7-2-2013-KantsasarԿի­րա­կի, 3 Փետր­ուար 2013-ի առա­ւօտ­եան, Հա­լէ­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ, յետ Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գի արա­րո­ղու­թեան եւ Թե­միս Առաջ­նորդ Տէր Շա­հան Սրբ. Եպս. Սար­գիս­եա­նի քա­րո­զին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Օ.Մ.-ի եւ Ս.Օ.Խ.-ի ննջեց­եալ­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ Ազգ.Պատըս­պա­րա­նի հան­գուց­եալ կտա­կա­րար­նե­րուն եւ բա­րե­րար­նե­րուն հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն:

Արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ եղան Հ.Օ.Մ.-ի Կ.Վար­չու­թեան շր­ջա­նիս ան­դամ­ներն ու Ս.Օ.խ.-ի Շրջ. վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, նս­տա­վայ­րի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­ներն ու ան­դա­մու­հի­նե­րը, որոնք իրենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­ցին, ոգենշելով երախ­տա­ւոր խա­չու­հի­նե­րուն, ազ­նիւ բա­րե­րար­նե­րուն լու­սա­ւոր յի­շա­տա­կը:
Յետ հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թեան վար­չու­թեան ան­դամ­ներն ու խա­չու­հի­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ազգ.Պատս­պա­րան, որ երկ­րիս անա­պա­հով պայ­ման­նե­րուն եւ զին­եալ բա­խում­նե­րուն պատ­ճա­ռով տե­ղա­փոխ­ուած է Ա.Մ.Ժ.Տան «Լ.Շանթ» սրահ:

Ս.Օ.խ.-ի Շրջ.վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Ան­նա Տ.Յա­կոբ­եան եւ Հ.Օ.Մ.-ի Կ.Վար­չու­թեան ան­դամ ընկհ. Զե­փիւռ Է. Ռէ­իս­եան անդ­րա­դար­ձան բա­րե­րար­նե­րու մար­դա­սի­րա­կան նուի­րու­մին ու հայ­կա­կան մեր իրա­կա­նու­թեան մէջ անոնց դրա­կան ներդ­րու­մին, այ­նու­հե­տեւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղե­ցին երկ­րիս դժ­ուա­րին այս պայ­ման­նե­րուն մէջ արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտ­նուող բո­լոր Խա­չու­հի­նե­րուն:

ՍՕԽ-ի Դաստ. Յանձ.
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 12 Փետրուար 2013