kantsasar.com – ԾՆՈՒՆԴԴ ՇՆՈՐ­ՀԱ­ՒՈՐ, ՍԻ­ՐԵ­ԼԻՍ
Այ­սօր Նո­յեմ­բե­րի 23-ն է: Ար­մի­նէ­իս ծննդ­եան տա­րե­դար­ձի օրը: Ինչ­պէ՞ս նշենք սի­րելի­իս տա­րե­դար­ձը երբ ինք… այ­լեւս չկայ… մեկ­նած է մեր աշ­խար­հէն:

Ամէն տա­րի նոյն օրը երբ մենք բո­լոր­ուած սե­ղա­նի շուրջ շնորհ­նե­րով առլ­ցուն կե­նացդ քու, կը պար­պէ­ինք բա­ժակ­ներ զա­ւակ­նե­րով ու թոռ­նե­րով մեր` դրախտն ա՛ս էր կը գո­չէ­ինք:

Այ­սօր ինչ­պէ՞ս սե­ղան շտ­կենք երբ ծննդ­եանդ այս վայ­րին մէջ ահե­ղա­գող պա­տե­րազմ է. տու­նե՜ր, տու­նե՜ր կը փլց­ուին, մայ­րեր կու լան ու սի­րա­հար մը մե­կու­սի կ’ող­բայ կո­րուստն իր սի­րա­ծին, երբ մեր դուստ­րը Պէյ­րու­թի մէջ թոռ­նիկ մըն ալ մեր ծո­ռան, մեր ծո­ռան հետ հոն են, ու մեծ թոռն ալ այն­քան սիր­ուած ար­դէն կ’ապ­րի Երե­ւա­նի բար­ձուն­քին:

Պայ­ման­նե­րուն մէջ այս դժ­նէ սե­ղան շտ­կել ո՞վ կըր­նայ, երբ զոյգ թոռ­ներ` Նա­րէ, Ար­միկ դէ­պի գիրկդ վա­զող, գուր­գու­րանքով կը գր­կէ­իր քու խան­դա­կաթ մեծ սի­րովդ սի­րե­լիս:

Բա­ժան-բա­ժան եղած այս­պէս, ես մի­նա­կուկ սե­ղան շտ­կե՞մ, ի՞նչ սե­ղան եթէ յի­շա­տակդ իմ սի­րե­լի, «Զիս լա­լու չափ կը յու­զէ՛…»
«Կեան­քիս ըն­թաց­քին ես պէտք չու­նե­ցայ

Դրախ­տը փնտ­ռել այս երկ­րին վրայ

Զի իմ դրախտս ես քեզ­մով գտայ….» (Թ.Թ.)

Այ­սօր սի­րե­լիս, դարձ­եալ դուն ես որ կը հա­ւա­քես մեզ Հա­լէ­պէն` Պէյ­րութ ու սր­տա­մօտ Երե­ւան: Ու ծնուն­դը, քու օրհն­եալ ծնունդդ, օրհ­նա­բեր, մէկ­տեղ երեք, այս երեք քա­ղաք­նե­րու մէջ կը նշենք:

Բայց սի­րե­լիս, այս տխ­րու­թեան վա­րա­գոյ­րը թող տուր բա­նալ, որ ըսեմ թէ Նո­յեմ­բե­րի 21-ին, երբ օրն էր Չո­րեք­շաբ­թի, Կր­թա­սի­րաց Վար­ժա­րա­նին մէջ Հա­լէ­պ ժո­ղո­վի մը ներ­կայ էի, ուր սե­ղա­նի մը շուրջ նս­տած կը լսէ­ինք զե­կու­ցում մը մեծ­ղի գիր­քի մը մա­սին ծնուն­դո­վը (երկ­լե­զու` հա­յե­րէն-անգ­լե­րէն) պի­տի աշ­խարհ իմա­նար, թէ Այն­թա­պի հայ կա­նայք ի՜նչ ճար­տա­րու­թեամբ, ի՜նչ եռան­դով ասեղ­նա­գործ հրաշքն ի՞նչ է, ի՜նչ հրաշք­ներ գոր­ծե­ցին:

Դուր­սը պա­տե­րազմ, որո­տում, դուր­սը փամ­փուշտ տե­ղա­ցող, իսկ ներ­սը մենք բո­լոր­ուած ու­թը հո­գի, գիր­քի մը ծնուն­դին հա­մար մեր կար­ծի­քը կու տա­յինք:

Այսպէս ահա քու ծնուն­դիդ նա­խոր­դող օրը ան­ցաւ հա­յա­բար­բառ նոր գիր­քի մը ող­ջու­նե­լի պատ­մու­թեամբ:
Սի­րե­լիդ իմ, այս լուրն ըլ­լայ նուէրս իմ այն­քա՜ն, այն­քա՜ն բերկ­րա­լի տա­րե­դար­ձին քու ան­մեռ:

Դուր­սը պա­տե­րազմ, տե­ղա­ցող կա­պար, ներ­սը` ծնուն­դը` «Այն­թա­պի Ասեղ­նա­գոր­ծու­թիւն» գիր­քին, հե­ղի­նա­կը` Հրազ­դան Թոք­մաճ­եան:
Սի­րե­լիդ իմ, հեք­ի­աթ կեան­քիդ հա­մար ես այս հեք­ի­ա­թը հիւ­սե­ցի…

Դուր­սը` պա­տե­րազմ, ներ­սը` ներ­բո­ղը հայ կա­նանց լու­սա­տու ձեռ­քի…

Թող որ կեան­քը մեր միշտ եր­կով լեց­ուի…

Հօ՜, հո­րո­վել, մշտն­ջե­նի երգ, մշտն­ջե­նի հերկ, հունձքն առատ ըլ­լայ ու ըլ­լայ բա­րի, թէ­կուզ մեզ խան­դէ պա­տե­րազմն ահեղ: Դուր­սը դա­րա­նա­կալ անո­պա­յի մը գն­դա­կէն արաբ կին մը տա­պա­լած էր ու կող­քին դստ­րիկ մը վի­րա­ւոր… ող­բամ մե­ռե­լոց….

Հա­լէպ, 23 Նո­յեմ­բեր 2012

ԵՐԱ­ՆԻ՜ ՄԵՆՔ ԿԱ­ՐԵ­ՆԱ­ՅԻՆՔ…

Եր­կու երի­տա­սարդ ու տա­րեց մարդ մը ծա­ռի մը յե­նած, մայ­թի վրայ կը զրու­ցէ­ին: Մօ­տիկ խա­նու­թէ մը ծրար մը հաց թե­ւիս տակ դուրս կու գա­յի:

Զրոյ­ցը բարձ­րա­ձայն էր, բարձ­րա­ձայ­նո­ղը ծե­րուկն էր: Կե­ցայ պահ մը որ լսեմ նիւ­թը­ խօս­ուած­քին: Բայց ի՞նչ պի­տի ըլ­լար նիւ­թը այս օրե­րուն բո­լո՜ր, բո­լո՜ր մարդոց եթէ ոչ տե­ւող պա­տե­րազ­մը:

Խօ­սող­նե­րը հա­յեր էին: Հայ թէ արաբ, նիւ­թը խօս­քին արդ­եօք պա­տե­րազ­մը չէ՞ր.-Քա­նի՞ մեռ­եալ տուաւ Հա­լէ­պը այ­սօր, քա­նի՞ ռումբ, ո՞ր տան եւ ո՞ր տա­նի­քի վրայ պայ­թե­ցան…

Բայց ո՜չ, լսե­լով երեք­նե­րու զրոյ­ցը հասկ­ցայ թէ խօ­սակ­ցու­թեան նիւ­թը կա­պա­րի մա­սին չէր, ոչ ալ ռում­բի: Գլ­խա­ւոր խօ­սո­ղը տա­րի­քոտ մարդն էր.-Երէկ կե­րայ վեր­ջին հա­ցի կտո­րը, կ’ըսեն թէ հաց ու սնն­դե­ղէն բաժ­նող կեդ­րոն­ներ կան Հա­լէ­պի մէջ. արդ­եօք որո՞ւ դի­մեմ մի­ջոց մը սնուն­դէ չզրկ­ուե­լու հա­մար: Կեան­քիս մէջ ու­րի­շի ձեռք բա­ցած չէի…

Եր­կու երի­տա­սարդ­նե­րը տուին եր­կու կեդ­րոն­նե­րու անուն­ներ եւ թե­լադ­րե­ցին տա­րի­քոտ մար­դուն որ վաղն իսկ ներ­կա­յա­նայ, այն­տեղ ուր կա­րի­քա­ւոր­նե­րու սնունդ կը բաժ­նեն:

Մար­դը հա­մոզ­ուած չէր երե­ւեր:

Քա­լե­ցի, որ­պէս­զի անոնց աչ­քին իրենց զրոյ­ցը լսողը չնկա­տէ­ին: Տխ­րե­ցայ ճիշ­դը, որ այդ տա­րի­քին հայ մարդ մը, տա­րի­քը առած մարդ մը սնուն­դի պէտք ու­նէր:

Երբ տխ­րու­թիւնս շալ­կած կը քա­լէի դան­դա­ղե­լէն, դի­մացս ելաւ ծա­նօթ մը, որ գո­չեց.- Բա­րե­կամս, գի­տեմ թէ ըսե­լիքս ու­րա­խու­թիւն պի­տի պատ­ճա­ռէ քե­զի… Լա՛ւ, լա՛ւ, ամ­բողջ ականջ կտ­րած պի­տի լսեմ: Կ’աճա­պա­րեմ ըսել, որ այ­սօր մեր ակում­բին մէջ, ուր 26 հո­գի ներ­կայ էին, որո­շե­ցինք որ մեզ­մէ ամէն մէ­կը կա­րօտ­եալ­ներ փնտ­ռէ իր շուր­ջը, որ մենք ան­ձամբ եր­թանք անոնց տու­նե­րը, քա­նի որ շա­տեր կ’ամչ­նան ներ­կա­յա­նալ: Ես ար­դէն մտ­քէս որո­շե­ցի տալ քա­նի մը անուն:

-Ու­րախ եմ որ կը շա­րու­նակ­ուի օժան­դա­կու­թիւնը:

-Այո՛, քա­նի կան կա­րօտ­եալ­ներ պի­տի շա­րու­նակ­ուի:
-Սի­րե­լիս, ես ալ ար­դէն մէ­կը ու­նիմ…

-Ըսէ անու­նը, եւ հաս­ցէն եթէ գի­տես:

Անունն անգամ, մա­նա­ւանդ հաս­ցէն չեմ գի­տեր: Բայց ցոյց կր­նամ տալ քե­զի, ահա՛, քա­նի մը քայլ ան­դին են… ու եր­կու­քով մօ­տե­ցանք զրու­ցող­նե­րուն, որոնք տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ­ին հա­մո­զել ծե­րու­կը:

Բա­րե­կամս ջեր­մօ­րէն բա­րե­ւեց խօ­սող­նե­րը եւ ըսաւ.-Տղաք, ես պա­շար բաժ­նող յանձ­նա­խում­բին ան­դամ­նե­րէն եմ, ու դի­մե­լով ծե­րու­կին ըսաւ.-Լսե­ցի որ դուք քիչ մը նեղն էք, դուք վա­ղը առա­ւօտ մեր կեդ­րո­նը եկէք, եթէ դժ­ուար է, տուէք ձեր հաս­ցէն եւ ես ան­ձամբ կը հասց­նեմ ձե­զի պատ­շաճ օժան­դա­կու­թիւն:

Երի­տա­սարդ տղա­քը շատ աւե­լի ու­րա­խա­ցան քան ծե­րու­կը, նա­եւ մենք:
Երբ կը հե­ռա­նա­յինք ծե­րու­կը կը մրմն­ջէր.-Աստ­ուած ղր­կեց ձեզ:

Իսկ եր­կու երի­տա­սարդ­նե­րուն աչ­քե­րուն մէջ թա­խիծ կար. Անոնց աչ­քե­րը կը խօ­սէ­ին մեր եր­կու­քին հետ ըսել ու­զե­լով «վարձ­քեր­նիդ կա­տար, երա­նի մենք կա­րե­նա­յինք օգ­նել մեր այս հայ­րե­նա­կի­ցին, ձեր մօ­տե­նա­լէն առաջ…

Ինչ­պէս երէկ, այ­սօր եւս երա­նի՜ այս դէպքն ալ պատ­մէի Ար­մի­նէ­իս: Որ­քա՜ն պի­տի ու­րա­խա­նար…

Հա­լէպ, 23 Նո­յեմ­բեր 2012
ԳԻ­ՐՈՎ ԿԸ ՊԱՅ­ՔԱ­ՐԻՄ

Ոչ թէ ըստ երե­ւոյ­թին այլ ճշ­մար­տա­պէս ըստ իրա­կա­նու­թեան Սուր­իա­յէն հե­ռու ապ­րող­ներ նոյն­քան եւ աւե­լի հե­տաքրքր­ուած են այս երկ­րին տագ­նա­պով եւ ապա­գա­յով, քան տագ­նա­պը հոս ապ­րե­լով իրենց ջի­ղե­րովն ան­գամ կրող­նե­րը:

Օր չ’անց­նիր որ Պէյ­րու­թէն գրող հա­յեր, հե­ռու ու մօ­տիկ ազ­գա­կան­ներ-զա­ւակ, թոռ­նիկ ու քոյր-ու ծա­նօթ­ներ հե­ռա­խօ­սով հար­ցա­կոխ չը­նեն զիս. Միշտ Պէյ­րու­թէն ձայն կու տա­յին մա­տե­նա­գէտ Ժի­րայր Դանի­էլ­եա­նը, ար­ձա­կա­գիր Արամ Սէ­փէթճ­եա­նը, բա­նաս­տե­ղծ Պէ­պօ Սի­մոն­եա­նը, հայ մշա­կոյ­թով խան­դա­վառ, գրող Ար­մէն Յա­րու­թիւն­եա­նը, ճար­տա­րա­պետ Մկր­տիչ Պուլ­տուգ­եա­նը իր կառու­ցած Garden Tower պան­դո­կէն,գրող Գէ­որգ Եա­զըճ­եա­նը, որուն խան­դա­վա­ռու­թիւնը կու գար նա­եւ Երե­ւա­նէն, պատ­մա­բան, հրա­պա­րա­կա­գիր Եր­ուանդ Հ. Քա­սու­նին, եր­կար տա­րի­ներ Հ.Մ.Մ.ին ծա­ռա­յած Հայկ-Արամ Գա­լինճ­եա­նը, հայ մա­մու­լի ըն­թեր­ցող Մել­գոն­եան­ցի Ասա­տուր Մես­րոպ­եա­նը, Զա­ւէն Ղա­րիպ­եան եւ Կա­րօ ու Վեր­ժին, յա­ճա­խա­կի Ժը­նե­ւէն կը զան­գէր բա­նաս­տեղծ Յա­կոբ (Ժագ) Սար­գիս­եա­նը: Ամ­բողջ հարս­տու­թիւն մը ին­ծի հա­մար.
-Ինչ­պէ՞ս ես, առող­ջու­թիւնդ ինչ­պէ՞ս է, վեր ելիր եկուր, Պէյ­րու­թը մօտ է, ի՞նչ գործ ու­նիս հոն, կորս­ուած կա­պա­րի մը չհան­դի­պիս:
Այս ան­գամ զան­գո­ղը Փա­րի­զէն է, կնոջս քոյ­րը` Զա­պէ­լը.

-Ինչ­պէ՞ս ես քե­ռայր, յու­սամ վնա­սի են­թարկ­ուած չես, լուացքդ ո՞վ կ’ընէ, ար­դուկդ ո՛վ: Ճա­շերդ որո՞նք կ’եփեն, քոյրս գնաց, մի­նակ մնա­ցիր, ելիր եկուր Փա­րիզ:

Աւս­տա­րալ­իոյ Սիտ­նի քա­ղա­քէն կու գայ ձայն մը.

-Ալօ՜, Սար­գիս Արոյ­եանն է խօ­սո­ղը.-Խը­սըմ, ինչ­պէ՞ս ես, ինչ­պէ՞ս կ’ապ­րիս պա­տե­րազ­մա­կան Հա­լէ­պի մէջ. ելիր եկուր Սիտ­նի, քեզ օփե­րա տա­նիմ:

Սար­գիս Արոյ­եան Մել­գոն­եան­ցին չի գի­տեր, թէ Հա­լէ­պի մէջ բե­մադ­րուող օփե­րան աւե­լի հե­տաքրք­րա­կան է իր իրա­ւու­թեամբ քան Սիտնիի շքեղ օփե­րան, որ որ­պէս փե­րի ով­կ­ի­ա­նո­սէն ծնած է:

Աթէն­քէն կու գայ ձայ­նը տի­կին Քէ­պաճ­եա­նին:

Երե­ւա­նէն խօ­սո­ղը թոռ­նիկս է` բա­նաս­տեղ­ծու­հի Նու­շի­կը:

Իր­մէ ետք ձայ­նը կը լսեմ գե­ղան­կա­րիչ Յա­կոբ Յա­կոբ­եա­նին ու անոր տիկ­նո­ջը` Մարի­ին:Հա­պա Շա­հէն Խա­չա­տուր­եա՞նը… բո­լորն ալ մտա­հոգ են ինձ­մով:

Ամե­րի­կա­յէն կը ձայ­նեն ազ­գա­կան­ներ ու անոնց կար­գին ճար­տա­րա­պետ Սար­գիս Պալ­մա­նուկ­եա­նը, մե­ծա­հա­սակ ու­սու­ցիչ ու տնօ­րէն, նա­եւ գրող Եր­ուանդ Պա­պայ­եա­նը:

Երե­ւա­նէն կը խօ­սին նա­եւ քոյրս` Մաք­րու­հին, իր եր­կու տղա­քը եւ գրող­ներ, գրող­ներ.. բո­լո­րը չեմ յի­շեր:
Գա­նա­տա­յէն կը ձայ­նեն ար­ձա­կա­գիր Ար­մէն Դար­եա­նի այ­րին եւ անոր զա­ւակ­նե­րը, բո­լորն ալ մտա­հոգ­ուած են ոչ միայն ինձ­մով, այլ մա­նա­ւանդ ճա­կա­տագ­րո­վը Սուր­իոյ: Սուր­ի­ան արա­բա­կան աշ­խար­հի բա­նա­լին է, իրա՛ւ բա­նա­լին:

Այս­պի­սի հե­ռա­խօ­սա­զան­գեր կը ստա­նամ նա­եւ սր­տա­մօ­տիկ Պո­լի­սէն, ուր եր­բեմն ծաղ­կե­ցաւ մեր մշա­կոյ­թը իր բա­զում ճիւ­ղե­րի­ովը:
Կը խօ­սին Ար­տա­շէ­սը, Սիլ­վան, «Ակօս»ի խմ­բա­գի­րը ու քա­նի­նե՜ր, քա­նի­նե՜ր…

Բո­լո­րը կը դի­մեն ին­ծի նոյն հար­ցով, որուն նիւ­թը եթէ իմ առող­ջու­թիւնս է, ու աւե­լի կա­րե­ւո­րը` Սուր­իոյ վի­ճա­կուած այս քստմ­նե­լի օրը.-Ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ Սուր­իոյ ճա­կա­տա­գի­րը…

Որե­րորդ ան­գամ խօ­սողը դարձ­եալ Փա­րի­զէն` Կար­պիս Ջր­բաշ­եանն է: Ան շատ լաւ գի­տէ պատ­ճառ­նե­րը բռըն­կած այս պա­տե­րազ­մին եւ գի­տէ թէ որոնց շա­հե­րուն հա­մար տե­ղի կ’ու­նե­նայ զզ­ուե­լի, յափշ­տա­կիչ­նե­րու գործ` այս պա­տե­րազ­մը:

Գա­հի­րէ­էն ալ ձայն մը կայ, ու տա­կա­ւին Ծայ­րա­գոյն Արե­ւե­լքէն ու Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յէն, նա­եւ Շուէ­տէն, Վի­են­նա­յէն կը ձայ­նէ քրո­ջոր­դիս` Նա­ճար­եան Սր­բազ­ա­նը, միշտ նոյն հար­ցե­րով, հա­րիւր ան­գամ կրկ­նուող հար­ցե­րով…

Պա­տաս­խան­ներս ալ նոյնն են.-Լաւ եմ, կը կար­դամ ու կը գրեմ: Օրագ­րա­յին ճշգըր­տու­թեամբ ամէն օր կը գրեմ թէ՛ պա­տե­րազ­մին, թէ՛ խա­ղա­ղու­թեան մա­սին:

Իսկ երբ հարց կու տան ին­ծի թէ ինչ գոր­ծով կը զբա­ղիմ, կը պա­տաս­խա­նեմ.-Մղուող այս պա­տե­րազ­մին դէմ վա­հանս հայ գիրն է: Այս պա­տե­րազ­մին դէմ կը պայ­քա­րիմ Ս. Մես­րո­պի գի­րե­րով, արա­բա­կան Ալէֆ-Պէ­յին օգ­նե­լով Մես­րոպ­եան գի­րով: Ու կ’աւելց­նեմ.-Պա­տե­րազ­մը ըմ­բե­րա­նե­լը կա­պա­րով չ’ըլ­լա՛ր, պա­տե­րազ­մը տա­պա­լել կր­նանք գի­րով, գիր­քե­րով: Պա­տե­րազ­մը ու­նի վերջ, իսկ գի­րը ան­վերջ է, կը դի­մէ դէ­պի դա­րե­րը: Գի­րը ան­վախ­ճան է:

Ահա թէ ո՛վ պի­տի յաղ­թէ:

Աշ­խար­հը բա­ժան-բա­ժան ընող­նե­րը հարկ է որ իմա­նան` թէ աշ­խար­հը ան­բա­ժան է՛:
Ան­բա­ժա՛ն:

Մէկ է եւ մէ­կը` ան­վախ­ճա­նին սկիզ­բը:
Թորոս Թորանեան

Հա­լէպ, 24 Նո­յեմ­բեր 2012