«Նոր Յառաջ» – «Մեր թաղամասերը ապահով են ու կը գտնուին բանակի տիրապետութեան տակ»: Այս մասին բազմիցս յայտարարած են Հալէպ մնացած Հայերը, քաղաքին մէջ առաջին բախումներու սկիզբէն ի վեր:
Հայկական թաղամասերու ապահովութիւնը սակայն սուր անկում ապրած է Սուրբ Զատկուան օրերուն: Նախ, սուրիացի ընդդիմադիրներ իրենց տիրապետութիւնը հաստատած են քաղաքի հիւսիս արեւմտեան Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մէջ, որ կը գտնուի ռազմավարական բարձունքի վրայ եւ ուր բնակիչներուն մեծամասնութիւնը Քիւրտեր եւ այլ շրջաններէ գաղթածներ են: Ըստ տեղեկութիւններուն, թաղամասի վրայ տիրապետութիւն կարելի եղած է հաստատել Քիւրտերու գործակցութեամբ:
Շէյխ Մաքսուտի կից կը գտնուի հայկական գերեզմանատունը, նաեւ հայաշատ՝ Շէյխ Թահա, Վիլլաներ եւ Նոր Գիւղ թաղամասերը, իսկ աւելի հեռուն՝ Սուլէյմանիէ թաղամասը:

Հալէպէն հասած վերջին տեսագրութիւնները կը բացայայտեն զինեալ ծանր բախումներ ռազմական ճակատին վրայ գտնուող Աստուրեան հիւանդանոցին մօտ, ուր կը գտնուի կառավարական բանակի Աուարէտ անցարգելը:

***
Ըստ Հալէպէն վստահելի աղբիւրէ մը մեր ստացած լուրերուն, քաղաքին մէջ կեանքը անդամալուծուած է բառին իսկական առումով։
Վերջին հինգ օրերուն բովանդակ Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւնը խզուած է եւ քաղաքը թաղուած է մթութեան մէջ։ Այդ պատճառով, անկախ միւս բոլոր զրկանքներէն, սառնարաններուն մէջ պահ դրուած սառեցուած բոլոր պաշարներն ու ձմեռնային պահածոները նեխած ու աղբաման թափուած են։

Եթէ կացութիւնը աւելի վատթարանայ ու տունը բանտարկուին, Հալէպցիները պահեստի ուտելիք ոչի՛նչ պիտի ունենան այլեւս։
Միւս կողմէ, քաղաքին մէջ ջուրի յաճախակի ու երկարատեւ ընդհատումներ կ՚ըլլան։ Օրուան հազիւ քանի մը ժամերուն ջուրը կը հոսի ծորակներէն։ Լուացք լուալը՝ անկարելի, իսկ լոգանք առնելը պերճասիրութիւն դարձած է։

Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին խափանուած են նաեւ հեռաձայնները (պարզ ու առձեռն) եւ համացանցը։

Մէկ շաբաթէ ի վեր քաղաքին վրայ ռմբակոծումները առաւել սաստկացած են։ Ցամաքէն՝ ծանր հրետանիները, օդէն՝ ռազմասաւառնակներն ու հրթիռները պայթումի խլացուցիչ աղմուկ կը բարձրացնեն։ Քաղաքին բնակչութեան կէսէն աւելին անտուն մնացած է։ Պատսպարուած են դպրոցներու մէջ կամ ազգականներու մօտ։ Հսկայ ու շէն թաղամասեր՝ ուղղակի կը յիշեցնեն Լենինականի երկրաշարժին անմոռանալի պատկերները։
Սուրիոյ 70 առ հարիւրը ընդդիմութեան ձեռքը անցած է։ Հայաբնակ թաղերը կը գտնուին մնացեալ 30 առ հարիւրի սահմաններէն ներս։

«Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթին քաղուածքը, Ապրիլ 6, թիւ 491