horizonweekly.ca – Եթէ հայրենիքը հող է եւ մշակոյթ, պատմութիւն է եւ արեան կանչ, եթէ Հայաստան աշխարհն է մեր մայր հայրենիքը, մեր երկրորդ հայրենիքն էր սուրիական հողը։

Դարերու պատմութիւնն է մեզի յուշողը։ Սկսած նախապատմական ժամանակներէն հայոց արքաները՝ Արտաշէս Աշխարհակալ ու Տիգրան Մեծ, իրենց փառքը հիւսեցին այս տարածքներուն վրայ։

Դարձո՛ւր պատմութեան էջերը տեսնելու համար, թէ Քրիստոսէ շատ դարեր առաջ մեր նախահայրերը հաստատուած են այս շրջաններուն մէջ։
Ով չի գիտեր, թէ հազարամեակներու պատմութիւն ունի մարդկային քաղաքակրթութեան այս բնօրրանը, ուր ապրած ու գոյատեւած են բազմակրօն ցեղեր, ազգեր ու ժողովուրդներ համերաշխ ու խաղաղ կեանքով, պահպանելով ու զարգացնելով իրենց ազգային մշակոյթը։

Սրբազան վայր է, օրհնեալ երկիր է սուրիական հողը, սրբագործուած սուրբերու եւ մարգարէներու մասունքներով, Քրիստոսի առաջին եկեղեցիով։
Բազմաչարչար ժողովուրդի մը վկայարանն է ասպնջական այս հողը, ուխտատեղին է համայն հայութեան- Տէր Զօրէն Ռաս Էլ Այն ու Մարկատէ մինչեւ Հալէպի Սէպիլի վրանները։ Փրկութեան լաստ է այս հողը, որ գրկաբաց ընդունեց ժողովուրդի լայն զանգուածները։

Այս հողին վրայ հայը ապրեցաւ խաղաղ պայմաններու տակ։ Ջարդէն ու կոտորածէն փրկուած եւ մահուան սարսուռը յաղթահարած սերունդին՝ արագ արձագանգներուն, ձեռնարկումներուն եւ եռանդին արդիւնքը հանդիսացան մեր մշակութային այն հիմնաւոր հաստատութիւնները, որոնք կու գային ժողովուրդը մղելու, որպէսզի ապրի եւ գոյատեւէ իր բարձր մշակոյթով եւ իր հոգեւոր արժէքներով։ Բազում զոհողութիւններով, խիստ դժուար պայմաններու տակ հայերը կրցան կառուցել եկեղեցիներ, կրթական ու մշակութային կեդրոններ, անաղարտ պահելու հայու ինքնութիւնը։
Այդ օրերուն Հալէպի մէջ հասակ առին ու գործեցին սփիւռքահայ գրականութիւնը հունաւորող գրական պանծալի դէմքեր եւ յայտնի գրողներ, հրատարակելով թերթեր ու պարբերականներ։

Հալէպի մէջ թրծուած ազգային յայտնի հասարակական գործիչներ ու մտաւորականներ մեծապէս նպաստեցին Սփիւռքի զանազան գաղութներուն տալու հայկական ուրոյն դիմագիծ մը։

Հալէպ քաղաքը, իր Ազգ. Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ժողովներով, եկեղեցիներով, կրթական օճախներով, մշակութային կեդրոններով ու բարեսիրական հաստատութիւններով, իր կազմակերպուած կեանքով, իր ազգապահպանիչ ծրագիրներով, դարձաւ բաբախող սիրտը գաղութահայութեան։

Սուրիական հողին վրայ սկսաւ ուռճանալ սփիւռքացած հայութիւնը, եւ այդ տարածքներուն վրայ ծնունդ առաւ յետ եղեռնեան հայ ժողովուրդի պատմութիւնը։ Սուրիահայութիւնը ապրեցաւ հաւաքական ինքնուրոյն կեանքով, աշխատեցաւ տնտեսապէս բարելաւել իր վիճակը մեծ ծառայութիւններ մատուցելով երկրի զարգացման ու բարգաւաճման, դառնալով գործօն տարր մը երկրին մէջ։
Տարիներու ընթացքին հայերը Սուրիոյ մէջ կրցան ապացուցել իրենց ազգային նկարագրի բարոյական վսեմ յատկանիշները, որպէս հաւատարիմ եւ երախտագէտ քաղաքացիներ։ Երկրին խաղաղ եւ ալեկոծ ժամանակներուն հայերը միշտ մնացին պատնէշի վրայ, տեղացի ժողովուրդի կողքին կանգնած պաշտպանեցին երկրին շահերը։

Համակեցութեան ու խաղաղ գոյակցութեան խորհրդանիշ հանդիսացող այս երկրին մէջ, հասկացողութեան եւ երախտագիտութեան փոխադարձ զգացումներ զարգացան հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ։ Հայերը երբ յաճախ կը յիշեն զիրենք հիւրընկալած արաբ ժողովուրդին ցուցաբերած ազնիւ վերաբերմունքը, անոնք չեն մոռնար մեզի յիշեցնել, թէ հայերը շէնցուցած են այս երկիրը։
Ժողովուրդներու մէջ կան այնպիսի յատկութիւններ, որոնք երբեք չեն անհետանար ու չեն մոռցուիր, դժուար օրերուն կը յայտնուին աւելի յստակ ու ցայտուն կերպով։

Այդ վարքագծին մէկ արտայայտութիւնը կը հանդիսանար Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն, տեղացի արաբ ժողովուրդին վշտակցութիւնն ու կատարած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները։
Անցնող տասնամեակներուն սուրիահայութիւնը ապրեցաւ ապահով ու բարգաւաճ կեանք, որպէս օրինական քաղաքացիներ միշտ հաւատարիմ մնալով երկրի օրէնքներուն ու տիրող պայմաններուն։

Հալէպի հայաբոյր մշակութային կեդրոններուն ու կրթօճախներուն մէջ, հայեցի դաստիարակութեամբ օժտուեցան իրերայաջորդ սերունդներ։
Ահա թէ ինչու դժուար է երեւակայել, թէ այս շէնշող գաղութը պիտի ապրէր ճգնաժամային ու տագնապալից օրեր, պիտի դիմագրաւէր ողբերգական զինեալ կռիւներ, քար ու քանդ պիտի ըլլային պատմական վայրեր ու սրբատեղիներ՝ մզկիթներ ու եկեղեցիներ, փլատակներու կոյտ պիտի դառնային բնակելի շէնքեր ու գործատեղիներ։

Սուրիոյ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին միշտ հեռու մնացած է միջ-համայնքային բախումներէ։ Հետեւաբար, հարկաւոր է տիրող տագնապները գնահատել մարդկայնօրէն, դադարեցնելու ռազմական գործողութիւնները, անյետաձգելի միջոցներ ձեռնարկել ապահովելու համար բնակչութեան անվտանգութիւնը։

Պատերազմական այս իրավիճակին եւ քաղաքական խնդիրներու շփոթ կացութեան մէջ, հայերը կրցան ձեռք բերել նախազգուշական միջոցներ, որդեգրելով պետութեան եւ օրինականութեան կողմնակից կեցուածք, այն համոզումով, որ սուրիական ուժերու երկխօսութեամբ կը լուծուին հարցերը։

Եւ որովհետեւ՝ հայերը անբաժանելի մէկ մասնիկն են Սուրիոյ հաւաքական, հասարակական եւ ընկերային կեանքէն ներս, այսօր ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, հարկաւոր է ազգային սկզբունքային հարց դարձնել, որ մենք՝ հայերս, մարդկային ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններ ունինք ասպնջական այս երկրին հանդէպ, որուն բարիքները վայելած ենք նախորդ դարասկիզբէն մինչեւ այսօր։
Հետեւաբար, մեզի կը մնայ գիտակցիլ թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ անխուսափելի են քաղաքական վերիվայրումները, յանուն մարդկային իրաւունքներու եւ կեանքի բարելաւման համար տեղի ունեցող ժողովրդային բողոքներն ու ցոյցերը, նաեւ ապստամբութիւններն ու ռազմական գործողութիւնները։

Եւ այս դէպքերը պատահական երեւոյթներ են բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր երկիրներուն համար, որոնք կարելի է յաղթահարել ապագայի յոյսով եւ միշտ հաւատալով, որ երկիրը պիտի դուրս գայ այս ճգնաժամէն եւ գալիք օրերը անպայման պիտի բերեն աւելի լաւ պայմաններ։
Եւ վերջապէս գիտակցիլ, թէ Սուրիոյ մէջ պայմանները համայնակուլ չեն եւ չեն կրնար ըլլալ։ Այս փառաւոր երկրին մէջ կարելի է հայ մնալ եւ հայ սերունդներ դաստիարակել, կարելի է պահպանել հայոց լեզուն եւ բազմադարեան հայ մշակոյթը, երբ մեր զաւակները տունէն ու դպրոցէն ներս կը խօսին իրենց մայրենի լեզուով, ազատ ու անկաշկանդ։ Հրաժարիլ այս բոլորէն ու անվերադարձ մեկնիլ այս երկրէն, հրաժարիլ հոգեհարազատ այս միջավայրէն ու փակել անցեալի էջերը, խիստ ու բիրտ խզում մը կը համարուի։
Այսօր, հայ ժողովուրդի պատմական անցեալը, սուրիական հողին վրայ կանգնած հայ հաւատքի անսասան կռուանները մեզմէ կը պահանջեն՝ տէր կանգնիլ մեր նախիներուն թողած աւանդին։ Ինչպէ՞ս լքել այս երկիրը, երբ Տէր Զօրի անապատի աւազներուն մէջ ցիրուցան եղած հայ նահատակներուն աճիւնները հողի ընդերքէն պիտի չդադրին շշնջալէ՝ մի՛ լքէք, լքուած գետին մի՛ դարձնէք սուրիական ասպնջական հողը…։

Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան

29/03/30132