asbarez.com – Շրջանիս մէջ գործող Սուրիոյ Հայութեան Աջակցութեան Հիմնադրամը (SARF), որ համագաղութային մարմին մըն է, որուն մէջ ներկայացուած են համայնքիս մեծագոյն կազմակերպութիւնները, զօրակցական յայտարարութիւն մը ստացած է Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինէն՝ յառաջիկայ Փետրուար 21ին տեղի ունենալիք թելեթոն-դրամահաւաքին առիթով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն մարմինին կողմէ հրապարակուած եւ «Հաղորդագրութիւն թիւ 16» վերնագրուած զօրակցական գրութիւնը՝ ուղղուած շրջանիս հայութեան, եւ կը միանանք անոր կոչին՝ դիմելով մեր համայնքի զաւակներուն, որ անգամ մը եւս ցուցաբերեն իրենց սրտակցութիւնն ու մարդկային վերաբերմունքը աղէտեալ ազգակիցներուն հանդէպ, եւ օգնութեան ձեռք երկարեն անոնց: Մեր համայնքը հոյակապ աւանդութիւն ունի նեղութեան մէջ գտնուող իր ազգակիցներուն հասնելու: Պահե՛նք այդ հրաշալի աւանդոյթը…
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 16
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը (ՍՇՕՎՄ) կը յայտնէ իր գոհունակութիւնը SARF-ին նախաձեռնած բոլոր աշխատանքներուն նկատմամբ, բայց յատկապէս՝ 2016ի Փետրուար 21ի դրամահաւաքի ծրագիրին առնչութեամբ:
Այս առթիւ ՍՇՕՎՄը բարձր կը գնահատէ այս նախաձեռնութիւնը եւ կը մաղթէ, որ շնորհիւ մեր հայրենակիցներուն ի սպաս դրած մեծ ջանքերուն, անդուլ աշխատանքին ու անխոնջ ճիգերուն՝ ծրագիրը լաւագոյն ձեւով ընթանայ եւ նուաճէ իր նպատակակէտը:
Վարձքը կատար նախաձեռնողներուն, աշխատանքներուն մասնակցողներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք սուրիահայութեան ապրած այս դժուարին տարիներուն նեցուկ կանգնեցան անոր ու մնացին անոր կողքին:
Մեր հայրենակիցները կը հրաւիրենք, որ անվերապահ մասնակցութիւն բերեն՝ SARF-ի ճամբով սուրիահայ համայնքի վերականգնումին եւ գոյերթին:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ