kantsasar.com – Սուրիական տագնապի սկզբնաւորութենէն արդէն երկամեակ մը կը բաժնէ մեզ: Համայն սուրիացիներ, որոնց շարքին նաեւ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը ներկայացնող հակամարտող տարբեր խմբաւորումներ` աներկբայօրէն համոզուած են, թէ երկրէն ներս տիրող անբարեյոյս եւ անհանդուրժելի կացութեան դարմանումը հնարաւոր է միայն ու միայն երկխօսութեամբ:
Հետեւաբար հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպել այդ երկխօսութիւնը, որպէսզի առաւելագոյնս արդիւնաւորուի, բարերար եւ օգտակար դառնայ բոլորին: Որո՞նք պատրաստ են մասնակցելու համընդհանուր հաշտութեան եւ համաձայնութեան հեռանկարով ձեռնարկուող այդ քննարկումներուն: Հակամարտող կամ ճգնաժամի առնչակից բոլոր կողմերը արդեօք պատրա՞ստ են բազմաձայն եւ բազմակողմանի այդ զրոյցին:
Արդեօք սուրիացիներու համար փրկութեան լաստ հանդիսացող երկխօսութիւնը պէտք է իրականացնել սոսկ տարբեր կողմերէ հնչող հրաւէրներուն անմիջապէս եւ անվերապահօրէն ընդառաջողներու մասնակցութեա՞մբ բաւականանալով, թէ՞ անհըրաժեշտ է ամէն գնով ապահովել քաղաքական եւ զինեալ առճակատումներու հարթութեան վրայ ուղղակի ու որոշադրիչ ազդեցութիւն ունեցողներու ներկայութիւնը: Այստեղ հարկ է կարեւորութեամբ ուշադրութեան յանձնել, թէ խոչընդոտող գլխաւոր հանգամանքներէն կը հանդիսանայ յատկապէս այն իրողութիւնը, որ հաւաքական կարծիքը յարգողներ, երկխօսութեան կողմնակիցներ, եւ իրենց յօժարակամ մասնակցութեամբ անոր կայացման նպաստողներ` ըստ էութեան ներսուրիական իրադարձութեանց եւ դիմակայութեանց ընթացքին վրայ բաւարարաչափ ներգործութիւն ունեցողները չեն, իսկ այդ առումով, տագնապի հանգուցալուծման, բարւոք կարգաւորման առաջնորդելու ունակ` նկատառելի կշիռի եւ հնարաւորութեանց տէր հեղինակաւոր կողմեր կամ անձնաւորութիւններ ցարդ կը մերժեն մասնակցիլ մահասփիւռ, համահարթեցնող եւ կործանարար ճգնաժամը յաղթահարելու, Սուրիոյ ապագան կանխորոշելու, կանխածրագրելու կոչուած համակողմանի քննարկումներուն եւ խորհրդածութեանց:
Երկխօսութիւնը պէտք է կայացնել տարակարծիք կամ հակադիր դիրքորոշումներ որդեգրած քաղաքական թէ հասարակական շերտաւորումներու միջեւ, այլապէս` ձեռնարկուած հանդիպումներն ու զրոյցները կը վերածուին մենախօսութեան, միակողմանի խորհրդակցութեան եւ միագոյն տեսակէտներու աւելորդ անգամ վերարծարծումին, որոնք այլապէս թէկուզ օգտակար ըլլան, սակայն այս պարագային ակնկալուած ու ցանկալի արդիւնքի կամ եզրայանգումներու չեն տանիր երկիրն ու առճակատողները, յատկապէս` երբ գործ ունինք սուրիական ճգնաժամին տարողութեամբ կնճռոտ, բարդ, արիւնալի եւ դժուարահարթելի խնդրի մը հետ:
Անկեղծօրէն պէտք է խոստովանիլ, որ սուրիական տագնապին մէջ արտաքին գործօնն ու խաղարկողներ գլխաւոր դերակատարութիւն ստանձնած են, մինչդեռ ներքին ճակտի վրայ կատարուածները` թէեւ ընդվզեցուցիչ ու ողբերգական, սակայն անհեթեթ ու ապակողմնորոշիչ մանրամասնութիւններէ աւելին չեն ներկայացներ: Այս դառն եւ անյեղլի ճշմարտութեան նկատմամբ պէտք է վերաբերիլ ամենայն զգուշաւորութեամբ եւ զգօնութեամբ, յատկապէս` արտաքին միջամտութեան կոչերէ եւ ընդդիմադիր կողմերուն հետեւողականօրէն զէնք եւ զինամթերք տրամադրելու ուղղակի հրաւէրներէ ու քաջալերութենէ:
Բոլորին ջանքերը պէտք է կեդրոնանան զինեալ ընդհարումները, ոճրարարքներն ու արիւնահեղութիւնը կասեցնելու ուղղութեամբ: Մահն ու աւերածութիւնը վերջ պէտք է գտնեն հնարաւոր ամենակարճ ժամանակամիջոցին: Սուրիացիներու կեանքի եւ ստացուածքներու պահպանումը պէտք է դառնայ առաջնահերթ պահանջք, անառարկելի նախապայման, որ իրարամերժ խումբեր կը մերձեցնէ իրարու եւ կը վանէ զէնքը, կրակն ու բռնութիւնը: Սակայն ողբերգական առեղծուածը կը մնայ այն, որ զինեալներ կամ զէնքի տիրոյթը ղեկավարողներ իրենք են գլխաւոր հեղինակները համատարած ողբերգութեան, միաժամանակ` իրենք են միայն որ ի վիճակի են վերջ տալու ծաւալող անխնայ, անկարեկից քանդումին ու սպանդին:
Երկխօսութիւնն ու հաշտութիւնը մերժողներ սահմռկեցուցիչ իրադարձութեանց շարունակութեան գլխաւոր նպաստողներ կը հանդիսանան: Բացորոշ է որ զինակիրներ եւ բիրտ ուժի ապաւինողներ նոյնինքն զէնքի երկխօսութեան ջահակիրներ են, անոնք զինեալ ընդհարումներու լեզուն գերադաս, արդիւնարար եւ տարհամոզիչ կը սեպեն:
Ռազմական մահասփիւռ գործողութիւններն ու զինեալ քստմնելի բռնարարքները կը պայմանաւորուին անհաշիւ դրամավարկաւորումով (ֆինանսաւորումով) եւ մտածումի թէ հաւատալիքի ծայրայեղութեամբ, ինչպէս նաեւ կը սնուցուին արտաքին հովանաւորողներու եւ մեծապետական ծրագիրներու ծառայութեան կոչուած ստրկամիտներու թաքուն նրբանցքներէ, որոնք անհակակշռելի եւ անդիմակայելի կը մնան ներքին ճակատներէ ու խրամատներէ:
Գետնի վրայ ներկայիս պարզուող տուեալներէն կարելի է հետեւցնել, որ երկխօսութեան մեկնարկը ազդանշող անցագիր-արտօնագիրը ցարդ չէ ստորագրուած: Հակամարտող կողմեր առայսօր պատրաստ են որեւէ տարբերակի դիմելու, բացի քաղաքական տնօրինումի ու համախոհութեան ապաւինելու ընտրանքէն:
Այս բոլորէն ետք, վերադառնալով մեկնակէտին հարց պիտի տանք, թէ արդեօք շատերու կողմէ նախապատիւ դասուած եւ այնքան ցանկալի համարուող երկխօսութիւնը կրնա՞յ ըստ արժանւոյն արգասաւորուիլ եթէ սահմանափակուի լոկ ընդառաջողներու ընդհանրապէս հեղինակազուրկ եւ ոչ ազդեցիկ շրջանակով մը:
Պատասխանը բնականաբար դրական պիտի չըլլայ: Որովհետեւ` բազմաձայն զրոյցն ու բազմակողմանի քննարկումները ինքնանպատակ չեն կրնար ըլլալ, այլ կը նկրտին հասնելու հեռահար եւ վեհագոյն տեսլականի մը` որ կ՛առաջադրէ տագնապի արմատական հանգուցալուծումը, տիրող անթափանց խաւարէն, անյաղթահարելի քաոսէն, անել փակուղիէն ժամ առաջ ձերբազատուիլը:
Վերջապէս կը մնայ ընդգծել, թէ երկխօսութեան պէտք է ձեռնարկել համոզուած ըլլալով, որ քանդումը, խափանարարութիւնը, բռնութիւններն ու սպանութիւնները ամենեւին բարեյոյս վախճան չեն խոստանար ոեւէ մէկուն, եւ որ կարգաւորման ուղին առհասարակ կ՛անցնի քաղաքական համաձայնութեան բովէն: Արդարեւ, ճնշումով ու զէնքի սպառնալիքով երկխօսութիւն կարելի չէ իրականացնել եւ բաղձալի համախոհութեան յանգիլ:
Մշտատեւ լուծման չառաջնորդող կամ առնուազն տագնապէն դուրս գալու միջոցներ ու հնարաւորութիւններ չներկայացնող եւ լոկ երկխօսութեան անունով կազմակերպուող հանդիպումներ կամ համագումարներ որեւէ օգուտ պիտի չբերեն, յոյսի եւ լաւատեսութեան որեւէ լուսանցք պիտի չտրամադրեն սուրիացիներուն, այլ ընդհակառակը` յաւելեալ յուսախաբութեան եւ բարոյալքումի պիտի մղեն զանոնք: Մանաւանդ որ` յոյսի, լոյսի եւ բարենպաստ վախճանի չափորոշիչը կը տատանի հակամարտող կողմերէն հնչող հերթական ելոյթներու եւ հակաելոյթներու միջեւ, հանգամանք մը` որ պիտի հաստատէ, թէ սուրիական ճգնաժամի լուծումը կը սահմանափակուի միայն ու միայն երկրի բոլոր բաղկացուցիչներու մասնակցութեամբ կենսագործուող զրոյցով եւ տարհամոզումով:
Երկխօսութիւնը կը բեղմնաւորուի ու կը պտղաբերէ, երբ կը կայանայ իրողական թէ քաղաքական հարթութեանց վրայ ազդեցիկ եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցող ուժերու կամ հոսանքներու միջեւ, այլապէս` յուսալի եւ շօշափելի արդիւնք կամ եզրակացութիւն պէտք չէ ակնկալել: Դրական եւ բաղձալի աւարտի հասնելու համար էական կը համարուի երկրի հասարակական խճանկարի բոլոր բաղադրիչները համատեղող համակողմանի եւ անկաշկանդ զրոյցի սանձազերծումը` ուրուագըծելու համար ապագայ նոր եւ լուսաւոր Սուրիոյ տեսլականը` ազգային առաջնահերթութիւններու բացարձակ ենթահողին վրայ խարսխուած:
Առաւել պարզելով մեր միտքը անվարան կրնանք յայտարարել, թէ Սուրիա կը կարօտի իր բոլոր զաւակներու մասնակցութեամբ ծաւալող քննարկումներու եւ երկխօսութեան, որ պիտի առաջնորդէ համընդհանուր հաշտութեան եւ համաձայնութեան, այլ խօսքով` կառուցողական այնպիսի նախաձեռնութեան մը, որ յոյս ու հաւատք կը ներշնչէ եւ Սուրիական հայրենիքի պայծառ գալիքը կը ծրագրէ` ընդմիշտ հեռացնելով զայն դէպի անդունդ, դէպի քայքայում եւ կազմաքանդում գահավիժեցնող կործանարար ուղիէն:
Խ.Շ.