Ռամկավար Մամուլ – Ճակատագրի դժբախտ զուգադիպութեամբ մը, կ’երեւի սուրիահայութեան
կարգն է այսօր ապրիլ ատենին լիբանանահայութեան դիմագրաւածին նման ծանր օրեր:

Սուրիահայ գաղութին ֆիզիքական գոյութիւնը մեծ վտանգ մը կը դիմագրաւէ ներկայիս: Մեր
բռնագրաւեալ հողերուն աշխարհագրականօրէն ամենամօտիկ գաղութին թիւը՝ հոն տեղի
ունեցող արիւնալի դէպքերուն պատճառով, կը նօսրանայ ամէն օր, մինչ երբեմնի կեանքով
լի գաղութին գոյատեւումը լուրջ հարցականի տակ է: Ապահովական եւ նիւթական դժուար
պայմաններու մէջ, սուրիահայ մեր եղբայրներն ու քոյրերը խուճապի մատնուած,
ֆիզիքական ապահովութիւն ու ապաստան կ’որոնեն արհաւիրքներով լի Սուրիայէն դուրս:

Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, աւելի քան 1,250,000
սուրիացի գաղթականներ կայք հաստատած են
մերձակայ երկիրներու մէջ-շուրջ 350,000
Յորդանան Յորդանան, 300,000 , Լիբանան Լիբանան, 250,000 , Թուրքիա Թուրքիա,
150,000 Իրաք Իրաք, 50,000 , Եգիպտոս Եգիպտոս, եւ այլն այլն:

Լիբանանահայութիւնը, ազգային վեհ պարտաւորութեան գիտակցութեամբ, որպէս մէկ եւ
անզուգական ժողովուրդի զաւակներ, թէկուզ երբեմն ոչ այնքան կազմակերպ սակայն
անհատական նախաձեռնութիւններով, կարելին կ’ընէ իր կարգին նեցուկ կանգնելու մեր
սիրելի սուրիահայութեան, որ ատենին ոչ մէկ ճիգ խնայած էր ապաստան հայթայթելու
լիբանանահայութեան, երբ ան, քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ապահով օթեւան
կը փնտռէր:

Քիչ չեն այն լիբանանահայ տուները, ուր իրենց սուրիահայ ազգակիցները եւ մանաւանդ
արիւնակիցները կը հիւրընկալեն այսօր:

Ըստ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Յանձնաժողովի Լիբանանի գրասենեակին հրապարակած
վերջին հաղորդագրութեան, Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն թիւը
անցած է 300 հազարի սահմանները: Տեղին է նշել, թէ այս թիւին մէջ հաշուած են միայն այն
գաղթականները, որոնք արձանագրուած են ՄԱԿ-ի վերոյիշեալ յանձնաժողովին
լիբանանեան գրասենեակին մէջ նպաստ ստանալու համար: Բարեբախտաբար չնչին է
հայոց թիւը՝ նպաստ եւ օթեւան հայցող վերոյիշեալ ցանկերուն մէջ արձանագրուող այլ
համայնքներու պատկանող սուրիահպատակ գաղթականներուն հետ բաղդատած, որոնց
մեծամասնութիւնը շատ թշուառ եւ աննպաստ պայմաններով կը գտնուի Պեքաայի եւ
հիւսիսային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հաստատուած յաճախ
վրանապատ բնակավայրերու մէջ:

Մինչ լիբանանեան կարգ մը կողմեր, քաղաքական նեղմիտ նկատառումներով,
անմարդկային կարծիքներ կ’արտայայտեն շատ յաճախ պահանջելով Լիբանանի
սահմանները փակել ապաստան եւ ապահովութիւն հայցող սուրիացի թշուառ
գաղթականներուն դիմաց, ի պատիւ լիբանանահայ գաղութին ազգային գիտակցութեան
տէր կեցուածքին, անվերապահ հիւրասիրութեան ոգիին, իրենց դռները լայն բացած
հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց, երկու գաղութներու զաւակներուն շատ
յաճախ արիւնակցութեան, եւ վերջապէս, ժիր ու աշխատասէր սուրիահայութեան
համեմատաբար բարեկեցիկ նիւթական պայմաններուն բաղդատած այլ գաղթականներուն
հետ, սուրիահայութիւնը կ’երեւի տակաւին պիտի կարողանայ իր արժանապատիւ
կեցութիւնը ապահովել Լիբանանի մէջ, մինչեւ Սուրիոյ արհաւիրքները հասնին իրենց
բարի աւարտին եւ սուրիահայ մեր եղբայներն ու քոյրերը վերադառնան իրենց տուները՝
վերստին շինելու եւ շէնցնելու համար զանոնք:

Այս խնդիրին շուրջ եւ դարձեալ ի պատիւ լիբանանահայութեան, վերջերս լիբանանեան «Ալ
Մուսթաքպալ» օրաթերթին մէջ հրատարակուած է Հայ Ժողովուրդը արժանի կերպով
գովաբանող «Սուրիահայեր՝ Լիբանանահայերու Տուներուն Մէջ» խորագրով Մարուն
Ասմարի ստորագրած հետեւեալ յօդուածը՝ զոր թարգմանաբար կը փոխանցենք
ընթերցողներուն.-

«Միասնականութիւն, սէր, կարողականութիւն եւ ինքնավստահութիւն սորվեցէ՛ք Հայ
ժողովուրդէն: Այն ժողովուրդէն՝ որուն պատմութիւնը լի է փորձանքներով,
յորձանուտներով եւ ջարդերով: Անողոք ճակատագիրը իրենց սորվեցուցած է ոչ միայն
յաղթել դժուարին պայմաններուն, այլ՝ անոնց պատճառած մղձաւանջներէն վերցնել
վերանորոգման կամք եւ ոյժ՝ զարթօնքի եւ շարունակելիութեան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս
ցորենի հատիկները որոնք իրենց մահուամբ է, որ ծնունդ կու տան հազարաւոր հատիկներ
պարունակող հասկերու:

Հայութիւն՝ կենդանի ժողովուրդի մը օրինակն է ան, որ գիտէ պարտութիւնը վերածել
յաղթանակի, ձախողութիւնը՝ յաջողութեան, իսկ բռնագրաւումներն ու գաղթը՝
միասնականութեան, հերոսութեան եւ սխրագործութեան:

Այս ժողովուրդին մէջ կ’ապրի Ս. Հոգին, որ զինք կը պահպանէ եւ իրեն կը պարգեւէ
հրաշքներով լի պատմութիւն մը:

Մէկէ աւելի անգամներ Հայ Ժողովուրդը դէմ յանդիման գտնուած է ջարդերու,
չարչարանքներու, եւ հակառակ այս բոլորին ան շարունակած է գոյատեւել ուղիղ ոտքի
կանգնած: Ան բնաւ ծունկի չէ եկած: Բնաւ իր ճակատը չէ ցեխոտած: Հայ ժողովուրդը իր
կամքի ոյժով մնացած է վեհ եւ դիմադրած է բոլոր մարտահրաւէրներուն ու
փոթորիկներուն:

Այսօր, Սուրիոյ պատերազմին պատճառով ուրիշ համայնքներու կարգին, սուրիահայ
հարիւրաւոր ընտանիքներ ալ ստիպողաբար գաղթելով ապաստանեցան Լիբանան: Անոնք
մայրիներու երկրի հայութեան մէջ գտան զիրենք պատսպարողները, որոնք իրենց տուները
տրամադրեցին գաղթականներուն՝ թոյլ չտալով, որ անոնք նեղութեան, պէտքի, եւ
անտէրութեան դառն բաժակը ըմպեն…: Լիբանանահայերը իրենց այս սրտբաց
ընդունելութեամբ լաւ դաս մը, աւելի ճիշդը ըսելով, զանազան դասեր կու տան այն շատ մը
լիբանանցիներուն որոնք իրենց դռներն ու սրտերը կ’ուզեն փակ պահել՝ սուրիացի
զանազան այլ համայնքներու պատկանող գաղթականներուն դիմաց:

Պուրճ Համուտի մէջ հայեր կ’ըսեն՝ մեր սուրիահայ եղբայրները բարի եկած են Լիբանան
որովհետեւ անոնք գաղթականներ չեն, այլ՝ մէկ ժողովուրդի եւ մէկ երկրի քաղաքացիները:
Ամօթ է անոնց գաղթականի պիտակը փակցնել: Լիբանանահայութեան
պատուախնդրութիւնը չ’արտօներ, որ աշխարհի վրայ գտնուող ոեւէ Հայ անտէր մնայ ու
անպատուուի…

Սուրիահայերը գրկաբաց ընդունող լիբանանահայերուն կեցուածքը որպէս օրինակ պէտք է
ծառայէ լիբանանեան բոլոր կողմերուն եւ լաւ դաս մը տայ անոնց, որոնք ազգասիրութիւն
կը քարոզեն եւ նախանձախնդրութիւն կը ձեւացնեն իրենց համայնքակիցներուն հանդէպ»:


ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Պէյրութ, Լիբանան