Հալէպահայ թատերագիր, բեմադրիչ եւ հասարակական գործիչ Մանուէլ Քէշիշեանը իր այս յօդուածով կը ներկայացնէ Հալէպի հայ համայնքին եւ հայաշատ թաղամասերուն մէջ տիրող վերջին իրավիճակը եւ ապագայի մասին մտահոգութիւնները:
Հալէպի մէջ բոլորս բոլորիս կը հարցնենք.
-Ի՞նչ պիտի ըլլայ:
Մարտ 15-էն ետք, երբ «Սուրիական Յեղափոխութիւն»ը թեւակոխեց իր երրորդ տարին, Հալէպի մէջ, նաեւ մեր թաղամասերու մօտակայքը զինեալ ընդհարումները սաստկացան: «Ազատ բանակ»ը ամէն օր կը փորձէ ճեղքել պետական ուժերու պաշտպանական գիծերը: Ամէն օր մի քանի արկեր կը նետուին մեր թաղամասեր: Հայերուն մօտ կը տիրէ անորոշ գալիքէն սարսափի զգացումը. Այո՛, այո՛, սարսափի զգացումը, թող ոչ ոք չփորձէ հակառակը ըսել:
Սարսափ այս այնքան սիրելի երկրին ապագային համար, սարսափ այս հարազատ երկրին մէջ ապրած ու ապրիլ եւ ստեղծագործել ուզող Մայր Գաղութին համար, սարսափ այս քաղաքացիական պատերազմի հասնող անիմաստ կռիւներու պատճառած արհաւիրքին համար, արհաւիրք որ կախուած է ամբողջ Սուրիոյ վրայ եւ որպէս ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ առաջին կարգին ՀԱՅ համայնքի գլխին վրայ, որ ոչ հեռուէն եւ ոչ մօտէն առնչութիւն ունի կատարուած-կատարուելիքին հետ, եւ որ միայն ու միայն կը փորձէ դրական չէզոքութիւն պահել…
Երէկ, 20 Մարտի կէսօրուայ ժամը երեքի մօտ, սարսափահար խուճապի մատնուեցան Նոր Գիւղի բնակիչները, մանաւանդ հայերը, երբ ամենասովորական կրակոցներէ ետք, մզկիթին կողմէն մարդիկ վազել սկսան պոռալով որ ընդդիմադիրները «Կիւլպէնկեան» հիւանդանոցին կողմէ յարձակած են Նոր Գիւղի վրայ: Մզկիթին կողմէն եկողներուն մէջ ես նշմարեցի նաեւ պետական անցարգելներու երկու զինեալներ, որոնք արագաքայլ կը հեռանային, հաւանաբար իրենց կարգին խուճապի մատնուելով լքած էին իրենց դիրքերը, կամ ալ, լաւատես ըլլալու համար ըսենք, իրենց ծառայական վայրը այլ տեղ էր եւ կը շտապէին իրենց դիրքերուն հասնիլ….
Ամէն մարդ փակեց իր խանութը եւ փախուստի դիմեց: Աչքիս առջեւ պարզուեցան «Երկրի» յար եւ նման պատկերները, որոնք ծանօթ են մեզի գիրքերէն: Ուրեմն 100-150 տարիներ ետք բան չէ փոխուած, մենք հայերս նոյնն ենք, «վախկոտ» եւ «ստրո՞ւկ»… Իմ գտնուած խանութիս տէրը փորձեց քիչ մըն սպասել, սակայն իր փոքրիկ զաւակը կը քաշէր իր ձեռքէն.«Հայրիկ, երթանք» ըսելով: Տունէն ալ զանգեցին, խուճապը հոն ալ հասած էր: Ընկերս փակեց խանութը եւ ամէն մէկս կողմ մը գացինք: Քիչ առաջ մեր հետ վարդապետ մըն ալ կար: Երբ անհետացաւ չեմ գիտեր…
Անցայ «Հաճ Հապիպ» կոչուող փողոցէն. հոն ալ մարդիկ կը շտապէին փակել իրենց գործատեղիները եւ երթալ տուն: Սուլէյմանիէի գլխաւոր պողոտան կտրելով անցայ «Վիլլաներ», ուր նկատեցի շուարած վիճակի մէջ եղող երկու աղջիկ եւ տղայ մը, որոնք կ’ուզէին տուն հասնիլ, բայց…
-Ո՞ւր է ձեր տունը,- հարցուցի:
-Սուլէյմանիէ: Կ’ըսեն թէ «Ազատ» բանակայիններ մտած են:
Սուլէյմանիէ, այսինքն Վիլլաներէն ընդամէնը երկու քայլ հեռու..
-Ես այնտեղէն կու գամ, բան մըն ալ չկայ, կրնաք հանգիստ երթալ,-ըսի:
Ուրախացան ու գացին:
Ես տխուր էի, շատ տխուր, չէ՞ որ մզկիթին կողմէ արագ քայլերով առաջին հեռացողներէն էին զինեալներ, պետութենէն ամսական առնող, այս թաղամասերուն պաշտպանութիւնը իրենց վստահուած զինեալներ…
Ինչպէ՞ս չտարակուսիս եւ չտխրիս:
Սակայն ես աւելի շատ տխուր էի ի տես մեր խուճապահար ժողովուրդին հանգաստացնող մը չգտնուելուն:
Ո՞ւր էին մեր տղաքը. Հայ տղաքը: Մեր այսօրուայ հերոս քաջամարտիկները, որոնց մասին արդէն երգեր կը յօրինուին ու կ’երգուին:
Բայց մեր տղաքը յանցանք չունին: Ի՞նչ ընեն անոնք առանց ղեկավարի: Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռենք եթէ ոչ մեր յանցանքը ապա անպայման թերութիւնը:
Կ’ըսեն թէ աւելի ուշ մեր տղաքը «հասած» են: Ո՞ւր հասած են, ուրտեղէ՞ն հասած են: Արդեօք անոնք հասան երբ պարզ դարձաւ որ որեւէ յարձակում չկա՞ր եւ թէ պարզապէս ինչ որ մարդիկ գոռացած էին յարձակման մասին իրար անցընելով ոչ միայն Նոր Գիւղը այլ նաեւ Սուլէյմանիէն:
Հիմա անկախ ինձմէ կը խորհիմ որ «անոնք» քանի մը տասնեակ զինեալներով կրնան գրաւել ամբողջ Նոր Գիւղը, Սուլէյմանիէն, Ազիզիէն, Վիլլաներն ու Ճալլաա-ը, այսինքն հայաշատ թաղամասերը:
Յետո՞յ: Յետոյ մեր տղոց հասնելուն ալ պէտք չըլլար. Պետական օդուժը կը ռմբակոծէ եւ գետնին կը հաւասարեցնէ ընդդիմադիրներու ազդեցութեան տակ անցած շրջանները եւ թերեւս …ետ կը մղէ զինեալները:
Սակայն անոնք ետ չեն մղուիր, փոխարէնը բնակչութիւնը կը լքէ իր փլած կամ փլատակ ըլլալիք տուները, մեր պարագային նաեւ ազգային շէնքերն ու եկեղեցիները…
Կը լքենք ու կը հեռանանք: Բայց ո՞ւր, տեղ ունի՞նք երթալու…
Խուճապէն ընդամէնը մէկ ժամ առաջ հանդիպեցայ ծանօթ մտաւորականի մը, որ ամիսներ առաջ իմ մէկ յօդուածիս առիթով, զիս հոռետես անուանողներէն էր, իսկ հիմա՞.. հիմա կ’ըսէր… «…Կարծես դէպի քու մատնանշածդ ուղղութեամբ կ’երթանք…»:
Կ’երթանք, ի հարկէ կերթանք: Իսկ ես ամիսներ առաջ կը վախնայի մեր գաղութի անէացման վտանգէն…
Հիմա դարձեալ կը վախնամ, աւելին՝ արդէն կը սարսափիմ:
Չէ՞ որ մենք չենք ուզեր լքել մեր տուները, չենք ուզեր հեռանալ այս թանկագին երկրէն, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի հակառակը ստիպել մեզի, չէ՞ որ մենք այս երկրին համար աշխատած ենք, ստեղծագործած, արարած, արիւն թափած…
Մենք Սուրիոյ ապագային հետ ենք, եւ դրական չէզոքութիւն կը պահպանենք, սակայն դրական չէզոքութիւն չի նշանակեր անպաշտպան մնալ, անպաշտպան թողուլ մեր համայնքը… մենք չենք ուզեր ոեւէ մէկուն վնասել, ընդհակառակը շատ պիտի ուզէինք կողմերու հաշտութեան մէջ դեր ունենալ, բայց չենք ալ կրնար արտօնել որ ով երբ ուզէ ինչպէս ուզէ ոտնակոխէ մեր իրաւունքները, մեր հաւաքականութեան տարրական իրաւունքները եւ նաեւ մեր համայնքի իւրաքանչիւր մասնիկին իրաւունքները: Եթէ այդպէս է՝ եւ այդպէս է՛, ո՞ւր են մեր տղաքը. ո՞ւր էին մեր տղաքը խուճապի պահուն, որ յետո՛յ «հասան»:
Յանկերգի պէս կը կրկնենք. մենք պարտաւոր ենք կազմակերպուիլ եւ պատրաստ ըլլալ ամէն ինչի, այսինքն ՄԷԿ ղեկավարութեամբ յատուկ մարմիններ ունենալ թելադրելու մեզի, ինչ ընել ԱՄԷՆ պարագայի, ՈՐԵՒԷ պարագայի, որոնք թաղային ճիւղաւորումներով իրենց ամէն կարելին ընեն գոնէ փորձելու անվտանգ պահել հայ ազգաբնակչութիւնը:
Մեր ժողովուրդը պէտք է տեղեակ ըլլայ, որ իր ապահովութեան մասին եւս մտածող կայ: Մեր ժողովուրդը, առաւել եւս մեր տղաքը վստահաբար պատրաստ են իրենց ղեկավարներուն հնազանդելու, հետեւելու, պայմանաւ որ անոնք ձեռնածալ ինչ որ բանի չսպասեն, ինչպէս կ’ընէ հայ իւրաքանչիւր անհատ այսօր. պայմանաւ որ ժամանակը զանոնք քարշ չտայ, այլ նախապէս մտածեն ամէն ինչի մասին.. եւ ոչ թէ ինքնագոհ մնան, ու հանգստացնեն իրենց խիղճն ու միտքը՝ չէ՞ որ հազարաւոր հայ կարօտեալ եւ ոչ կարօտեալ ընտանիքներու պարեն կը բաշխեն:
-Ի՞նչ պիտի ըլլայ… կը հարցնենք բոլորս բոլորիս:
Մինչդեռ պէտք է հարցնենք .-Ի՞նչ պիտի ընենք: Այս կամ այն պարագային՝ Ի՞նչ պիտի ընենք:
Ո՞վ պիտի պատասխան տայ մեզի:
Ես սկիզբը սխալ հարցում մը տուած էի ըսելով.
-Ո՞ւր են մեր տղաքը:
Պէտք է հարցնէի, ինչպէս որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը հարցնէ.
-Ո՞ւր են մեր ղեկավարները:
«Սիվիլնեթ»