yerakouyn.com – Միջազգային հեղինակաւոր BBC-ն անդրադարձած է Հայաստան գաղթած սուրիահայերուն: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը։
BBC-ի թղթակիցը զրուցած է Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրահայերի հետ` պարզելու` ինչպէս անոնք կ’ընտելանան նոր միջավայրին եւ ինչ ակնկալիքներ ունեն ապագայէն:
“Իրենց նախնիներու նման Սուրիոյ մէջ բնակող հայութիւնը ստիպուած էր վերստին բռնելու գաղթի ճամբան: Սակայն այս անգամ հայերը փախուստի կը դիմեն ոչ թէ յատուկ իրենց դէմ ուղղուած բռնութիւններէն, այլ մօտ երկու տարի առաջ Սուրիոյ մէջ բռնկուած քաղաքացիական պատերազմէն, որ երթալով աւելի ու աւելի վտանգաւոր կը դառնայ երկրի բնակչութեան համար: Հայերէն շատերը, այլեւս ի վիճակի չ’ըլլալով շարունակելու իրենց կեանքը Սուրիոյ մէջ, կը գաղթեն իրենց հայրենիք` Հայաստան:
Պատերազմի արհաւիրքներէն փախչող սուրիահայ գաղթականաններու հոգ քիչ մը կը մեղմացնէ Հայաստանի մէջ գտած ջերմ ընդունելութիւնը”,- կը գրէ լրատուամիջոցը:
BBC-ն կը նկատէ, որ սուրիահայերու գաղթը ամենեւին չէ յարուցած տեղի բնակչութեան վրդովումը: Ընդհակառակը` շատ հայեր օգնելու պատրաստակամութեամբ բացած են իրենց տան դռները: Սուրիայէն գաղթած հայութիւնը հագուստով ապահովելու, աշխատանք կամ բնակութեան վայր գտնելու համար շարք մը բարեգործական միջոցմներ նախաձեռնուած են: Աւելին` հակամարտութեան բռնկումէն ետք կառավարութիւնը դիւրացուցած է մուտքի վիզայի եւ բնակութեան հաստատման գործընթացը սուրիահայերու համար:
BBC-ի թղթակիցը զրուցած է երաժիշտ Սարգիս Աթամեանի հետ, որ ֆիլմերգի երաժշտահանի յաջողակ ասպարէզ վաստակած է Սուրիոյ մէջ, իսկ հիմա դաշնակահ՚ար կ’աշխատի Հայաստանի մայրաքաղաքի մէջ գործող ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Աթամեանի վերջին ստեղծագործութիւնը, որ կը համադրէ Միջին Արեւելքի մեղեդիներ եւ հին հայկական ժողովրդական գործիքաւորում, զգացական ձօն է` նուիրուած իր հայրենի քաղաք Հալէպին, որմէ ստիպուած էր փախչելու:
«Երբ եկայ այստեղ, մտածեցի թէ այստեղի մարդիկ որքան նման են մեզի դէմքով, կառուցուածքով: Հայաստանի մէջ բնակելու լաւը այն է, որ գիտենք լեզուն, այբուբենը եւ կրօնքը”, – անկեղծացած է երաժշտահանը:
Անդրադարձ կայ նաեւ 300 աշակերտ ունեցող Կիլիկեան դպրոցին, որ ստեղծուած է յատուկ սուրիահայ երեխաներու համար: Դպրոցի “հիմնադիր” Նորա Փիլիպոսեան 16 ուսուցիչները եւս Սուրիայէն Հայաստան գաղթած հայերէն են: Անցեալ տարուայ ամրան ժամանելով Հայաստան` Փիլիպոսեան Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութեամբ հիմնած է այս դպրոցը, ուր երեխաները արաբերէն եւ սուրիական ուսումնական ծրագիրով դասեր կ’ուսուցանեն( նշենք, որ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի ստոյգ տեղեկութիւններուն համաձայն Նորա Փիլիպոսեանը ոչ թէ դպրոցի հիմնադիրն է, այլ տնօրէնուհին, դպրոցը Հիմնած են Կիլիկիա բարեգործական հիմնադրամն ու Հայաստանի կառավարութիւնը):
Հակառակ փոքր տարիքին` դպրոցի երեխաները արդեն զգացած են պատերազմի դառնութիւնները: “Սուրիոյ մեր տան դիմաց արաբական դպրոց կար: Օր մը հրասայլեր եկան եւ կրակոցներ եղան: Դպրոցը հիմնովին աւերուեցաւ: Մենք հեռացանք, մինչեւ իմ դպրոցս նոյնպէս կ’աւերուէր”,- պատմած է ութամեայ Լիլիթ Դօշոխլանեան:
Երեխաները պատմած են նաեւ, որ կը կարօտնան Սուրիոյ իրենց ընկերներուն եւ ցանկութիւն ունին վերադառնալու Սուրիա:
Կը նշուի, որ պատերազմի վերաբերեալ սուրիահայերը չէզոք դիրքրորշում ունին եւ միայն խաղաղութիւն կը խնդրեն: Նախագահ Պաշշար ալ Ասատ եւ նախկին կառավարիչները աւանդաբար հանդուրժողական վերաբերում դրսեւորած են երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հանդէպ: Աւելի քան 10 հազար սուրիահայ ժամանած է Հայաստան պատերազմը սկսելէն ի վեր եւ 7 հազարը դիմած է բնակութեան գրանցում ստանալու համար:
Հալէպ քաղաքը, որ տուն եղած է Սուրիոյ 100 հազար հայերու համար, ռմբակոծութիւններու եւ պայթումներու հետեւանքով այժմ չափազանց վտանգաւոր է դարձած է: