kantsasar.com – Հնդ­կա­կան ասոյթ մը կը թե­լադ­րէ. «Երբ քեզ կ՛անար­գեն, շնոր­հա­կալ եղիր, որ չեն ծե­ծեր. երբ կը ծե­ծեն, շնոր­հա­կալ եղիր որ չեն սպան­ներ. երբ սպան­նեն, դարձ­եա՛լ շնոր­հա­կալ եղիր, որ պի­տի ազա­տիս այս ու­նայն աշ­խար­հէն»:

Հա­լէպ­ցի­նե­րուս մեծ մա­սը այ­սօր այս տրա­մադրու­թիւնը կը կրէ: Այ­սօր­ուան խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­ճախ կրկ­նուող խօս­քե­րէն են. «Աստ­ուած աւե­լի գէ­շէն պա­հէ», «Փառք Աս­տու­ծոյ` գլուխ­նուս վրայ տա­կա­ւին առաս­տաղ ու­նինք», «Աստ­ուած չը­նէ` «անոնք» մեր թա­ղե­րը մտ­նեն»…
Այլ խօս­քով` լայն պայ­ման­նե­րու մէջ ան­վերջ աւե­լին փա­փա­քող մար­դը ու­նակ է նա­եւ ամե­նա­քի­չով` բու­սա­կան գո­յու­թեամբ գո­հա­նալ:
Ան­վերջ յե­տաձ­գուող ու նո­րո­գուող «գալ ամիս ամէն ինչ պի­տի վեր­ջա­նայ» խա­ղը այ­լեւս ոչ մէ­կուն վս­տա­հու­թիւն կը ներշն­չէ, թէ­կուզ եւ շա­տեր կը լսեն հա­ճոյ­քով, գաղտ­նի հա­ւատ­քով մը` «Ո՜վ գի­տէ, կը նա­յիս այս ան­գամ…»:

Եղա­ծը կամ վե­րին մար­մին­նե­րէն մեր «ոգին» բարձր պա­հե­լու մար­տա­վա­րու­թիւն է, կամ մեր ան­վերջ սպա­սում­նե­րէն ծնած պատ­րանք: Իսկ իւ­րա­քան­չիւր «գալ ան­գամ»ը առա­ւել ծանր է ու կորըս­տա­բեր:

***
Մեր պատ­րանք­նե­րուն մէջ եր­բեմն ալ շատ կը խո­րա­նանք ու աւե­րակ­նե­րու մէջ ալ բա­րիք կը փնտ­ռենք` կ՛երե­ւա­կա­յենք ապա­գայ շքեղ Հա­լէ­պը…
Կը լսեմ զրոյ­ցը.

– Կ՛ըսեն, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւնը կարգ մը թա­ղեր ու ար­ուար­ձան­ներ մաս­նա­ւոր կը զար­նէ: Նախ` «անոնք» հոն ապաս­տա­նած են, երկ­րորդ` այդ թա­ղե­րը նոր ձե­ւով կա­ռու­ցե­լու մեծ ծրա­գիր­ներ կան…(Ին­ծի կը թուի, այս մէ­կը առաս­պե­լի սե­ռին կը պատ­կա­նի):
– Բայց այդ ըն­թաց­քին «անոնք» ալ պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րը կը փլեն:

– Ան­շո՛ւշտ, նոր ու արդ­ի­ա­կան քա­ղաք շի­նե­լու հա­մար ար­ժէ նա­եւ քա­ղա­քի դէմք հնու­թիւն­նե­րը քան­դել, կը հեգ­նէ ու­րիշ մը:
– Այդ ալ թող ըլ­լայ մեր տուած գի­նը, ի՞նչ կըր­նանք ընել, ար­դէն Հա­լէ­պը քա­նի մը շերտ ու­նի…
Իս­լամ աղուոր աղ­ջիկ մը յուզ­ուած ու ան­կեղծ պոռթ­կու­մով կ՛ըսէ.

– Մեր քա­ղա­քը աս­կէ աւե­լի գե­ղե­ցիկ ու շէն պի­տի ըլ­լայ, ամէն ինչ առաջ­ուը­նէ լաւ պի­տի ըլ­լայ, այն ատեն պի­տի չըն­դու­նինք վե­րա­դար­ձը անոնց, որոնք նեղ օրե­րուն հայ­րե­նի­քը ձգե­ցին հե­ռա­ցան: (Այս խօս­քը եւս կը լս­ուի յա­ճախ):

Կը հա­ւա­տամ ու կ՛ըն­դու­նիմ իր ցա­ւը, մեր­ժու­մը, որ, ան­տա­րա­կոյս, ցա­ւէն ծնած ման­կա­կան քէ­նո­տու­թիւն է ըն­դա­մէ­նը: Եթէ ես, որուն Հա­լէ­պը նոյ­նիսկ ծնն­դա­վայր չէ, կապ­ուե­ցայ անոր առաջ­ուը­նէ շատ աւե­լի ջեր­մօ­րէն, ին­չո՞ւ արա­բու­հին չցա­ւի իր հայ­րե­նի­քին հա­մար: Ան գի­տէ նա­եւ, թէ հե­ռա­ցող­նե­րուն հայ­եաց­քը ետին է, ու կա­մա­ւոր չէր հե­ռա­նա­լը, սա­կայն առ­կայ է նա­եւ հո­գե­բա­նա­կան կող­մը: Այս օրե­րուս մենք կան­գուն ու ամուր ենք իրար­մով: Նոյ­նիսկ ան­ծա­նօթ­ներ, միայն փո­ղո­ցէն իրա­րու դէմ­քով ծա­նօթ­ներ, առա­ւե­լա­բար` մտե­րիմ, ըն­կեր, բա­րե­կամ կը քա­ջա­լեր­ուին, երբ կը հան­դի­պին ու վս­տահ կ՛ըլ­լան, թէ չես հե­ռա­ցած:

«Ըն­կե­րո­վի մա­հը հարս­նիք է»:
***
Թա­խիծս ու մտա­տան­ջանքս փա­րա­տող հա­րա­ւի բիլ եր­կին­քը…

Ան­կա­րող եմ ան­տար­բեր նա­յե­լու վեր, ուր հայ­եացքս միտ­քիս թե­ւե­րով կր­նայ ան­վերջ խո­րա­նալ, մինչ, ջերմ թա­խի­ծին հետ, ան­չա­փե­լիու­թեան տագ­նա­պը կը սո­ղոս­կէ սիրտս. Աս­տու­ծոյ շռայլ մէկ պար­գե­ւը` մեր կա­պոյտ եր­կին­քը ու արե­ւը…

Իսկ հի­մա գա­րու­նը իր տա­րածք­նե­րը կը գրա­ւէ. ան­պար­փա­կե­լի կա­պոյ­տին վրայ վէտ­վէ­տող ճեր­մակ ամ­պե­րը հարս­նա­ցող աղ­ջիկ­ներ են, որոնք գա­լիք եր­ջան­կու­թեան յու­զու­մէն յան­կարծ յոր­դե­լով` որոտ տա­րա­փով կը պար­պեն իրենց տագ­նապ­նե­րը:

Գա­րո՜ւն… Անա­հիտ դի­ցու­հին սի­գա­ճեմ կ՛անց­նի դաշտ ու լեռ­նե­րէն, իր ոտ­քե­րու հպու­մէն սարսը­ռա­գին կը հրճ­ուի ու կ՛ու­ռի մայր հո­ղը, կեան­քը կը խլր­տի ըն­դերք­նե­րուն մէջ ու դուրս կը յոր­դի ան­զուսպ` իբ­րեւ ծիլ ու ծա­ղիկ. կեան­քը կը յաղ­թէ՜…

Օ՜, Աստ­ուա­ծը հէգ մար­դուն, որ ստեղ­ծած ես տի­ե­զերքն ու մայր բնու­թիւնը , ան­շուշտ մե­զի ալ` «բա­նա­կան արա­րած­նե­րուս» տուած ես կա­տա­րե­լիք աւե­լի ազ­նիւ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը այս հե­ք­իա­թին մէջ, որ մեր ակն­թար­թա­յին անցքն է քու յա­ւեր­ժու­թեան ընդ­մէ­ջէն: Բայց ին­չո՜ւ ան­մաս­նա­կից ու լուռ կը դի­տես մեր` ան­միտ տղու չար խա­ղե­րը, քու սքան­չե­լի արար­չա­գոր­ծու­թեան ներ­դաշ­նու­թիւնը աղար­տող, կոր­ծա­նող:
***
Բա­րե­կամ մը, ար­դէն հա­մա­կեր­պա­ծի դառն հեգ­նան­քով կը պատ­մէր, թէ ամիս­ներ սպա­սե­լէ ետք, երբ թա­ղա­մա­սը ան­ցած է «մեր» ձեռ­քը, իր ար­դէն փլա­տակ դար­մա­նա­տու­նը եր­թալ եւ գէթ մնա­ցած կա­րե­ւոր իրեր կամ փաս­տա­թուղ­թե­րը բե­րել որո­շած էր: Դիր­քե­րը հս­կող զի­նուո­րը մեր­ժած է շէնք մտ­նել, ապա, խնդ­րան­քին տե­ղի տա­լով ար­տօ­նած` փո­խա­րէ­նը ոչ ար­հա­մար­հե­լի գու­մար պա­հան­ջե­լով:

Եւ ան­մի­ջա­պէս ունկն­դիր­նե­րուն ար­ձա­գան­գը. զար­մանք, ափ ի բե­րան ապ­շանք, սոս­կում` «Մեր զի­նուո՞րը…»:

Բայց ին­չո՞ւ այս զար­ման­քը քա­ղա­քի մը մէջ, ուր մեր բո­լո­րիս երե­ւա­կա­յու­թիւն­նե­րը մի­ա­ցած` ան­կա­րող եղան ճանչ­նալ մար­դու ան­կու­մին սահ­ման­նե­րը: Այ­սօր, երբ Սուր­իոյ մէջ ու յատ­կա­պէս Հա­լէ­պը առատ որ­սա­տե­ղի է, ուր որ­սի ելած են բո­լոր անոնք, որոնք կա­րե­լիու­թիւն ու­նին այ­լոց կո­կոր­դէն պա­տառ հա­նել ու դա­շինք ու­նին իրենց խիղ­ճին հետ, ուր բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ որս կ՛ըն­թա­նայ, տարի­ով արեւ անձ­րե­ւին տակ փո­ղո­ցը գի­շե­րող խղ­ճուկ զի­նուո­րը, ձեր կար­ծի­քով, հայ­րե­նա­սի­րա­կան բարձր մղու­մով պի­տի դի­տէ՞ կո­ղո­պու­տը ու ան­մա՞սն մնայ: Ան իր մի­ջա­վայ­րին ծնունդն է ու ոչ միայն քու դար­մա­նա­տու­նի ապ­րանք­նե­րը հա­նել պի­տի ար­տօ­նէ, այլ դրա­մի դի­մաց նա­եւ շէն­քի մնաց­եալ, ար­դէն կո­ղոպտ­ուած բնա­կա­րան­նե­րէն ու­զածդ ալ առ­նել պի­տի առա­ջար­կէ, ինչ եւ կ՛ընէ… Հոս ան չէ որ զար­տու­ղի է, մենք ենք մի­ա­միտ:
Եր­կու տար­ուան մեր պա­տե­րազ­մին նա­խոր­դած էին, ան­շուշտ, քա­նի մը ան­գամ եր­կու տա­րի­ներ, մին­չեւ «ազն­ուա­րիւն» եւ­րո­պա­ցի­ներն ու ամե­րի­կա­ցի­նե­րը գծէ­ին այս ծրա­գի­րը: Տա­րի­ներ առաջ ար­դէն շր­ջա­նա­ռու­թեան մէջ էր ամե­րիկ­եան ծա­գու­մով խօսք մը` «Արաբ­նե­րը շու­տով աւազ պի­տի ու­տեն»:

Միայն հար­ցը հոն է, որ աւա­զը կերց­նել սկ­սած են բուն աւազ ու­տե­լու մեծ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րու մի­ջո­ցով… Որ­քա՜ն դրամ ծախս­ուած է, որ­քա՜ն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տար­ուած են մար­դու տկար կող­մե­րը սեր­տե­լու ու ի հար­կին` շա­հա­գոր­ծե­լու հա­մար: Որ­քա՜ն դրամ­ներ հո­սե­ցան այս ժո­ղո­վուր­դը բա­րո­յալ­քե­լու ու անսկզ­բունք, ան­դէմ ամ­բոխ դարձ­նե­լու հա­մար:

Ոչ մէկ կող­մի հա­ճո­յա­նալ կը մի­տիմ, սա­կայն վս­տահ եմ` այս­քան ջանք ու դրամ ո՛ր երկ­րի մէջ ալ ներդր­ուէր, պի­տի յա­ջո­ղէ­ին բա­րո­յալ­քել թէ՛ զի­նուո­րը, թէ՛ քա­ղա­քա­ցին, թէ՛ նա­խա­րա­րը, այ­սինքն` մար­դը: Յայտ­նի է` բո­լոր մար­դիկ կը կա­շառ­ուին, գի­նը ու մի­ջո­ցը տար­բեր են: Իսկ մար­դը բա­րո­յալ­քե­լէ ու դրա­մի փայլ­քով գի­նովց­նե­լէ ետք, այ­լեւս Անին ծա­խե­լը կը դառ­նայ ըն­դա­մէ­նը սե­փա­կան գր­պա­նը լեցնե­լու մի­ջոց­նե­րէն մէ­կը. ըն­դա­մէ՛նը:

Անոնք, որ գայ­թակ­ղե­ցու­ցին ու աղար­տե­ցին մարդ­կա­յին հո­գի­ներ, թող վս­տահ ըլ­լան, պի­տի չմը­նան ան­պա­տիժ, քա­նի որ մեր իւ­րա­քան­չիւր` լաւ կամ գէշ վար­մունք պու­մե­րան­կի պէս մե­զի կը դառ­նայ:
Իսկ անոնք, որոնք մար­դոց մէջ արթն­ցու­ցին գա­զա­նը եւ ուղ­ղե­ցին իրենց իսկ եղ­բօր դէմ, վս­տահ թող ըլ­լան, թէ յօ­շոտ­ուե­լու յա­ջորդ թեկ­նա­ծուն իրենք են:

***
Կը պարզ­ուի մեր «փր­կա­րար­նե­րը» նա­եւ մեր հո­գի­նե­րու փր­կիչ­ներն են ու լուր չու­նինք: Պէյ­րու­թէն վե­րա­դար­ձող քրիս­տոն­եա­ներ իջե­ցու­ցեր ու ստի­պեր են երեք ան­գամ կրկ­նել «Լա՛ Ալ­լահ…» բա­նա­ձե­ւը, որ­մէ ետք, վս­տահ որ «ան­հա­ւատ­նե­րու» հո­գի­նե­րը փր­կած են, ար­ձա­կած են զա­նոնք…:

Ու­րիշ, նշան­ուած զոյ­գի ստի­պած են տար­բեր տե­ղեր նս­տիլ, քա­նի որ տա­կա­ւին ամու­սին­ներ չեն ու իրա­րու քով նս­տե­լու իրա­ւունք չու­նին…:
Ահա՛ մեր հո­գե­բա­րո­յա­կա­նի պա­հա­պան­նե­րը… զէնք ի ձեռ­քը:

Նման «հրա­շա­լիք­ներ» շատ են, բայց ո՜վ զա­նոնք պատ­մու­թեան պի­տի յանձ­նէ:

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ