Ս. Վարդանանց տօնը բացառիկ տեղ կը գրաւէ որպէս հայ ժողովուրդի դարաւոր ազատագրական պայքարի պատմութեան համաժողովրդական հերոսամարտ, որ դարերէ ի վեր մեր ժողովուրդի սիրտը լեցուցած է կրօնական եւ հայրենասիրական ջերմ զգացումներով եւ խոհերով:
Կիրակի, 3 Փետրուար 2013-ի կէսօրուայ ժամը 12:30-ին Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց յիշատակի հերոսներուն ոգեկոչական հանդիսութիւն, գլխաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետերու` Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեանի:
Համայնքապետերը շեշտեցին որ պէտք է ապրիլ ու ներշնչուիլ Ս. Վարդանանց ոգիով, մեր սըրբազան նախնեաց առաքինութեան ճանապարհով, որովհետեւ Վարդանանց տօնը լոկ վերյիշում չէ դիւցազնական դրուագի մը, այլ 1562 տարիներէ ի վեր ապրող եւ ներշնչող ու կազմակերպող անտեսանելի, բայց միշտ զգալի ու ներկայ մեծ ոյժ եւ մեծ սկզբունքներ փոխանցող հիմնարար իրագործում մըն է:
Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն, իսկ քաղաքիս Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ Հինգշաբթի, 7 Փետրուար 2013 առաւօտեան մատուցուեցան Ս. եւ անմահ Պատարագ Ս. Վարդանանց քաջամարտիկ նահատակներու յիշատակին այս առթիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Պատարագ մատուցեց Տ. Խորէն Քհնյ. Պերթիզլեան, պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, շեշտը դնելով հայկական կեանքը գիտակցաբար ապրելու հեռանկարին վրայ, ի հարկին, գիտակցաբար նուիրուելու եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան եւ քարոզեց Գերպ. Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեան:
Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց փառաւոր ու ներշնչող ներկայութիւնը թող ամրացնէ մեր հաւատքը, յատկապէս ներկայ դժուարին ժամանակներուն մէջ, եւ Աստուած իր խաղաղութիւնն ու օրհնութիւնը բաշխէ Սուրիական հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին: