեւս չենք յու­սար, մենք այ­լեւս շուար ու ան­զօր մա­նուկ­ներ ենք, որոնց դէմ­քե­րէն ժպի­տը շա­տոնց աք­սոր­ուած է ու դա­մոկլ­եան սու­րը` կախ­ուած գլ­խուն վրայ:

Այս ցա­ւած ու շփոթ, այս ցր­ուած ու մո­լոր մար­դի­կը բո­լո­րը ե՛ս եմ ու պատ­րաստ եմ գր­կել իւ­րա­քան­չիւ­րը:
Քա­ղա­քը այ­լեւս շն­չա­հեղձ է. խա­ւարն ու դա­ւա­դիր ահը կը ճն­շեն հո­գի­նե­րը, թուր­քի եա­թա­ղա­նը միայն կը շո­ղայ որ­պէս ջահ` Ազա­տու­թեան ար­ձա­նի կնոջ ձեռ­քե­րուն մէջ:

Մեր հիւ­սի­սա­յին «բա­րե­կա­մը» խորհր­դա­ւոր լռու­թիւն կը պա­հէ, իսկ մնաց­եալ աշ­խարհ գո­յու­թիւն չու­նի: Ոմանք «տա­կից» աւար փրց­նե­լու ետե­ւէ են, ու­րիշ­ներ` վա­տօ­րէն ծախ­ուած, այ­լոք ել­քը կը սպա­սեն, որ­պէս­զի անա­ռակ կնոջ պէս յաղ­թո­ղին գիր­կը նետ­ուին:
Ազա­տու­թիւն տր­ուած է մար­դու ամե­նաս­տո­րին բնազդ­նե­րուն:

Կեց­ցէ՛ ամե­րիկ­եան դե­մոկ­րատ­ի­ան,

Կեց­ցէ՛ ազատ Եւ­րո­պան:
***
Գե­րեզ­մա­նո­ցին տա­րած­քը «անոնց» տրա­մադ­րութ­եան տակ է, ամե­նա­պա­հանջ­կոտ մար­դը` մեռ­եա­լը կը մնայ հո­ղի կա­րօ­տով` սառ­նա­րա­նի մէջ. որ­քա՞ն ժա­մա­նակ: Ի վեր­ջոյ կը գտն­ուի ճա­րը. յու­ղար­կա­ւոր­ներ չեն ու­ղեկ­ցիր անոր, միայն մէկ եր­կու «մար­դիկ, որք սեւ ու­նին ու խո­ժոռ դէմ» մե­ռե­լա­թաղ­նե­րու հետ կը տա­նին ու աճա­պա­րան­քով մայր հո­ղին կը յանձ­նեն իր զա­ւա­կը: Մե­ռե­լա­թաղ­նե­րը 10.000 կ՛առ­նեն նախ­կին 2000-ի փո­խան: Անոնք իրենց կեան­քը կը վտան­գեն, դուն` հան­գուց­եա­լին պա­հան­ջը մեր­ժե­լու իրա­ւունք չու­նիս:
«Աստ­ուած վատ­թա­րէն փր­կէ…»:
***
Լսած էք, ան­շուշտ, ասոյ­թը, թէ եր­ջա­նիկ­նե­րը ժա­մա­ցոյց չեն ու­նե­նար: Այ­սինքն` ժա­մա­նա­կի մա­սին գա­ղա­փար: Բայց եր­ջան­կու­թիւնը զա­նա­զան աղ­բիւր­ներ կր­նայ ու­նե­նալ. մարդս ին­չե­րէ՜ կր­նայ եր­ջա­նիկ զգալ: Ես, օրի­նակ, այս օրե­րուն կա­տա­րե­լա­պէս եր­ջա­նիկ եմ: Ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը չե­կաւ սահ­ման­ուած ժա­մե­րուն ու այ­լեւս պարզ էր, թէ ան կր­նայ ան­վեր­ջու­թեան ձգ­տիլ: Ջու­րը կտր­ուե­ցաւ անակն­կալ, ու անո­րոշ է անոր վե­րա­դար­ձի ժա­մը (օ՛րը), հե­ռա­ձայնս հա­մես­տօ­րէն կը լռէ, բջ­ջա­յինս շա­տոնց ար­դէն ան­կիւն մը մոռց­ուած զարդ մըն է, իսկ հա­մա­ցանցս ծակծ­կած է ու ամ­սա­կան կա­նո­նա­ւոր վճա­րում­ներս ծա­կե­րուն մէջ կ՛ան­հե­տին:

Օր եօթ­նե­րորդ (կամ` տաս­նե­րորդ, քսա­նե­րորդ, ի՜նչ տար­բե­րու­թիւն…): Կի­սա­խա­ւար սեն­եա­կին մէջ աջ ու ձախ կը քա­լեմ` վան­դակ նետ­ուած վագ­րի պէս, երբ, օ՜ եր­ջան­կու­թիւն, լամբս փայ­լե­ցաւ: Նետ­ուե­ցայ հա­մա­կար­գի­չին վրայ. բայց մի՛ խան­դա­վառ­ուիր, չկա՛յ հա­մա­ցանց: Ճա­րա­հատ` օրագ­րու­թիւնս շա­րու­նա­կել որո­շե­ցի: Հա­զիւ քա­նի մը տող գրած` հո­սան­քը ան­ջատ­ուե­ցաւ. սպա­սե­լի էր… հինգ ան­գամ եկաւ ու հինգ ան­գամ ալ սկ­սայ գրել նոյն միտ­քը. վե­ցե­րոր­դին ա՛լ լա­լա­գին աղա­ղակ­ներ հա­նե­լու վրայ էի, երբ հրեշ­տակս զար­կաւ ու­սիս ու աչք ըրաւ: Անդ­րա­դար­ձա՜յ. յան­կարծ ար­տա­կարգ եր­ջան­կու­թիւն մը ողո­ղեց էու­թիւնս: Ի՜նչ աղուոր` զա­ւակ­նե­րուս հետ ո՛չ մէկ կապ-կաշ­կան­դում, բա­րե­կամ­նե­րուս հետ ո՛չ մէկ զրոյց- ժա­մա­վա­ճա­ռու­թիւն, ո՛չ մէկ ժա­մադ­րու­թիւն, հե­տե­ւա­բար` ու­շա­ցու­մի հա­մար ոչ մէկ ջղայ­նու­թիւն… լո­գան­քի կամ մաք­րու­թեան յոգ­նու­թիւն ալ չկայ, ստիպ­ուած չես բա­դի պէս ամէն օր ջու­րը նետ­ուիլ… ո՛չ ոք կր­նայ տեղդ իմա­նալ ու կաշ­կան­դել ազա­տու­թիւնդ: Նոր միայն կր­ցայ երե­ւա­կա­յել եր­ջան­կու­թիւնը անոնց, որոնց թա­ղե­րը ամիս­նե­րով լոյս եւ այլն չու­նին… Մի՞թէ եր­ջան­կու­թիւն չէ` կա­տար­եալ ազա­տու­թիւն, երբ ինք­զինքդ տի­ե­զեր­քի մէկ մաս­նի­կը կը զգաս, ազա­տած զքեզ վար քա­շող ճղ­ճիմ կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րէն: Եր­ջա­նի՜կ էի, հե­տե­ւա­բար` բա­րի ու հա­զիւ սպա­սե­ցի յա­մե­ցող առա­ւօ­տը. չէի կր­նար առան­ձինս վա­յե­լել եր­ջան­կու­թիւնս. դուրս նետ­ուե­ցայ տու­նէն, բա­րե­կամ­նե­րուս բա­ցատ­րե­լու գիւտս, վա­րա­կե­լու իմ եր­ջան­կու­թեամբս: Միտ­քէս ալ չ՛անց­նիր եր­ջան­կու­թիւնս բա­ցատ­րել, ըսենք` շուէ­տին, նոր­վե­կին կամ գեր­մա­նացի­ին. անոնք ու մենք տար­բեր մո­լո­րակ­նե­րու մէջ կ՛ապ­րինք:

Անա­պա­տա­յին հող­մին փէ­շե­րը կր­կին հա­սած Հա­լէպ` նարն­ջա­գոյն ներ­կած են եր­կին­քը, քա­մին հո­ղը կը լեց­նէ աչ­քերս ու բե­րանս, գետ­նի աղ­բե­րը վեր հա­նե­լով` կը փաթ­թէ ոտ­քե­րուս, թն­դա­նօ­թի զար­կե­րը կը ճար­ճա­տեն ական­ջիս տակ, բայց ոչինչ կը մթագ­նէ եր­ջան­կու­թիւնս. կը քա­լեմ ազա՜տ, ան­կաշ­կա՜նդ:
… Մինչ­դեռ բա­րե­կա­մու­հիս ոչ մէկ կերպ ու­զեց ըն­դու­նիլ նման եր­ջան­կու­թիւնը, յու­սա­հատ կու լար ու երեսս կը դի­տէր` կար­ծե­լով, թէ ցն­դեր եմ…
Մին­չեւ օրս ալ կը պտ­տիմ եր­ջա­նիկ, բայց մար­դիկ ժպիտս զար­ման­քով կ՛ըն­դու­նին. մի­թէ իրա­ւունք չէ՞ եր­ջա­նիկ ըլ­լալ…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ