kantsasar.com – Քա­ջա­րի ու նուիր­եալ ըն­կերներ, դուք ան­տար­բեր չե­ղաք ու չէ­իք կր­նար ըլ­լալ ձեր խղ­ճի ձայ­նին ու ազ­գա­յին բարձր գի­տակ­ցու­թեան կո­չին: Նետ­ուե­ցաք առաջ ար­հա­մար­հե­լով ձե­զի սպառ­նա­ցող մա­հը: Այո` այս տագ­նա­պե­լի օրե­րուն, հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը ձե­զի պէս անն­ման, քա­ջա­սիրտ եւ հա­ւա­տա­րիմ տղոց պէտք ու­նէր: Դուք եր­բեք չզ­լա­ցաք ձեր ամե­նա­թան­կը ըն­ծա­յե­լու, եր­դում ըրած էիք անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին նոյ­նիսկ կեան­քի գնով ծա­ռա­յե­լու ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին, ան­շուշտ նա­եւ Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին, եւ ահա դուք զէն­քե­րը գր­կած ձեր կուրծ­քե­րուն պահ­պա­նե­ցիք ու կը պահ­պա­նէք հայ­կա­կան կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րն ու թա­ղե­րը, ուր հա­յու­թիւնը կր­նար վտանգ­նե­րու են­թարկ­ուիլ, ձգե­լով ձեր տու­ներն ու գոր­ծե­րը, ստանձ­նե­ցիք սուրբ եւ վեհ պար­տա­կա­նու­թիւնը: Մենք ձեզ տես­նե­լով աւե­լի հպարտ ու ապա­հով զգա­ցինք: Դուք պատ­րաստ էիք ամէն վայրկ­եան զո­հե­լու ձեր կեան­քը յա­նուն հա­յու­թեան, ու պահ մը ակա­մայ հա­յուն միտ­քը կը թե­ւա­ծէ ետ դէ­պի պայ­քա­րի այն տա­րի­նե­րը, երբ մեր ան­վախ տղա­քը զէն­քե­րը գր­կած սի­րա­կան­նե­րու պէս, կրակ կը տե­ղաց­նէ­ին թշ­նամ­եաց գլ­խուն, ու յան­կարծ աչ­քե­րուդ ու մտ­քիդ հո­րի­զո­նին վրայ կը տո­ղան­ցեն պար­թի­նա­հա­սակ Սե­րոբ Աղ­բիւ­րը` իր կող­քին Սօ­սէն, Գէ­որգ Չա­ւու­շը, հե­րոս Դրօն եւ կո­րո­վի Վար­դան Բախշ­եա­նը եւ հա­րիւ­րա­ւոր մեր ան­կեղծ եւ պաշ­տե­լի հե­րոս­նե­րը, որոնք ան­վե­հեր կեր­պով բարձ­րա­ցան մեր ամ­պա­մերձ սա­րե­րը եւ ազա­տու­թեան դրօ­շը պար­զե­ցին բար­ձունք­նե­րուն վրայ:

Ու այ­սօր դարձ­եալ ակա­մայ կը խորհր­դա­ծես, թէ ով­քեր են այ­սօր­ուան քա­ջա­րի տղա­քը, արդ­եօք նոյն սե­րուն­դի գա­ղա­փա­րի երդ­ու­եալ ըն­կեր­նե­րը չե՞ն, որ կը շա­րու­նա­կեն իրենց ազ­գան­ուէր առա­քե­լու­թիւնը Հա­լէ­պի անբ­նա­կան այս օրե­րուն մէջ:
Պէտք կա՞յ արդ­եօք դարձ­եալ յի­շե­լու Ար­ցախ­եան սր­բա­զան պայ­քա­րը եւ զայն կեր­տող հե­րոս­նե­րուն անուն­նե­րը, որոնք ար­դէն իսկ ար­ձա­նագր­ուե­ցան մեր պատ­մու­թեան էջե­րուն մէջ ոսկ­եայ տա­ռե­րով:

Յա­ւերժ փա՜ռք ու պա­տիւ մեր հայ մայ­րե­րուն, որոնք միշտ ալ օր­հա­սա­կան օրե­րուն պատ­րաստ են արի ու հս­կա­ներ ծնա­նե­լու: Փա՜ռք հա­լէ­պա­հա­յու­թեան, որ այս­պի­սի դժն­դակ ու ծանր օրե­րուն տա­կա­ւին ամ­րօ­րէն կառ­չած իր աւան­դու­թիւն­նե­րուն` միշտ կը մնայ պատ­նէ­շի վրայ` յա­նուն ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի, աչ­քե­րը սե­ւե­ռե­լով դէ­պի վար­դե­հե­ղեղ ապա­գայ:

Արմէն Քէօշկէրեան