kantsasar.com – Ալի Սալթանալի Սալթանը թուրք լուսանկարիչ է: Ծնած է Էրզրում (Կարին-«Ակունք»ի խմբ.), կ՛ապրի Անգարա: Ան 8-րդ անգամն ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ: Առաջին անգամ Հայաստան եկած էր 2008-ին` յայտնի հայ լուսանկարիչ Ռուբէն Մանկասարեանի հետ «Կարս-Գիւմրի լուսանկարչական կամուրջ» ծրագիրի ծիրին մէջ: Ռ. Մանկասարեանի հետ Ալի Սալթան իրականացուցած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը լուսանկարելու ծրագիրը: 2009-ին` Ռուբէն Մանկասարեանի մահէն ետք, Ալին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող լուսանկարչական աշխատանքը կը շարունակէ առանձին:
13 Մարտին Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին մէջ (ՆՓԱԿ) բացումը կատարուեցաւ Ալի Սալթանի «Գետին միւս ափը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ իրականացուած է «Սահմանին այն կողմը» նախագիծի ծիրին մէջ: Լուսանկարներուն մէջ Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանամերձ գիւղերն են` Բագարանն ու Հալիքիսլաքը, իրենց բնակիչներով: Կարծէք երկուքին մէջ ալ նոյն կեանքն է` նոյն առօրեայով: Ճիշդ ա՛յդ է լուսանկարիչին հիմնական փոխանցելիքը` մարդիկ կ՛ապրին կողք–կողքի, նոյն հոգերով ու երազանքներով, սակայն միաժամանակ չափազանց հեռու են իրարմէ:
Նախագիծին նպատակն է լուսանկարներու միջոցով այս երկու բնակիչները իրարու մօտեցնել, քանի որ զիրար չճանչնալը, անտեղեակութիւնը կրնայ յանգեցնել նախապաշարումներու, վախի եւ զայրոյթի, աւելի՛ն` արհամարհանքի, մերժման կամ աւելի վատ հետեւանքներու:
Նախագիծին հեղինակները ունին այն կարծիքը, որ դիմացինին մշակոյթին, հաւատքին ու ձգտումներուն ճանաչումը կրնայ նուազեցնել վախը եւ յաղթահարել տարակարծութիւնները:
«Այս երկու գիւղերը, որոնք կը գտնուին նոյն գետի տարբեր մասերուն վրայ, միաժամանակ շատ մօտ ու հեռու են իրարմէ, իմ փափաքս է ներկայացնել անոնց դիմացինին կեանքը», «Անկախ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է թուրք լուսանկարիչը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ինչ գիտէ եւ ի՞նչ է իր տեսակէտը` Ալին յայտնած է. «Ասիկա ցաւ է, ափսոսանք, զոր կարելի չէ վիճարկել, անոր համաձայն ըլլալ կամ չըլլալ, ատիկա միայն կարելի է կիսել»:
Ըստ անոր, Թուրքիոյ մէջ շատեր, ինչպէս ինք, կ՛ընդունին Ցեղասպանութեան փաստը, բայց միաժամանակ չեն ուզեր անընդհատ այդ մասին խօսիլ, այլ կ՛ուզեն գործով բան մը փոխել:
Ալի Սալթանը յոյս ունի, որ այս ցուցահանդէսը ըլլալ փոքրիկ քայլ մը, որ այլ քայլերու հետ միասնաբար նպաստէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ տարակարծութիւններու վերացման:
Նախագիծին կ՛աջակցին նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուները: Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Կոնսթանթին Օպոլենսքի, որ նոյնպէս ներկայ էր ցուցահանդէսին, «Անկախ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Այս երկու գիւղերուն բնակիչները կ՛ապրին կողք-կողքի, սակայն շատ հեռու են իրարմէ: Փակ սահմանները անբնական երեւոյթ են, նման բան պէտք է ըլլայ: Ճիշդ է, որ այս ցուցահանդէսը չի կրնար աշխարհը փոխել, սակայն այդ մարդիկ, որոնք կ՛ապրին իրար կողքին, առանց զիրար ճանաչելու, գոնէ այս լուսանկարներուն միջոցով կրնան որոշ չափով ծանօթանալ իրարու, քանի որ ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է երկու երկիրներուն մէջ ալ»:
Նշենք, որ նոյն ցուցահանդէսը նախորդ տարուան Նոյեմբերին կայացած է նաեւ Անգարայի մէջ, ուր, թուրք լուսանկարիչին գործընկերուհիին համաձայն, շատ մեծ արձագանգ ունեցած է, ներկաներէն ոմանք նոյնիսկ արտասուած են:
ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻ
FRIDAY, 29 MARCH 2013 16:41 Խ.Շ.
ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
ՀԱՅԸ ԿԸ ՄՆԱՅ
ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻ
Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարած հակահայ քաղաքականութեան դէմ Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբը, օրերս, ամերիկահայ համայնքի օժանդակութեամբ, շարք մը բողոքի արշաւներ եւ միջոցառումներ ձեռնարկած է:
Սակայն, տարօրինակն ու զաւեշտականը այն է, որ Հայաստանի մէջ համապատասխան հաշտ ընկալումով չի դիմաւորուիր ամերիկահայերու բողոքի նախաձեռնութիւնները: Ինչպէս միշտ, այսօր եւս, շրջանառութեան դրուած է այն թիւր տեսակէտը, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը առիթ չի փախցներ հակաթրքական աղմուկ ու ընդվզում յարուցելու, հարեւան Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կարգաւորելու փորձերը խոչընդոտելու` շարունակելով թուրքը ներկայացնել որպէս հայութեան միակ ու յաւիտենական թշնամին: Այլ խօսքով` հայաստանեան որոշ շրջանակներու կողմէ Դաշնակցութիւնը դարձեալ կը ներկայացուի իբրեւ մեղաւոր, «բարիդրացնութեան» ջատագով Թուրքիոյ հետ մեր երկրի յարաբերութիւնները տեւաբար ապակայունացնող, ձգտուածութեան մղող մոլեռանդ ազգայնական կազմակերպութիւն:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցով հայկական «որոշ» շրջանակներ կամ կազմակերպութիւններ միշտ ալ հիացումով արտայայտուած են թուրքերու ցուցաբերած անկեղծութեան ու դրական մօտեցումներու մասին, ինչպէս նաեւ անհանգստութիւն եւ դժգոհութիւն յայտնած` հայ ազգայնական խմբաւորումներու, ու յատկապէս` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայրենասիրական «շահարկումներուն» նկատմամբ:
Ներազգային մեր իրականութեան մէջ առհասարակ անպակաս եղած են նմանօրինակ դատապարտելի եւ ապազգային դիրքորոշումներ, որոնցմէ շատեր արդէն մոռացութեան մատնուած են: Առ ի հաստատում վերոնշեալ մեր նկատումներուն եւ մտահոգութիւններուն, ստորեւ կը ներկայացնենք հակիրճ, բայց շատ բան վկայող հետագայ ուսանելի օրինակը:
1999-ին Թուրքիան հարուածած ահաւոր երկրաշարժի արդիւնքով, փլատակներու տակ զոհուեցան տասնեակ հազարաւոր թուրքեր, որոնց թիւը ամենայն հաւանականութեամբ կարելի էր կրճատել, թէկուզ փոքր տարողութեամբ, եթէ փրկարարական աշխատանքները արագ եւ արդիւնարար կերպով կազմակերպուէին:
Այստեղ անշուշտ երկրաշարժն ու անոր կործանարար հետեւանքները նկարագըրելու միտում չունինք: Բոլորին ծանօթ է, թէ անդարմանելի ինչ վնասներ եւ կորուստներ կրնայ պատճառել նման ողբերգական պատահար մը: Աւելին, ոեւէ մարդու կամ ցեղի իսկական ինքնութիւնն ու բնոյթը կը բացայայտուի այսօրինակ համատարած քանդում եւ մահ սփռող պատուհասներու ընթացքին: Թրքական կառավարութիւնը 1999-ի արհաւիրքէն անմիջապէս ետք օգնութեան խնդրանքով դիմեց համաշխարհային հանրութեան, ապա անյապաղօրէն ու վճռականապէս մերժեց Հայաստանի ու Յունաստանի կողմէ առաջարկուած աղէտեալ թուրքերու մարդասիրական օժանդակութեան փութալու պատրաստակամութիւնը:
Այդ օրերու Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարը բացայայտօրէն յայտարարեց` որ իրենք պատրաստ չեն Յունաստանի կողմէ առաջարկուած բուժօգնական արիւնը ընդունելու: Թուրք նախարարը անվարանօրէն եւ ծայրայեղ մոլեռանդութեամբ կը յայտարարէր, որ չի ցանկար թուրքերու երակներուն մէջ յունական պիղծ արեան ներարկումը:
Ազգայնամոլ թուրք նախարարը առաւել եւս չէր փափաքեր, որ փլատակներու տակ խողխողուած թուրքերը, Աստուած մի արասցէ, յանկարծ, հայերու «եղծուած ու յանցագործ» ձեռքերով փրկուէին:
Թուրքին համար բնականաբար էական ոչ մէկ նշանակութիւն կամ արժէք կը ներկայացնէ, թէ Հարաւային Սիպերիայէն եւ Ասիոյ տափաստաններէն Արեւմուտք ներխուժած նեղաչեայ հրոսակներու ու ենիչերիներու ժառանգորդներու երակներուն մէջ այսօր ինչ ազգութեանց արիւններ կը հոսին: Անոր համար առաջնահերթն ու հիմնականը թուրք ինքնութեան ընդգծումն ու վերահաստատումն է միայն:
Սեփական երկրի ու ժողովուրդի արհաւիրքի օրերուն, Թուրքիա արժանաւորապէս ու գերազանցօրէն դրսեւորեց իր անմրցելի ցեղապաշտութիւնը, իր հետեւողական ու սկզբունքային այլամերժութիւնը եւ մասնաւորաբար` հայատեացութիւնը: Թուրքեր աներկբայօրէն հաստատեցին, թէ հայեր ու յոյներ իրենց թշնամիներն են, եւ թէ կը մերժեն որեւէ տեսակի օգնութիւն անոնցմէ: Այդ վերաբերումով օսմանցիներու յետնորդներ օր ցերեկով կ՛ապացուցէին` թէ հայեր, յոյներ, պուլկարներ, արաբներ, քիւրտեր… եւ բոլոր անոնք, որոնց երկիրը բռնագրաւած են եւ կ՛ապրին անոնց հողերուն վրայ` թուրքի ոխերիմ թշնամիներն են: Բոլոր անոնք` որոնք աւերի, ջարդի, կոտորածի ենթարկուած են թուրքին կողմէ` բնականաբար բարեկամ չէին կրնար ըլլալ, այլ` թշնամի, որովհետեւ այլապէս` պիտի չկոտորէին, պիտի չխողխողէին, պիտի չսպաննէին զանոնք: Այդ պատճառով ալ անոնք բնաւ պիտի չներեն իրենց թշնամիներուն: Իսկ հայը, ինչպէս կանխանշեցինք, թուրքին համար կը մնայ յաւերժական թշնամի` որքան ալ փորձէ բարեացակամութիւն դրսեւորել ցեղասպանին նկատմամբ:
Ցանկատեսութեամբ ապրող միամիտ հայորդիներ կամ ապազգային ուղղուածութեան տէր հայանուն ստրկամիտներ տակաւին չեն յուսալքուած, այլ անհամբեր կը սպասեն, կ՛երազեն այն երանելի օրը, երբ թուրքեր պիտի զգաստանան , պիտի ապաշխարեն եւ ներողութիւն պիտի խնդրեն հայութենէն, ինչպէս գերմանացիները` հրեաներէն: Անխնայօրէն մեզ կոտորելու, անգութօրէն հայորդիներ տարագրելու եւ անիրաւօրէն մեր երկիրը բռնազաւթելու, մեզ հարստահարելու, մեր ստացուածքն ու հարստութիւնը յափշտակելուն համար թուրքեր ամենեւին պիտի չներեն մեզի: Անոնք հետեւողականօրէն եւ ընդմիշտ պիտի ուրանան մեր ժողովուրդի դէմ գործած իրենց բարբարոսութիւնները, անմարդկային արարքները: Բոլորը պէտք է հասկընան եւ համոզուին, որ եթէ նոյնիսկ օր մը որոշենք զիջիլ ու ներել թուրքին, միանգամայն յայտարարել` թէ ան մեր թշնամին չէ, ապա դարձեալ ոչինչ պիտի փոխուի կացութենէն: Որովհետեւ եթէ անգամ մենք հրաժարինք թուրքը մեր թշնամին նկատելէ, այնուհանդերձ` ան երբեք պիտի չյօժարի այդ վերաբերումին, վերատեսութեան պիտի չենթարկէ իր անհաշտ, բացասական ընթացքը, համարժէքօրէն պիտի չարձագանգէ, այլ պիտի շարունակէ մեզ իր ոխերիմ թշնամին համարել: Այսինքն, ամէն պարագայի մենք պիտի մնանք թուրքի յաւիտենական ոսոխը:
Բացի այս բոլորէն` ի՞նչ ներելու մասին է խօսքը, երբ առայսօր եւ ընդհանրապէս ներողութիւն խնդրող չկայ մեզմէ:
Թուրքը շատ լաւ կը գիտակցի թէ իր մեղքը անքաւելի է, հայերու նկատմամբ իր գործադրած Սպանդը, պատճառած չարիքները անմոռանալի, աններելի: Ան քաջ համոզուած է, որ անկարելի է արդարացնել իր ահաւոր ու քստմնելի նախճիրը: Հետեւաբար` ան հայը կը համարէ թշնամի եւ մինչեւ վերջ պիտի չփոխէ այդ կողմնորոշումը:
Առ այսօր կը շարունակենք թուրքերու հանդէպ մեր կրաւորական, պարտուողական վարքագիծը: Յետոյ` իրողութիւնները, ճշմարտութիւնները իրենց ճշգրիտ բնորոշումով ներկայացնելը, թշնամին իր հարազատ որակումով անուանարկելը բացարձակապէս չի նշանակեր անոր դէմ անմիջական առճակատումի ձեռնարկել, ռազմական գործողութիւններ սանձազերծել, աւելին` երբեք չի նշանակեր թուրքին կոկորդը սեղմելու կամ անոր գլուխը ջարդելու այսրոպէական տրամադրութիւն կամ պատրաստակամութիւն:
Ազնուազարմ հայը ի վիճակի է նոյնիսկ իր արիւնարբու ոսոխին օգնութեան փութալու, երբ ան տարերային պատուհասի հանդիպած է, հսկայական վնասներու եւ կորուստներու ենթարկուած, կամ մեծ ողբերգութիւն կը դիմագրաւէ:
Իրերն իրենց հարազատ անուններով կոչելը անպայման յամեցող ատելութեան եւ կանխակալ վարկաբեկումի ցուցանիշ, փաստարկ պէտք չէ ընդունիլ, այլ` մարդա-սիրական վսեմ զգացումներու եւ անհաշուենկատ դրացնութեան անկեղծ արտայայտութիւն:
Առաւել նաեւ` հնարաւոր երկխօսութեան եւ լուրջ, արդիւնարար քննարկումներու նախապայման:
Բնականաբար այն պարագային` երբ անհրաժեշտ ենթահող, խրախուսիչ նախադրեալներ, փոխադարձ ցանկութիւն եւ իրաւ պատրաստակամութիւն առկայ են:
Խ.Շ.
ՍՓԻՒՌՔԸ
FRIDAY, 29 MARCH 2013 16:10 ADMINISTRATOR
ՍՓԻՒՌՔԸ ԻՐ ՆԵՐԿԱՅ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ
ԵՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ.
ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կեանքը միայն դժուարութիւններ չէ, որ կը հանէ Սփիւռքի հայութեան առջեւ. կան նաեւ կարգ մը նպաստաւոր իրողութիւններ, որո՛նք եւս հետեւանք Սփիւռքի կեանքի պայմաններուն:
Անցեալ քառորդ դարու ընթացքին մեծ չափով աւելցած են ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋՈՑՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: Աշխարհացրիւ հայութիւնը, իրարմէ հազարաւոր մղոններով հեռու գաղութներու մէջ կեդրոնացած հայութիւնը, ներկայիս աւելի դիւրաւ եւ աւելի յաճախ հաղորդակցութեան մէջ է այլ գաղութներու հետ: Օդանաւային ճամբորդութիւնները կորսնցուցած են առաջուան իրենց անմատչելիութիւնն ու վտանգաւոր բնոյթը. ընդհակառակն, անոնք, համեմատաբար, փոխադրութեան ամենաապահով միջոցն են. այս իրողութիւնը հետզհետէ թափանցած է մերօրեայ մարդկութեան մտածումէն ներս եւ ան այլեւս չունի առաջուան վերապահութիւնն ու վախը օդանաւային ճամբորդութեան վերաբերմամբ:
Սփիւռքի զանազան գաղութներու մշակութային միութիւնները (երբեմն առանց միութենական նպաստի, անհատական ձեռնարկները) իրարու հետ յարաբերութեան մէջ կը դնեն հայկական հեռաւոր գաղութները, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, գրագէտներու, թատերախումբերու ճամբորդութիւններով եւ այլ գաղութներու մէջ ունեցած ելոյթներով. ինչ որ կը սերտացնէ ՍՓԻՒՌՔԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ԿԱՊԸ, կը դառնայ միաւորման յաւելեալ նպաստ, նոր թափի խթան, նոր աւիշ` կենսունակութեան:
Սփիւռքի մէջ անցուած յիսնամեակը եթէ մէկ կողմէ կը խլէ հայութենէն մէկ մասը իր զաւակներուն, միւս կողմէ` տուած է հայութեան նոր սերունդ մը, մէկ-երկու նոր սերունդ, որոնք իրական պատրաստութեան տէր են, մեծցած ըլլալով կեանքի բնական պայմաններու մէջ եւ ձեռք բերած ըլլալով անհրաժեշտ մասնագիտացումը` ուսումով կամ փորձառութեամբ: Պատրաստուած նոր սերունդ մը մեծ նպաստ մըն է Սփիւռքի հայութեան գոյապահպանման (գոյապահպանումը պէտք չէ առնել կայուն (սթաթիք) պահպանման մը իմաստով, այլ, ընդհակառակն, գործօն, արտաքին աշխարհի հետ շփման մէջ եղող, տինամիք գոյութեան մը պահպանման իմաստով): Պատրաստուած նոր սերունդները ի վիճակի են տեսնելու, քննելու, լաւապէս ծանօթանալու կեանքի նոր պայմաններուն, այդ պայմաններէն բխող հրամայականներուն եւ կրնան գտնել այն ձեւերը, որոնք պիտի կարենան գոհացնել ե՛ւ կեանքի անմիջական պահանջները, ե՛ւ սփիւռքահայ կեանքի աւելի երկարատեւ գոյութեան համար կենսական պահանջները:
Միայն նոր սերունդները չեն որ պատրաստուած են այսօր պէտք եղած ձեւով, այլ նաեւ, մասամբ գէթ, այդ ազդեցութիւնը կրած են նաեւ սփիւռքահայ կեանքը վարող բոլոր ուժերը, բոլոր տարիքի սերունդները: Ներկայիս կարելի է ըսել, թէ սփիւռքի հայութեան ներկայով ու ապագայով հետաքրքրուող ամէն հայ անհատ, ի՞նչ կողմնորոշում ալ որ ունենայ, սուր կերպով կ՛անդրադառնայ սփիւռքին սպառնացող վտանգներուն, սփիւռքահայութեան կեանքի պայմաններու դժուարութեանց: Այդ անդրադարձումն իսկ նպաստաւոր իրողութիւն մըն է: Ճիշդ է, անդրադառնալը չի բաւեր` կարենալ անմիջապէս իրականացնելու համար այն, ինչ որ անհրաժեշտ է ու կարեւոր, սակայն նման անդրադարձումներէն է, որ կը ծնին նոր մտածումները, նոր ճիգերը եւ քայլ մը առաջ կը տանին նոր ճիգերու անհրաժեշտութեան մտածողութիւնը:
Սփիւռքի համար մեծ նպաստ մըն է նաեւ այլ փոքր ազգերու մղած պայքարը իրենց գոյութեան կամ իրենց ազատութիւնն ու անկախութիւնը ձեռք բերելու համար: Եթէ կարգ մը երկիրներ կորսնցուցած են իրենց ազատութիւնն ու անկախութիւնը, իբրեւ հետեւանք, Բ. Համաշխարհային պատերազմին, ուրիշ երկիրներ, փոքր ազգեր, ազգե՛ր, որոնք ո՛չ թիւով, ո՛չ պատմութեամբ, ո՛չ միջազգային իրաւունքներու ճանաչման տեսակէտէն տակաւին հայ ազգի իրավիճակին հասած են, նոյն աշխարհամարտէն ետք, հետզհետէ ձեռք բերին իրենց ազատութիւնն ու անկախութիւնը, տիրացան իրենց երկիրն ու ճակատագիրը իրենց ըմբռնած ձեւով վարելու իրաւունքին: Ուրիշներ փորձեցին, պայքարեցան, կռուեցան նոյնիսկ եւ ձեռք չձըգեցին միջազգայնօրէն ընդունուած ճանաչում մը. սակայն պատմութեան մէջ ոտք դրին իբրեւ պահանջատէր եւ աշխարհի մեծ ու փոքր ազգերուն զգացուցին, թէ ԻՐԵՆՑ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ Է, ՈՐ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ԵՒ ԹԷ ՈՐՔԱՆ ԱՏԵՆ ՈՐ ՄԷԿ ՀԱՏԻԿ ԻՍԿ ԱԶԳ ԿԱՅ ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՆԻՐԱՒՈՒԱԾ` ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ՄՆԱՑԵԱԼ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ: Հայը ականատես է այդ իրողութեանց, սփիւռքահայը քաջածանօթ է եւ գրեթէ ամէնօրեայ շփման մէջ նման երեւոյթներու, ձգտումներու, պայքարներու հետ: Զինք բաղկացնող տարրերը, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, կը սկսին ըմբռնել, թէ ԻՐԵՆՔ ԵՒՍ ՀԱՄԱՀԱՒԱՍԱՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ ՈՒՆԻՆ, ՆՄԱՆ ԱՅԴ ՄԻՒՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԳԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ. ուստի չեն կրանր ՀԱՄԱԿԵՐՊԻԼ աշխարհացրիւ եւ իրաւազրկուած կացութեան մը, չեն կրնար ընդգրկել ձուլումի եւ օտարացման ճամբան, կարենալ ապրելու համար անհատական հանգիստ կեանք մը: Այդ միւս ազգերու օրինակը կը մղէ Սփիւռքի հայութիւնը անդրադառնալու սեփական ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՍԵՓԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ, ՍԵՓԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՄԲՈՂՋԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ:
Եւ երբ ազգ մը պայքարի մէջ է իր քաղաքական իրաւունքները ձեռք բերելու համար, անիկա ձուլուիլ չի կըրնար, այլասերիլ չի կրնար: Կ՛այլասերին միայն անոնք, որոնք սեփական ազգին համար ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԵՒ ԻՆՔՆԻՐԱՒ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ ՉՈՒՆԻՆ:
Վերջին տասնամեակը ցոյց կու տայ, թէ հայութիւնը, ամէն կողմ, աւելի ու աւելի գիտակից է իր քաղաքական իրաւունքներուն եւ պահանջատէր անոնց ամբողջացման: Նման մղում մը ինքնին մեծագոյն նպաստն է Սփիւռքի կենսունակութեան պահպանման, իբրեւ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔ:
Սփիւռքի կեանքին աշխուժացման համար նպաստաւոր իրողութիւն մըն է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնը. հոգ չէ թէ ան ըլլայ թերի, խտրական ու միակողմանի:
Թերիները, խտրականութիւնը, միակողմանիութիւնը հետեւանք են Հայաստանի ղեկավար կուսակցութեան արուեստական միջոցառումներուն, ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ մղած պայքարին: Առաւելութիւնները, նպաստները, որ կու գան ներկայիս Հայաստանի յարաբերութիւններէն սփիւռքի հետ, կու գան հակառակ բոլոր թերիներուն, բոլոր սխալներուն: Անոնք կու գան, որովհետեւ ՀԱՅԸ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ Է ԾԱՅՐ ԱՍՏԻՃԱՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՆՅԱԳՕՐԷՆ ԿԸ ԾԾԷ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՈՐ ՅԱԳՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ:
Էրեբունիէն Երեւան ցուցահանդէս մը Փարիզի մէջ, Վիկտոր Համբարձումեանի մէկ այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, տեսակցութիւն մը ՈՒԻ-ԹԱՆի հետ, Արամ Խաչատրեանի մը երաժշտական ելոյթները, երգի ու պարի «անսամպլ»-ի մը պարած «Սարտարապատը», բանաստեղծին ու գրագէտին հայաշունչ խօսքը եւ բազմաթիւ այլ նման իրողութիւններ հայութիւնը կը զօրացնեն իր գոյապայքարին մէջ, կը կապեն զայն ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇՂԹԱՅԻՆ: Նոյնը տեղի կ՛ունենայ, երբ Սփիւռքի հայը կ՛այցելէ Հայաստան, կը տեսնէ շէն մայրաքաղաքը Հայաստանի, երկրին արձանագրած նուաճումները ճարտարարուեստի, գիտութեան եւ արուեստի մարզերուն մէջ, կառուցուած յուշարձանները, որոնք քիչ մը աւելի կը պողպատացնեն կամքերն ու հոգիները: Այս բոլորը անկասկած մեծ նպաստներ են այսօրուան Սփիւռքի հայութեան համար, որպէսզի ան աւելի գօտեպնդուած շարունակէ իր կեանքը եւ իր պայքարը:
Նորութիւն մը չեն ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ մղուած հալածանքներն ու խեցեվճիռը (օսթրասիզմ): ՀՅ Դաշնակցութիւնը հալածուած էր ցարական ռեժիմի օրով ալ: Մեծ պետութիւնները միշտ չէ որ ուղիղ կ՛ըմբռնեն իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող ժողովուրդներու հոգեկան աշխարհը եւ կը գտնեն անոնց հետ վարուելու ուղիղ եղանակը: Իրենց սխալանքին մէջ յաճախ հալածանքի կ՛ենթարկեն այդ ժողովուրդներու ազգայնական ձգտումներուն արտայայտիչները (դաշնակցական ըլլան անոնք կամ հակադաշնակցական):
Սփիւռքի հետ յարաբերութեանց ընթացքին, Հայաստանի վարիչ ուժերուն կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան հանդէպ ցոյց տրուած է վերաբերումը, սակայն, պէտք չէ նուազեցնէ արժէքը հայրենի հողէն ճառագայթող, հայրենի հողին վրայ ապրող ժողովուրդէն եկող ջերմութեան:
Կենսունակութեան աւիշը հողէն կը բարձրանայ. աշխարհացրիւ ու զրկուած զանգուածները հայրենի հողէն կրնան առնել իրենց սնունդը: Հողն ու իր վրայ ապրող ժողովուրդը նոյնացած են: Հողն ու իր վրայ ապրող ժողովուրդը դարերէն կու գան. անցաւոր չեն, մնայուն են: Մնայունն է միայն որ մնայուն կերպով սնունդն կրնայ տալ հայ հոգիներուն: Սփիւռքի հայութիւնը մտքով ու հոգիով իր արմատները պէտք է արձակէ դէպի հայրենի հողը ու խարսխէ ինքզինք հայրենի ժողովուրդի հոգիին մէջ: Եւ այս` հակառակ բոլոր այն ժխտական, բացասական ու վնասաբեր կեցուածքներուն, որ հայրենի երկրի վարիչները յաճախ, նոյնիսկ` տեւաբար, ցոյց կու տան հանդէպ հայոց պատմութեան վերջին ութսունամեակին եւ այդ ութսունամեակի ընթացքին հայ ժողովուրդի ձգտումները մարմնաւորող ՀՅ դաշնակցութեան:
Ժողովուրդի պատմութեան մասին պահուած պարտադիր լռութիւնները, անոր ձըգտումներուն իրականացման համար պայքարող ՀՅ դաշնակցութեան հանդէպ որդեգըրուած մերժողական կեցուածքն ու հալածանքը, կուսակցական հակադրութեան մը եւ սխալ ղեկավարուող քաղաքականութեան մը արդիւնքն են: Այդ հալածանքները ոչինչով կըրնան խախտել հայ ժողովուրդի վստահութիւնը` հանդէպ ՀՅ Դաշնակցութեան ու մանաւանդ ոչինչով կրնան նուազեցնել հայրենի շունչին բերած նպաստը Սփիւռքի հայութեան, անոր գոյատեւման պայքարին եւ ազգային բոլոր իրաւունքներու ամբողջական տիրացման համար տարած աշխատանքներուն մէջ:
Շունչն ու ոգին հայրենի հողէն կու գան, կամքն ու վճռականութիւնը ազգէն կը ճառագայթեն: Մենք բոլորս անցողական ենք, յաւիտենականը ազգն ու հայրենիքն են: Սփիւռքի հայութիւնը ակնարկը միշտ ուղղուած պէտք է պահէ յաւիտենական արժէքներուն. անոնք է, որ իր մէջ կը դառնան ուժ ու կորով, կամք ու վճառականութիւն:
«Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
FRIDAY, 29 MARCH 2013 15:02 ՌԱՖՖԻ ՔԻՒՐՔԼԵԱՆ
ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը գերեզմանէն` աննախընթաց եղելութիւն մըն է, հրաշքներուն հրաշքն է, մարդկային իմացական կարողութիւնէն վեր` աստուածային կարգադրութիւն մը: Խաչի չարչարանքով մահացած Գողգոթայի դատապարտեալը, գերեզմանէն յարութիւն կ՛առնէ, կ՛ոտնակոխէ մահը, եւ կը լուսաւորէ արարածներուն հոգիները, հանդերձեալ կեանքի լուսապայծառ իրողութեամբ: Յարուցեալը իր աստուածային փառքով յաջորդաբար կ՛երեւի իր մօր Մարիամին, իւղաբեր կիներուն եւ աշակերտներուն: Կը փարատէ անոնց վախը, կը ցըրուէ անոնց կասկածները, եւ կը վերահաստատէ անոնց յոյսերը եւ անոնց իշխանութիւն կու տայ ներելու մարդոց մեղքերը: Քրիստոսի յարութեան իրողութիւնը ուրեմն պատմական պարզ պարագայ մը չէ: Երկրագունդի վրայ պատահած նշանաւոր դէպքերէն ոչ մէկը կրնայ համեմատուիլ յարութեան հրաշքին հետ: Եթէ Քրիստոսէ առաջ մեղքը իր լուծին տակ կը պահէր մարդկութիւնը, յարութեան հրաշագործ հարուածով` հեզ եւ խոնարհ հոգիներ կ՛ազատագրուին մեղքին ու մահուան կապանքներէն: Յարութեան զօրութիւնը կը սրբացնէ ճշմարիտ քրիստոնեան. կ՛ազնըւացնէ անոր կեանքը, կը հերոսացնէ զայն առաքինութեան գործերու մէջ այն աստիճան, որ ո՛չ նահատակութիւնը, ո՛չ մահը եւ ո՛չ ալ ապագայի անորոշութիւնը կարող են ահաբեկել ու հրաժարեցնել զայն իր նուիրումի պարտականութիւններէն: Ուստի յարութեան հրաշքով զօրացած հաւատացեալներս, անհաւատներէն տարբեր կերպով կ՛ըմբռնենք աշխարհի իրերը եւ կը նայինք անոնց վրայ: Անցնողականէն անդին` կը տեսնենք յաւիտենականը, կորստականէն անդին` անկորնչելին, գերեզմանէն անդին` հանդերձեալը, եւ մահէն անդին` յաւերժական կեանքը: Քրիստոսի հրաշափառ յարութենէն ճառագայթող ճշմարտութիւններով իր կեանքը իմաստաւորող հայ ժողովուրդը ինքը եւս բազմիցս ապրեցեաւ իր գողգոթան, ունեցաւ իր խաչը. եւ ո՞վ չունեցաւ եւ չունի իր խաչը. Սակայն խաչին կը յաջորդէ յարութիւնը ինչպէս որ գիշերուան խաւարին կը յաջորդէ ցերեկուան լոյսը: Քրիստոսի յարութեամբ աշխարհը ներթափանցուեցաւ յաւիտենական ճշմարտութեամբ. ինք արդէն այդ ճշմարտութիւնը քարոզելու համար մահուան դատապարտուեցաւ, Յիսուս առիթով մը զինք շրջապատող եւ սպաննել ուզող հրեաներուն կ՛ըսէ «բայց դուք հիմա կ՛ուզէք սպաննել զիս, պարզապէս որովհետեւ ձեզի խօսեցայ ճշմարտութիւնը, որ հօրմէս լսեցի» (Յով.8:40): Այլ առիթով մը իր առաքեալներուն ինքզինքը յայտնելու իր ճիգին մէջ կ՛ըսէ. «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յով.14:6): Քրիստոսի Առաքեալները զինուած յաւիտենական ճշմարտութեամբ եղան առաջին վկաները Քրիստոսի յարութեան, այսինքն գերագոյն ճշմարտութեան յաղթանակին: Անոնք եղան անվեհեր ու քաջ քարոզիչները հրաշափառ յարութեան: Ոչ ոք կրցաւ դէմ կենալ իրենց քարոզութեան: Անոնք նեղութիւններն ու հալածանքը ոչինչ համարեցին, որովհետեւ իրենց աչքերուն մէջ կար տեսիլքը յարութեան: Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով զօրացած հաւատացեալը կը զրահաւորուի աշխարհէն իրեն եկող չարին դէմ եւ աւելիով կը մօտենայ Աստուծոյ եւ կ՛ունենայ այն կենդանի` յոյսը, թէ պիտի ժառանգէ անեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը` վերապահուած իրեն համար երկնքի մէջ: Ի վերջոյ, Աստուածամերձութիւնը ուղին է քրիստոսաճանաչութեան եւ անոր յարութեան զօրութեամբ ապրելուն եւ գործելուն: Արդարեւ յարութեան տօնակատարութիւնը հրաւէր է մեզի մտածելու, խորհրդածելու յարութեամբ իրագործուած կեանքի մասին: Կեանք մը որով մեր «Յանցանքները» կը ջնջուին, Աստուծոյ Ս. հոգին կը շահինք եւ Աստուծոյ որդիները կը դառնանք: Արդ, Յարութեան հրաշափառ հաւատքով ապրող էակը կ՛արդարանայ եւ կ՛արժանանայ փրկութեան, բայց ի հարկ է կենդանի ու աներկբայ հաւատքով ընդունինք Քրիստոսի յարութիւնը, որպէսզի այլակերպէ մեր կեանքը եւ մեզ առաջնորդէ դէպի խոստացուած երկնքի արքայութեան:
Պատրաստեց`
Ռաֆֆի Քիւրքլեան
ԵՐԵՒԱՆ – ԻՄ ՍՐՏԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ (Զ.)
FRIDAY, 29 MARCH 2013 14:25 ՄԱՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԵՐԵՒԱՆ –
ԻՄ ՍՐՏԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ (Զ.)
Դրօշ եւ զինանշան
Երեւան մայրաքաղաքը ունի նաեւ իր դրօշը եւ զինանշանը:
Դրօշի հեղինակներն են Կարապետ Փաշայեանը եւ Կարապետ Աբրահամեանը: Դրօշի կեդրոնում քաղաքի զինանշանն է, որը շրջանակուած է Հայաստանի 12 մայրաքաղաքները խորհրդանշող փոքրիկ եռանկիւնիներով, իսկ զինանշանի վրայ պրոնզի եւ ծիրանագոյն երանգների վրայ կապոյտով պատկերուած է յաղթական դիրքով կանգնած թագադիր առիւծը` գաւազանը ձեռքին, որը ուրարտական գլխաւոր աստուած Խալդիի խորհրդանիշն է: Առիւծի կրծքին ամրացուած վահանին ուրուագծւում են յաւերժանշանն ու Արարատ լեռը (հեղինակ` Ալբերտ Սոխիկեան, 1995թ.):
2012թ.` «Էրեբունի-Երեւան 2794»
Այս տարի, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի բարձր հովանու ներքոյ, տեղի է ունեցել «Էրեբունի-Երեւան 2794» աննախադէպ տօնակատարութիւնը:
«Գաղտնիք չէ, որ ամէն ժամանակաշրջան եւ ամէն սերունդ իր մթնոլորտն ու միջավայրն է բերել քաղաքին, եւ ամէն սերունդ իր յստակ հետքն է թողել մեր քաղաքում: Հերթը մերն է:
Ու մեր սրտի մայրաքաղաքն այսօր շատ աւելի գունեղ է, ծաղկառատ, լուսառատ, գրաւիչ ու ջերմ:
Երեւանի զարգացման հարցում էլ, ըստ էութեան, մեր նպատակը մէկն է. համադրելով մեր սիրելի քաղաքի անցեալն ու ներկան, պահպանել երեւանեան հին ու բարի աւանդոյթները` ապահովելով յարմարաւէտ միջավայր ինչպէս երեւանցիների, այնպէս էլ մայրաքաղաքի հազարաւոր հիւրերի համար»,- իր ողջոյնի խօսքում նշել է քաղաքապետը:
Նախապէս, «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւններին ընդառաջ, Շաբաթ Հոկտեմբերի 7-ին Երեւանի բնակչութիւնը Տ. Մարգարեանի յանձնարարութեամբ իրականացրել է համաքաղաքային շաբաթօրեակ:
Տօնական միջոցառումների շարքը սկսուել է Հոկտեմբերի 9-ից` պատմական եւ ժամանակակից Երեւանի մասին պատմող ցուցահանդէսներով: Լոյս 14-ի առաւօտեան ջրցան մեքենաներով մաքրուել է Երեւանի փողոցները, այնուհետեւ, բուհերի ուսանող-կամաւորների օգնութեամբ` լուացուել քաղաքի յուշարձանները:
«Իմ սրտի մայրաքաղաք» խորագիրը կրող տօնակատարութիւնների մեկնարկը կատարուել է «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանի յարակից հրապարակից, որտեղ թատերական ու պարային խըմբերի մասնակցութեամբ ներկայացուել է Էրեբունի-Երեւանի պատմութիւնը` հիմնադրման օրուանից մինչ մեր օրերը: Միջոցառմանը ներկայ ՀՀ նախագահ Ս. Սարգսեանը, Երեւանի քաղաքապետ Տ. Մարգարեանը, ՀՀ վարչապետ Տ. Սարգսեանը, ՀՀ ԱԺ նախագահը, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան եւ Երեւանի աւագանու անդամներ` հազարաւոր երեւանցիների եւ մայրաքաղաքի հիւրերի հետ մէկտեղ հետեւել են բեմականացուած ներկայացմանը, որն աւարտուել է Էրեբունի-Երեւանի օրհներգով:
«Էրեբունի-Երեւան-2794» տօնակատարութեանը մասնակցելու նպատակով Երեւան էին ժամանել 14 երկրների 25 պատուիրակութիւնների անդամներ, որոնք Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Վ. Վարդանեանի ուղեկցութեամբ այցելել են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին:
Մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներում տեղակայուած 26 բեմահարթակներում ներկայացուել են համերգային տարաբնոյթ ծրագրեր` էսդրատային, ռոք, ճազ, դասական եւ ազգային երաժշտութեան բեմեր, ինչպէս նաեւ զանազան թատերական, բանաստեղծական եւ կրկէսային ներկայացումներ:
Երեխաների համար` տիկնիկային ներկայացումներ, զուարճալի խաղեր, ծաղրածուներ, խաղավարներ, աճպարարներ եւ հեքիաթային հերոսներ: Երեւանի բազմաթիւ դպրոցներում եւ մանկապարտէզներում գեղեցիկ ձեռնարկներով` եւս նշուել է «Էրեբունի-Երեւան 2794» ամեակը` բարեգործական համերգներ, Գրադարանային երեկոյ:
Հաշուի առնելով` 2012 թ.-ին Երեւանի` գրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուած լինելու հանգամանքը, կազմակերպուել են բացօթեայ գրական ցերեկոյթներ:
Քաղաքապետարանին յարակից հրապարակում տեղի ունեցած հանդիսութիւնից յետոյ` տօնական շքերթը, քաղաքապետի գլխաւորութեամբ, հանդիսաւոր քայլերթով շարժուել են դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Այնտեղ հաւաքուած հազարաւոր երեւանցիներ շքերթի մասնակիցներին դիմաւորել են «Իմ սրտի մայրաքաղաք» խորագրով պաստառներով ու շնորհաւորական վանկարկումներով: Այնուհետ տօնական քայլերթով հրապարակ են մտել մի կողմից նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի եւ ոստիկանական համակարգի, միւս կողմից «ուրարտական բանակի» զինուորները, ինչին հետեւել է վարչական շըրջանների ներկայացուցիչների շքերթը:
Էրեբունի-Երեւան 2794-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնների շրջանակում Երեւանի պատուաւոր քաղաքացու կոչմանն են արժանացել Ստանիսլավսկու անուան Ռուսական Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ալեքսանդր Գրիգորեանը, գրոսմայստեր Ռաֆայէլ Վահանեանը եւ ոտնագնդակի ճանաչուած խաղացող Հենրիխ Մխիթարեանը:
Խորհրդանշական 2794 մեթր վազքատարածութիւն են յաղթահարել մայրաքաղաքի մարզադըպրոցների սաներն ու սիրողական մակարդակի վազորդները` Յաղթանակի կամրջից մինչեւ մատենադարան ընկած հատուածում: Էրեբունի-Երեւանի տարեդարձը իւրովի տօնելու նպատակով` նոյն վայրում կրկին 2794 մեթր հեծանուավազքի ցուցադրական ելոյթ են իրականացրել Հայաստանի ազգային հաւաքականի 25 հեծանուորդներ:
Մայրաքաղաքի Մաշտոցի պողոտայում ռեթրօ ոճի մեքենաների աւանդական ցուցադրութիւն է տեղի ունեցել եւ ներկայացուել են շուրջ 30 հնաոճ մեքենաներ: Ամենահինը եղել է 1936 թուականի արտադրութեան:
Գեներալ Պասկեւիչի գլխաւորութեամբ ռուսական զօրքերի կողմից Էրիւանի բերդի գրաւման եւ պարսիկների դէմ տարած յաղթանակի 185-ամեակի առիթով` մայրաքաղաքի Պասկեւիչի բլրում տեղի է ունեցել հանդիսաւոր արարողութիւն, որին մասնակցել են ՀՀ-ում Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, ՌԴ-ից ժամանած բարձրաստիճան հիւրեր, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ:
2794 տարի առաջ ծնունդ առած Երեւան մայրաքաղաքում` Հոկտեմբեր 14-ին տօնական շունչն ու մթնոլորտը խանդավառ էր: Ամէնուրեք` բակերը, փողոցները, պատշգամբները զարդարուած էին եռագոյնով եւ «Իմ սրտի մայրաքաղաք» խորագիրը կրող զանազան զարդերով ու պաստառներով: Բոլոր վարչական շրջաններում հնչում էր երգ, երաժշտութիւն, պար, բեմադրութիւն: «Էրեբունի» թանգարանին յարող Էրեբունի փողոցի ողջ երկայնքով կարելի էր հանդիպել լարախաղացների, փողային նուագախումբի, դրօշներով պարող եւ երգող երեխաների: Իւրաքանչիւր Երեւանցու սրտում տօն էր…
Համաձայն քաղաքապետարանի լրատուական ծառայութեան տեղեկատուութեան, Հոկտեմբեր 13-ին տօնական տրամադրութիւնների ներքոյ` Երեւան քաղաքի զարգացման, ՀՀ ոստիկանութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման գործում ունեցած աւանդի համար, ինչպէս նաեւ Երեւանի օրուայ կապակցութեամբ` ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանի հրամանով Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը պարգեւատրուել է «Համագործակցութեան համար» շքանշանով:
Երեկոյեան ժամը 19:00-ին Հանրապետութեան Հրապարակը մարդաշատ էր եւ լուսագեղ:
Օրուան գլխաւոր համերգի մեկնարկին երեւանցիներին եւ հիւրերին ողջունել է քաղաքապետը.
«…Մայրաքաղաքի տօնը եւս մի հրաշալի առիթ է` զգալու մեր ժողովրդի միասնականութեան հզօր ներուժը, հրաշալի առիթ` հայրենիքի հետ Սփիւռքի մեր հայրենակիցների կապերի սերտացման, մեր պետականութեան շուրջ համախմբման համար…
Մէկ անգամ եւս շնորհաւորելով տօնի կապակցութեամբ` ուզում եմ հաւատալ, որ այսուհետ իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի որ երկրում էլ բնակուելիս լինի, Երեւանի մասին խօսելիս ոչ միայն ասի, այլեւ իսկապէս զգայ, որ Երեւանն ի՛ր սրտի մայրաքաղաքն է»:
Այնուհետեւ, իրենց անզուգական ելոյթներով հանդէս են եկել ինչպէս հայ, այնպէս էլ արտերկրից ժամանած ճանաչուած խմբեր ու երգիչներ: Միջոցառման աւարտին հնչել է «Էրեբունի-Երեւան 2794»-ամեակի առիթով գրուած, մայրաքաղաքին նուիրուած «Իմ սրտի մայրաքաղաք» նոր երգը, որի հիման վրայ նկարահանուել է նաեւ տեսահոլովակ: Այնուհետեւ` շքեղ հրավառութիւն, որին յաջորդել է երիտասարդական խնճոյք-պարը:
Եւ թող այս գեղեցիկ մթնոլորտը եւ մայրաքաղաքի մաքրման աշխատանքները չլինեն միայն տարին մէկ անգամ:
Շնորհաւո՛ր տօնդ, իմ կարօտի մայրաքաղաք Երեւան…
Թէեւ այսքանով որոշած էի աւարտել մայրաքաղաքիս մասին սոյն ծաւալուն պատմական ակնարկը, սակայն թերթիս խմբագրի առաջարկով` մի փոքր հատուած եւս որպէս վերջաբան, կամ վերջաբանի փոխարէն պէտք է աւելացնեմ կարօտի մասին:
Թէ ինչպէս` «Իմ սրտի մայրաքաղաքը» դարձաւ «Իմ կարօտի մայրաքաղաք»:
Եւ թէեւ դիւրին չէ կարօտի մասին արտայայտըւելը, սակայն, լռութիւնը խախտելով` կը փորձեմ յաղթահարել այս պահիս բարդոյթը:
Սէր եւ կարօտ…
Այս երկու իրարու հետ կապուած զգացումները շատ անգամ են մէկը միւսին փոխարինում մարդուս կեանքի ընթացքին: Ասում են` սիրուց դէպի ատելութիւն մէկ քայլ է միայն, իսկ դէպի կարօտ` մէկ քայլ առաջ երկու քայլ ետ: Այս վերջինը իմ բանաձեւն է սակայն, բացատրեմ.
երբ սէրը կարօտի է վերածւում նշանակում է այն աճել է ինչ-որ հեռաւորութեան պատճառով, իսկ երբ հեռաւորութեան դէպքում ժամանակի գործօնը իր դրական` այսինքն կարօտի դերը արդէն կատարել է` յաջորդu հակազդեցութեան փուլն է, այսինքն` երկու կամ շատ քայլ ետ է գնում կարօտի զգացումը եւ առաջ է գալիս օտարացումը, սկսում է «պաղել»ու եւ կարօտին վարժուելու անզգայացման փուլը. հոգու դատարկութիւն, ցաւ… սակայն իրականում որքան էլ «պաղի» զգացումը` կարօտն իր բոյնն արդէն հիւսած է լինում հոգիներում, անցնեն վեց տարիներ ընդհամէնը, թէ երկար ու ձիգ 98 գարուններ:
Իմ կարօտի մայրաքաղաք: Երեւան…
Կամայ թէ ակամայ եւ կամ` ճակատագրի բերումով հեռու գտնուելով սիրելի ծննդավայր մայրաքաղաքից, այնտեղ ուր ծնւում եւ հասակ են առնում` յիշողութիւնները եւ անցեալի գեղեցիկ զգացումները ստուերի պէս հետեւում են ամէնուր. հայրական օճախ, մայր հող ու ջուր, ծառ ու քար, մանկութեան պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան ընկերներ… Կարօտն է:
Փողոց ու դպրոց, համալսարան եւ ուսանողական զբօսավայրեր` երկարաձիգ «Օղակաձեւ այգի», սրճարաններ, թատրոններ, գրադարաններ, թանգարաններ, հրապարակներ, եկեղեցիներ… երբ այս ամէնը քոնն է, հարազատ է, զգում ես, քո տանն ես…
Իսկ այս ամէնից հեռո՜ւ ու կարօտով:
Օրուան ընթացքում, պահի տակ հոգու եւ կարօտի բաղձալի կանչ,- «Հիմա «Առագաստ» սրճարանում լինէինք ընկերների հետ, սուրճից յետոյ «Աբովեան» փողոցով զբօսնելով իջնէինք դէպի հրապարակ, ճանապարհին տեսնէինք, թէ ինչ նոր ֆիլմերի պրեմիերա է սպասւում «Կինոմոսկուայում», կամ ինչ նոր բեմադրութիւններ մօտակայ թատրոններում, հրապարակից «Ամիրեան» փողոցով քայլէինք դէպի «Մ. Մաշտոցի» պողոտայ, իսկ այնտեղից էլ միգուցէ «Օփերա» ուր արդէն գիշերային Երեւանն` ողողուած լոյսերով հմայում է անցորդներին:
Յիշողութիւններ, յիշողութիւններ` կարօտի…
Անգամ պատերազմական տարիների երեւանեան յիշողութիւններն են քաղցր, երբ կարօտում ես. մութ ու դատարկ փողոցներ, դպրոցական ցուրտ դասարաններ, թատրոններ- պաղ դահլիճում մոմի լոյսի տակ խաղացող դերասաններ…
Օտարութեանը երբեք էլ չվարժըւելով, միմիայն յարմարուելով, օտար երկրում մի նոր կեանք կառուցելու ճանապարհին` անցեալի վառ յիշողութիւնները ուժ են տալիս ապագայ կերտելու: Մեծն կարօտը, թէեւ խանգարում է, սակայն յաճախ էլ մի նոր քայլի սկիզբ կամ ծնունդ է դառնում, ինչպէս օրինակ` այս յօդուածաշարքի:
Ահա թէ ինչու իմ սրտի մայրաքաղաքը վերածուել է` կարօտի մայրաքաղաքի:
Իսկ Վիլիամ Սարոյեանը կ՛ասէր` «Իմ սիրտը լեռներո՜ւմ է…»:
Ապրի՛ր Երեւան:
(Վերջ)
Մարիա Մարկոսեան-Տամատեան