Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ
kantsasar.com – Սրբազան Հայրապետներու կողմէ հաստատուած քառասնօրեայ պահեցողութիւնը իւրաքանչիւր հաւատացեալի առիթը կ՛ընծայէ իր հոգիին հայելիին դիմաց իր անձը խորասուզումի, ինքնատեսութեան, ինքնասրբագրման, ինքնաքննութեան ու ինքնաբիւրեղացման ենթարկելու: Պահեր` որոնք միջոց են Աստուծոյ աչքին ներքեւ ինքզինք վերանայելու, ինքզինք ըմբռնելու, ինքզինք ըլլալու, ապաշաւող Անառակ Որդիին նման վերադարձ կատարելու, աստուածադրոշմ պատկերը վերստանալու, նորոգ կեանքի մը վերստեղծումով սրբութեան խորան կանգնելու եւ մշտապէս յարաբերութեան մէջ մնալու Ամենակալ Հօր Աստուծոյ հետ:
Մեծ Պահոց ժամանակաշրջանին, Հալէպի երկու եկեղեցիներուն մէջ, ամէն Երեքշաբթի` Արեւագալի եւ Չորեքշաբթի` Հսկումի ժամերգութիւններ կատարուեցան Ս. Աստուածածին եւ ամէն Հինգշաբթի ու Ուրբաթ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիներէն ներս: Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեան այս տարի իր քարոզախօսութեանց առաջնորդող բնաբան ունեցաւ Յովհաննու Աւետարանէն 8.12 համարը եւ նիւթ քաղած էր Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետին գըրչին պատկանող «Կոչումն Ընծայութեան» հատորը: Սրբազան Հայրը Արեւագալի ժամերգութեան ընթացքին իր խորհրդածութեանց մէջ լայնօրէն դիտել տուաւ, թէ ինչպէս բազում մարդիկ, զարմանալի ու անհանդուրժելի հակասութեամբ խաւարը աւելի կը սիրեն քան Լոյսը, եւ փոխանակ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու` կը յամառին ըլլալ խաւարի որդիներ: Կը նախընտրեն չարիքը` բարիքէն, նախանձն ու ատելութիւնը` սէր ու խաղաղութենէն, նիւթապաշտութիւնը` գաղափարապաշտութենէն, նիւթական ու մարմնական նուաստ հաճոյքները` բարոյական եւ հոգեկան վսեմ արժէքներէն, անիրաւութիւնը` արդարութենէն, աշխարհապաշտութիւնը` աստուածպաշտութենէն: Սրբազան Հօր իսկ բառերով, իսկատիպ քրիստոնեայ դառնալու համար պէտք է հոգեպէս արթննալ եւ ինքնագիտակցութեան գալ` մեր մէջէն արմատախլելով չարին ցանած որոմները, խորտակելով չարին կանգնեցուցած մեհեանները եւ անոր փոխարէն Սերմանողին` Քրիստոսի ցանած փրկութեան սերմերը աճեցնել որպէս երաշխիք փրկութեան:
* * *
Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող դժնդակ պայմաններուն, այս տարի եւս հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, անխափան կերպով տեղի ունեցան Աւագ Շաբթուան արարողութիւնները` Ղազարու յարութեան, Տասը կոյսերու, Քրիստոսի մեղաւոր կնոջ կողմէ օծման, Վերջին Ընթրիքի եւ Թաղման կարգի յիշատակումները: Իսկ հաւատացեալներ, ժողովրդական պարզութեամբ եւ բնական ինքնաբխումով, մեղմ շեշտերով եւ հազիւ զգացուող ելեւէջներով կը մասնակցէին երգուող շարականներուն, զորս այնքա՜ն վեհութիւն, վերասլաց թռիչք, խորասոյզ ինքնահայեցողութիւն կը պատճառէին բոլորին հոգիներուն: Հաւատացեալներու հոգիներէն աղօթքի մրմունջներ կը վերթեւէին դէպի կամարներն այս տաճարին եւ կամարներէն վեր` կը հասնէին Ամենակալն Աստուծոյ: Իւրաքանչիւր ոք ունէր իր աղօթքը, աղաչանքը, խնդրանքը: Սակայն անոնք եկած չէին Եկեղեցի որպէս սոսկ անհատներ, այլ որպէս մէկ մարմին, առաքելահիմն ու լուսաւորչահաստատ եկեղեցի, հայկազնեան տոհմի հաւաքականութիւն:
Աւագ Հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանը: Ժամը 2:30-ին կատարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւնը` հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Սրբազան Հայրը Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, խոնարհութեան իբրեւ ապացոյց 12 դպիրներու ոտքերը լուաց, այնպէս ինչպէս Քրիստոս Ինք կատարած էր Իր 12 աշակերտներուն: Ժամը 4:00-ին սկիզբ առաւ «Խաւարման Գիշերուան» արարողութիւնը: Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ դպրապետ տոքթ. Սարգիս Իսկէնեանի, հիասքանչ կատարումով ներկայացուց օրուան յատուկ շարականները: Իսկ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւնը աղաչական մեղմութեամբ եւ աղեխարշ պոռթկումով, մերթ յանկուցիչ գրաւչութեամբ, մերթ ցնցիչ ուժգնութեամբ, մեղմաթրթիռ ձայներով կ՛ընկերակցէր երգեցողութեան եւ կ՛ապրէր շարականները իր հոգւոյն մէջ:
«Ո՞ւր ես մայր Իմ» յուզախառն շարականէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեցունց քարոզով լիացուց հաւատացեալներու հոգիները: Բնաբան ունենալով Քրիստոսի «Հա՛յր, ամէն ինչ կարելի է քեզի համար: Եթէ կարելի է այդ բաժակը հեռացուր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ իմ, այլ քու կամքդ թող ըլլայ» (Մր 14.36: Ղկ 22.4)), Գերաշնորհ Սրբազանը շեշտեց, թէ Քրիստոս Իր ուսուցումներով, աստուածահաճ կեանքով եւ ներկայութեամբ պայծառակերպեց, լուսակերպեց, փոխակերպեց, այլակերպեց բոլոր անոնք, որոնք Իրեն հետ հաղորդակցութեան մէջ էին: Անոնց սորվեցուց նեղութեանց, տագնապներու, դժուարութեանց մէջ չյուսահատելու եւ չվարանելու, այլ դիմելու Աստուծոյ, որ զիրենք գրկաբաց կ՛ընդունի, այնպէս ինչպէս ընդունեց Անառակ Որդին իր բազմապիսի մեղքերով հանդերձ: «Եթէ Աստուծոյ Որդին, Ինք Աստուած ըլլալով ծնկաչոք դիմեց Հօր Աստուծոյ, ոչ թէ մարդկային տկարութեան ու անկարութեան վիճակին մէջ, այլ մեզի սորվեցնելու, թէ մարդ ծունկի գալու, հնազանդելու եւ Երկնաւոր Հօրը դիմելու է…: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է ծունկի գալու իր հոգիին մէջ, իր սըրտին մէջ, իր մտքին մէջ` լսելու Ամենակալին ձայնը: Ահա այն ատեն կը սկսի հեծող սրտի կոծով ու հառաչանքով պաղատիլ Աստուծոյ` ձեռք կարկառելու իրեն, թողութիւն շնորհելու իր մեղքերուն, մաքրելու զինք իր մեղքերու աղտեղութենէն, լոյս տալու իր մտքին ու քայլերուն, յոյսով, հաւատքով ու առաքինութեան զէնքերով զինելու զինք ընդդէմ փորձութիւններուն ու փորձիչին, խաղաղութիւն պարգեւելու մանաւանդ այսօրեայ նեղութեանց ու տարապայման դժուարութեանց մէջ, սէր հեղելու իր սըրտին մէջ եւ իմաստութեամբ լեցնելու զինք` անհուն սիրով եւ բացարձակ հաճութեան Աստուծոյ կամքը կատարելու ի խնդիր», ըսաւ Սրբազան Հայրը:
Իսկ Կիրակի, 31 Մարտ 2013-ին, նախորդ օրուան` Ճրագալոյցին տեղի ունեցած վտանգաւոր մագլցումներուն բերումով, հայորդիներու ապահովութեան համար եւ երկրի մէջ տիրող անբարենպաստ իրավիճակին պատճառով, Ս. Պատարագը բացառաբար տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս: Ս. Պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդ Սըրբազան Հայրը, որ բնաբան ընտրած էր «Եթէ բերանովդ խոստովանիս, թէ Յիսուս Տէր է, եւ սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զինք յարուցանեց մեռելներէն` կը փրկուիս» աստուածաշնչական համարը:
Սրբազանը նախ փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց առ Բարձրեալն Աստուած եւ ապա իր հայրական գնահատանքը յայտնեց հաւատաւորներուն, որոնք հակառակ դուրսի աղմուկին, ահագնադղորդ ռմբակոծումներուն ու վտանգներուն դիմաց եկած էին եկեղեցի` մասնակից դառնալու Աւագ Շաբթըւան հոգեպարար արարողութեանց: Սրբազան Հայրը վկայեց` ըսելով. «Աստուծոյ եւ մարդկութեան առջեւ կը վկայեմ, որ մեր ժողովուրդը չի՛ գիտեր մեռնիլ, չի՛ կրնար մեռնիլ եւ այս բուխ հաւատքով կը շարունակէ համախմբուիլ»: Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորեց, թէ հայ ժողովուրդին համար իւրայատուկ նշանակութիւն եւ մասնաւոր գրաւչութիւն ունի Քրիստոսի Յարութեա՛ն տօնը, թէ` Քրիստոսի յարութեան տօնը պատմութեան ընթացքը փոխող ու մարդկային կեանքը յեղաշրջող եզակի դէպք մըն է: Առանց յարութեան Քրիստոս լոկ անցեալի գեղեցիկ յուշ պիտի ըլլար: Առանց յարութեան մարդկային կեանքը սոսկ նիւթով ու ժամանակով պայմանաւոր աննպատակ գոյութիւն պիտի ըլլար: Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ իրագործուեցաւ լոյսի յաղթանակը խաւարին դէմ, բարիին յաղթանակը` չարին դէմ, եւ կեանքին յաղթանակը` մահուան դէմ:
«Հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութիւն տեսաւ եւ ապրեցաւ: Տառապանք տեսաւ եւ ապրեցաւ: Հայրենիքը բազմաչարչար նեղութիւններ կրեց եւ ապրեցաւ: Սփիւռքը քայքայքուած կը թուէր ըլլալ, վերակազմակերպեցաւ եւ ապրեցաւ շնորհիւ իր յարուցեալ Փրկչին եւ մեր յարուցեալ հաւատքին: Ճիշդ է, որ մեր չորսդին մահն ու աւերածութիւնն են որ կը տիրեն, բայց մենք իրբեւ յարուցեալ ժողովուրդ, հարկ է որ Յարուցեալ Փրկչին տնօրինական կեանքի պսակումի այս յաղթանակի տօնին, սեղմօրէն կապենք մեր հաւատքի գօտին եւ խոր համոզումով նայինք երկրի վրայ ապրած մեր կեանքին ո՛չ որպէս ինքնիմաստ, ինքնավախճան, ինքնաբաւ գոյութիւն, այլ` յաւիտենականութեան ճամբուն մէջ մեր մարդկային յաւերժական գնացքին որպէս հանգըրուան», մատնանշեց Սրբազան Հայրը:
Պատարագի աւարտին Դպրաց դասը յարութեան նուիրուած փունջ մը շարականներով հանդէս եկաւ եւ ապա Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ օրուան խորհուրդը:
Արդարեւ, Արարիչը արարածի մարմինով արարածներուն մէջ իջած, Աստուած մարդացած, Կեանքն ու Անմահութիւնը մահկանացու մարդոց մէջ յայտնուած` տիրաբար ու արարչօրէն մեռելներ կեանքին վերադարձուց մահուան անէութենէն` արարչագործ խօսքի՛ մը զօրութեամբ. օրերէ ի վեր արդէն հողանալ սկսածներ լոյս կենդանութեան բերաւ խաւար գերեզմանէն` կոչի մը տիրական շեշտով` զարմացնելով, հիացնելով, երկիւղով ու վախով համակելով ամէն աչք որ տեսաւ, ամէն ականջ որ լսեց, ամէն միտք որ իմացաւ: Եւ Իր մարմաւոր կեանքի վերջին հանգրուանին վրայ, իր ժամանակի լրումի վճռական վայրկեանին, վճիտ յստակութեամբ գոչեց. «Քաջալերեցարուք, զի ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33):
Ալեքսան Սրկ. Գալայճեան