Հայ ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական պատմութեան մէջ հինգերորդ դարուն Աւարայրի հերոսամարտը կը յատկանշուի հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան, բարոյական կորովի, բարձր նկարագրի, հայրենասիրութեան եւ հոգեւոր եկեղեցական ուխտապահութեան պանծալի իրագործումներէն: Համաժողովրդական գիտակցութեամբ Աւարայրը հաւաքական սրբացումն է հայ ժողովուրդի եւ հերոսացումը հայ եկեղեցւոյ:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի, Ս. Ղեւոնդեանց քաջարի հոգեւորականներու եւ անոնց հերոսական կեանքի ու նահատակութեան յիշատակին Երեքշաբթի, 5 Փետրուար 2013-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց պատուական քահանայից տօնին առիթով քաղաքիս Նոր Գիւղ թաղամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Առաւօտեան ժամերգութիւն (ժամը 7:30-ին) ի ներկայութեան Հալէպի քահանայ հայրերուն, որոնք համախմբուած էին վերստին նորոգելու իրենց եկեղեցական ուխտը` Աստուծոյ հանդէպ եւ նուիրուածութիւնը` Հայ Եկեղեցւոյ:
Եկեղեցւոյ զանգի հնչիւններով եկեղեցական թափօրով մուտք գործեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը. հանդիսաւոր Ս. Պատարագը նուիրուած էր հայ հաւատքի եւ հայրենիքի անձնուրաց ու քաջարի հոգեւորականներուն ու անոնց պարագլուխը հանդիսացող Սրբոց Ղեւոնդեանց նահատակներու խնկելի յիշատակին. Դպրաց դասի երգեցիկ խումբը ոգեւորութեամբ ու ներդաշնակութեամբ կ՛երգէին Ս. Պատարագը: Ս. Պատարագի ընթացքին առինքնող երեւոյթ մըն էր եկեղեցական թափօրը եւ ուր քահանայ հայրեր քահանայական սաղաւարտներով, վառ մոմերով, խորհրդաւոր կերպով թափօր դարձան, յայտնելով իրենց հաւատքի առկայծ ճրագը, յընթացս Ս. եւ անմահ Պատարագին Առաջնորդ Սըրբազան Հայրը հանգամանօրէն ծանրացաւ Ս. Ղեւոնդեանց աննկուն հաւատքին, վեր առնելով Պետրոս առաքեալի ընդհանրական նամակի խօսքերը. «փորձուած ձեր հաւատքը շատ աւելի թանկագին է քան կորստական ոսկին, որ կրակի մէջ կը փորձուի, որուն համար ալ երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնըւի պիտի գովէ ձեզ ու փառքի ու պատիւի արժանացնէ» (Ա. Պետրոս Ա.7):
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Այսօր, եկած ենք խոնարհելու Ս. Ղեւոնդեանց նահատակներու յիշատակին առջեւ, անոնց պանծալի պատկերին եւ իրենց տուած արեան նահատակութեան համար, մեր ուխտը վերանորոգելու մեր առաքելութեան ուղին կողմնորոշելու եւ զօրանալու այս երկրի դժուարին պայմաններուն մէջ». ապա բնաբանէն թելադրուած ըսաւ. «Ս. Ղեւոնդեանք հաւատարիմ մնալով իրենց հաւատքին մէջ, անոնք բոլոր ժամանակներուն մեր հոգեւորական ծառայութեան ներշնչողն ու խրախուսողը կը հանդիսանան», ապա շարունակելով ըսաւ. «Այսօր, անոնք կը թելադրեն անփոփոխ մնալ մեր հաւատքին մէջ, որովհետեւ անոնց խորհուրդն ու պատգամը յարատեւ է. թող Ս. Ղեւոնդեանց ոգին այսօ՛ր նոր ոյժ եւ կորով տայ լուսաւորչաբոյր ոգիով, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հաւատքի լոյսը տարածելու մեր ժողովուրդին մէջ, զանոնք առաջնորդելու «հոգիներու փրկութեան», Ս. Ղեւոնդ Երէցի փառաւոր օրինակով»: Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եկեղեցական դասը, նուիրապետական բոլոր Աթոռներուն մէջ ծառայողները, Վեհափառ Կաթողիկոսէն մինչեւ խոնարհ եկեղեցականը:
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Թեմիս մէջ ծառայութիւն մատուցած եւ վախճանեալ քահանայ հայրերուն յիշատակին:
Ս. Ղեւոնդեանց մարտիրոսական ոգին եւ նուիրումը թող միշտ ներշնչէ մեր Ս. եկեղեցւոյ հոգեւորականներն ու հաւատացեալները, որպէսզի կարողանանք ապրիլ ու գործել անոնց ոգիով ու նուիրումով:
Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 12 Փետրուար 2012