asbarez.com-

Լալա Միսկարեան-Մինասեան
– Սիրա՛ն, ի՞նչ եղեր է (անշուշտ, անունը փոխած եմ…)։
– Ի՞նչ մը եղե՜ր է,- երգեց ան,- չիմացա՞ր, նորէն լոյսը կտրեցի՜ն…
(Նորէն չէ՛, պիտի ճշդէր Սեւակը, այլ՝ կրկին, վերստին, դարձեալ, եւս, կրկին ու կրկին եւ այլն…)։
– Է՜, նորութի՞ւն էր քեզի համար, ինչո՞ւ կու լաս,- ըսի։
– Քա չե՛մ լար, կ՛երգե՜մ, չե՞ս մը լսեր…
– Լա՛ւ, լա՛ւ, երգէ՛ նայիմ, ի՞նչ եղած է…
Ու բարեկամուհիս, մերթ լալէն, մերթ երգելէն պատմեց հետեւեալը.
– Սովորական խաւար գիշեր մըն էր, երբ պատահեցաւ հրաշքը։ Յանկարծակի, կարծես մէկը հրեց զիս. ցատկեցայ տեղէս. սենեակս պայծառ լուսաւորուած էր. ապշեցա՛յ. անհանգստացա՛յ. ի՞նչ է այս… Ապա, քանի մը վայրկեանէն ուղեղիս հասաւ, թէ ամիսներէ ի վեր մեզ լքած ելեկտրականութիւնն էր շնորհ բերողը։ Սկսայ միտքս քրքրելու, թէ ինչե՜ր կ՛ընէի, երբ ունէի հոսանք… Երեւակայէ՝ չյիշեցի։ Մահճակալին եզրին նստած՝ կը սպասեմ, որ անիկա մարի, թէ ոչ հրաշքը որքա՞ն երկար կրնայ տեւել։ Բաւական ետք էր, երբ մարմինս սառեցաւ ու միտքս պայծառացաւ. անդրադարձայ ընելիքներուս. ամիսներէ ի վեր արդուկի սպասող լաթերո՞ւն վազեմ, թէ լուալիքներուն։ Շուարեցայ, ապա վիճակ նետեցի ու վազեցի դէպի բարդ-բարդ կուտակուած լուալիք լաթերը։ Այս պայմաններուն մէջ ո՜վ է քեզի նայողը՝ արդուկուած կը հագուիս, թէ ճմռթկուած։
Այդ դէզը լուալու համար մեքենան գոնէ երեք անգամ պէտք է աշխատէր։ Քաջալերուած ու յուզուած մեզի հանդէպ այս հոգատարութենէն՝ խաչ հանեցի ու միացուցի մեքենան։ Հինգ վայրկեան ջուր իջաւ ու, աւա՜ղ, նոյնպէս հրաժեշտ տուաւ։ Ի զուր երգեցի՝ «Ա՜յ պաղ ջրեր, զուլալ ջրեր, որ գալիս էք… ծորակից»։ Միայն խռխռոց մը կը մատնէր, թէ մեքենան կը բողոքէր։ Սկսայ կուտակած ջուրերէս լեցնելու եւ գրեթէ երջանիկ էի։ Վազեցի, միացուցի արդուկը ու կրկին լուացքիս վազեցի։ Այսպէս՝ քանի մը անգամ վազքով կտրեցի սենեակները (գոնէ տաքցայ), բայց… լոյսը եւս մարեցաւ… Ահա՛ երրորդ օրն է, որ լուացքը մեքենային մէջ է, իսկ լոյսն ու ջուրը լքած են մեզ՝ անորոշ ժամանակով։ Դուն ըսէ՝ ի՞նչ ընեմ։ Նստիմ ու լա՞մ… որ լուացքը թէկուզ ձեռքով ընելու համար ջուր չունիմ եւ եթէ ըլլար իսկ՝ սառցաջուր պիտի ըլլար այս սառնամանիքին… վառարանին վրայ տաքցնել ալ չեմ կրնար, չկա՜յ «մազո»չ (վառելանիւթ-Խմբ.)… որ գազին վրայ եւս կարելի չէ, զայն խիստ խնայողաբար կը գործածեմ, տագնապ կայ… Դեռ աւելին՝ թափած ջուրին վրայ ալ սահեցայ, ինկա՜յ,- կրկին լալագին երգեց ան։
Խորհեցայ, որ հալէպցի ոեւէ տանտիկին բազում այլ տարբերակներ կրնայ պատմել։ Չէ՛, մարդիկ յուսահատեցնելու իրաւունք չունիմ։ Ուստի քաջալերեցի զինք.
– Թո՛ղ հոտի լուացք մը, հո՞գ կ՛ընես. մենք ինչե՜ր կորսնցուցեր ենք, քանի մը լա՞թ պիտի խորհիս։ Ընդհակառակը՝ խնդա՛, երգէ՛, բարձրաձա՜յն, մարտակա՛ն…
– Ես ալ ատիկա կ՛ընեմ… թող գոցեն կեանքի բոլոր դռները, իսկ ես ընկոյզի կեղեւին մէջ ալ պիտի խնդամ ու խնդուքով յաղթեմ…
– Մենք քաջ տոհմի զաւակներն ենք չենք վախի՜…,- կ՛երգէր ան, մինչ մարմինս կը սարսռար՝ չնետէ՞ կինը…
***
Յայտնի է, որ պատերազմներու միջոցին շատեր կը հարստանան։ Խօսքս չի վերաբերիր զայն հրահրողներուն. անոնք միայն շահելու ի խնդիր է որ կրակի կու տան ուրիշին տունը ու կը հեղեն ուրիշի մանկան արիւնը։
Խօսքս նաեւ երկրէն ներս դիրքերու վրայ գտնուողներուն մասին չէ՛, որոնք զանազան ձեւերու կը դիմեն՝ տակաւին հոս մնալ յամառող մարդոց գրպանի վերջին «ղուրուշ»ը հանելու։ Պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսացողներ, եւ տակաւին՝ ազատ պատիժներէ։
Ուրիշներ ալ կան։ Անոնք, որոնք ապրած են Հայաստան, անշուշտ ծանօթ են «ԽԾԲ»ին։ Խօսքը «խնամի, ծանօթ, բարեկամ» երանելի եռեակին մէջ մտնող մարդոց մասին է։ Յիշեցէ՛ք, խնդրեմ, թէ անոնց ճարտար ձեռքերով ինչե՜ր ներմուծուեցան երկիր՝ մեր կարիքները «հոգալու» համար։ Կեցցե՛ն տղաքը։
Չկայ ելեկտրականութիւն՝ «մոթոր»ներ ներմուծեցին, մանաւանդ՝ շուտ շարքէ ելլող։ Չինաստանին առեւտուրը շահեցաւ, իսկ Հալէպի մէջ՝ պենզինի անվերջանալի կարգեր, «տակից» առեւտուր, «մոթոր»ներու անուշաբոյր ծուխը ու հոգեպարար երաժշտութիւնը, որ ճազի ու ռոքի հրաշալի համադրութիւն մը կու տայ (մինչդեռ դուն երանի կու տաս խուլերուն)… Այո՜, հոն շահեցաւ նաեւ պարզ արհեստաւորը։
Ապա զարգացանք. դուրս մղուեցաւ բարի մոմերու հին պիզնեսը. աւելի մեծ շահեր մէջտեղ եկան, յայտնուեցան հզօր ելեկտրածին մարտկոցներ, իսկ Հալէպը առաւել «գեղեցկացաւ»՝ ծածկուելով «ամպերային» լարերու ծածկոյթով։ Խօսքը անձրեւաբեր ամպերու մասին չէ, այլ՝ «ամփեր»ին, որ ֆրանսացի գիտնականին անունը կը կրէ ու մեզի լոյս կու տայ։ Գրպանդ կ՛որոշէ լոյսիդ չափը, եթէ անշուշտ ամիսէ ամիս գինը չաճի՝ ժամերը պակսելուն հակընթաց շարժումով… Հարցնող-փնտռող չկայ… Մահկանացուներուս օգուտը՝ ելեկտրագործ արհեստաւորը հացի դրամ կրցաւ շահիլ։ Միայն ոչ ոք այս քաղաքին մէջ հասկցաւ, թէ ինչպիսի՛ հետեւողականութեամբ թշնամին կը զարնէ ելեկտրական կեդրոնները՝ հազիւ նորոգուած։ Սատանան չար միտքերու կը տանի Հալէպի ժողովուրդը…
Ջուր չունինք… դուք ձանձրացաք լսելէն, իսկ մենք՝ հնարաւոր բոլոր ամաններուն, շիշերուն, գաւաթներուն մէջ ջուր ամբարելէն… Ծախուեցան ջրմուղներ. ե՛ւ ներածողը, ե՛ւ տեղադրողը, ե՛ւ աւրուելու պարագային՝ արհեստաւորը շահեցան։ æուրի վրայ նստած Հալէպը ա՛յդ ալ տեսաւ… զարգացաւ տակառներով ջուր ծախելու պիզնեսը։
Դեռ հայերուս կ՛ըսեն առեւտրական. արաբները հանճարեղ են նեղ տեղը ապրանք հայթայթելու, ծախելիք գտնելու մէջ։ Վերը նստողները կը բազմապատկեն միլիոնները (կեցցէ՛ պատերազմը), պարզ մարդիկ հացի դրամ կ՛աշխատին, դրամը փոքրիկ գրպանէն կը հոսի դէպի լայնը, ու կեանքը կը շարունակուի։
***
Եւրոպան տագնապահար… Անկելա «թանթիկ»ը, իր ժողովուրդի ըմբոստացման առջեւ շփոթահար՝ կը փորձէ կոծկել իր անխելքութիւնը (կամ՝ ծախուածութիւնը)։ Ֆրանսան, որեւէ տեղ, որեւէ ժամու հնարաւոր ահաբեկչութեան մղձաւանջը կ՛ապրի, Անգլիան Մանշը պիտի գոցէ ու կղզիի առաւելութիւնները պիտի վայելէ… եթէ ձեռքէն գայ, որ գաղթականները հոն եւս չխուժեն։ Բոլորը կը նմանին այն խեղճ կենդանիին, որ կերակուրի փոխարէն… սխալ բան կերեր է։ Անունը կրկին «դեմոկրատիա» դրին, երբ, անդրովկիանոսեան քեռիի հրամանին հլու՝ որոշեցին գրկաբաց ու մարդասիրաբար ընդունիլ Մերձաւոր Արեւելքէն փախչողները։ Հետաքրքրական է՝ ո՞վ կրակ վառեց անոնց տուներուն մէջ ու զանոնք փախուստի մատնեց…
Իսկ հիմա ցոյցերու մէջ է Եւրոպայի ժողովուրդը, քանի որ գաղթողները, գայթակղած եւրոպացի շիկահեր ու կիսամերկ աղջիկներով՝ ոչ-դեմոկրատ պահուածքներ կ՛ունենան անոնց հանդէպ։ Իսկ հոս՝ Սուրիա, Իրաք, Լիպիա անարգուող, ծախու հանուող, բռնաբարուող կիներու, մատղաշ աղջիկներու եւ մանուկներու համար ո՞վ ցոյցեր պիտի ընէ, եւ ո՞վ է լսողը… Դո՛ւք էք, մեծ մարդասէրնե՜ր, որ իրաւ մահէ ու աւերէ փախչողներուն հետ ներմուծեցիք նաեւ աղբը, տականքը, անասունը, որ հոս ձեր ազատութիւնը չունէր. իսկ հոն ինկաւ դրախտ-«ճեննէ»չի հուրիներուն մէջ ու կ՛օգտուի ազատութեան բարիքներէն… Գիրկդ նստիմ, մօրուքդ փետտեմ… Ի՞նչ շահերու ի խնդիր ըրիք այդ, ու այսօր ինչպէ՞ս պիտի լուծէք այդ գորտեան հանգոյցը, որուն առջեւ էք, ու դեռ անոր ծաղիկները նոր պիտի բացուին… Կը յիշէ՞ք Փութինի խօսքը՝ «Դուք գոնէ կը հասկնա՞ք, թէ ի՛նչ կ՛ընէք…»։
Թուրքիա՞ն է մեղաւորը, որ միլիոնաւր գաղթականներ խուժեցին ձեր տուները։ Դրացիս, որ քաղաքականութիւն հասկնալ կը յաւակնէր, կը կրկնէր, թէ՝ «թուրքը պիտի իյնայ այս անգամ», թէ՝ Եւրոպան ու Ամերիկան զայն աղտոտ լաթի պէս մէկդի պիտի նետեն։ Կը մնանք երազո՛ղ ժողովուրդ… Թէ Թուրքիան որեւէ աղտոտ լաթէ աւելի աղտոտ է՝ կասկած չկայ, բայց նայինք, թէ որո՞նք են մաքուրները. որո՞նք քաջալերելով անոր գայլային բնազդը՝ զայն մղեցին մարդակերները Սուրիա առաքելու, որո՞նք են, որ անոր քաջալերեցին մարդկային դժբախտութիւնը շահի աղբիւր դարձնել ու ստրկավաճառութիւն ընել, որո՞նք են, որ անոր թոյլ տուին Սուրիայէն յափշտակուած քարիւղով ուռճանալ, որո՞նք են, որ գաղթողներու առջեւ դռները բանալ յորդորեցին ու աւելին՝ մեծամեծ դրամներ տուին՝ զանոնք «խնամելու» համար. իսկ այսօր եւս կը խոստանան միլիառներ…
Պատասխանը՝ հին դեմոկրատիան կրող Եւրոպան ու նորաձեւ, զուտ ամերիկեան դեմոկրատիա տարածողները։
Այս խնդիրին մասին երկար մտածեցի ու միտքս գնաց դէպի դեմոկրատիայի ծնունդը՝ Հին Յունաստան ու մանաւանդ՝ Հռոմ։
Մեծն Շէյքսփիրը, հիացած հռոմէացիներու վեհ գործերով՝ նկարագրեց Յուլիոս կեսարի սպանութիւնը, զոր գործեցին անոր ամէնէն մտերիմները՝ յանուն Հռոմի դեմոկրատիային։
Պատանիի թարմ հոգիով ընթերցեր, յուզուեր, ոգեւորուեր, նոյնիսկ՝ լացեր եմ… Գրողները որքա՜ն յաջող ձեւով կրնան գեղեցկացնել կեանքի… մթութիւնները։
Բայց նայինք, թէ ի՛նչ ժողովրդապետութիւն էր Հռոմինը։ Կային պատրիկները՝ ազնուական արտօնեալ դասակարգ ու իշխող խաւ. կային փլեպէյները՝ քաղաքային արհեստաւոր կամ գիւղացի, իրաւազուրկ, շահագործուող խաւ, ու կային պատերազմական գերիները՝ ստրկացուած, ծախու ապրանք, թէկուզ եւ ըլլային իշխանորդի կամ արքայորդի…
Այո՜, ժողովուրդը ձայն կու տար կարեւոր հարցերուն, սակայն որո՞նք էին, որ հմուտ ճարտասանութեամբ իրենց ուզած կողմը կը տանէին ամբոխը… ճի՛շդ այսօրուան ընտրութիւններուն պէս։ Խեղճ կեսարը խողխողող ազնուականները իրա՞ւ յանուն մեծ գաղափարի՝ Հռոմի դեմոկրատիային, մորթեցին մարդը։ Բայց ինչո՞ւ յետոյ գզուըռտուքի մէջ ինկան՝ իշխանութիւնը կիսելու համար… Կը կարծէ՞ք, թէ շատ բան փոխուած է հին Հռոմէն ասդին։
Այսօրուան ղեկավարները, որոնք բազում կերպեր յօրինած են ամբոխը խաբելու եւ կաշկանդելու, պակա՞ս ճարտասաններ են։ Պրն. Սարքոզին, առանց աչք թարթելու կը յայտարարէր, թէ Ափրիկէի ու այլ բարբարոս երկիրներու մէջ (Մերձաւոր Արեւելք…) շնորհիւ իրենց ջանքերուն՝ արդէն իսկ սկսած է գործելու դեմոկրատիան, եւ այդ կ՛ըսէր այն օրերուն, երբ ամենանողկալի ձեւով կը խողխողէին Քազզաֆին ու Լիպիոյ մէջ դժոխքը կը մոլեգնէր. «Արաբական գարնան» արնագոյն ծաղիկները կը բացուէին՝ իրենց իսկ շնորհիւ։ Միւսներուն ալ «ազնուութիւնը» եւ «ուղղամտութիւնը» դուք գիտէք։ Եւ այս մարդոց հաւատացողներ, զանոնք յարգողներ, ակնածողներ կան…
Աւելի քան երկու հազար տարի ետք բան մը փոխուա՞ծ է. քաղաքական գործիչներու վարքին մէջ մարդացումի որեւէ յառաջընթաց կա՞յ։ Եթէ Պրութոսը իր բարեկամ կայսրը սպաննեց՝ յանուն Հռոմի դեմոկրատիային, ապա այսօրուանները բնաւ Պրութոս չեն, ինչպէս եւ չէին անոր համագործակիցները։ Անոնք սովորական մարդն էին ու են՝ արծաթասէր, փառասէր, նախանձ ու ոճրագործ։
Ոչինչ փոխուած է, միայն թէ այսօրուանները Պրութոսի արժանապատուութենէն կաթիլ մը իսկ չունին. ամէն աղտի մէջ կը մտնեն, ամէն կերպ կը ծամածռեն իրենց հոգիները, միայն թէ խաբեն ժողովուրդը, մնան գահերու վրայ ու յառաջ տանին իրենց սեւ ծրագիրները։
***
Այս մտորումներս գրի առնելէս ետք, գիշերը երազիս յայտնուեցաւ կայսրը ու ինծի ցուցնելով իր բազում վէրքերը՝ ըսաւ.
– Ուրեմն ես ի զո՞ւր սպաննուեցայ… Ես նոյնիսկ ներած էի Պրութոսը, քանի որ ան յանուն վեհ գաղափարի գնաց սպանութեան. ուրեմն ա՞ն ալ խաբուեր է, ամէն ինչ սո՞ւտ է եղեր։
Հոն հանդիպեցայ Քազզաֆիին ալ, Սատտամին ալ, եւ ուրիշ գահընկեցներու… պարզուեցաւ, որ եղածը մանր կիրքեր են ու մեծ շահեր. չկայ՝ ո՛չ դեմոկրատիա, ո՛չ վեհ նպատակներ… Ուրեմն, խեղճ Պրութոսը ի զո՞ւր մեղքի տակ ինկաւ…
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ