asbarez.com – 2015ի Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժինի տնօրէնութեան՝ յանձինս դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի, ի գործ դրած ջանքերով եւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին աջակցութեամբ, կարելի եղաւ իրականացնել Սուրիոյ հայկական վարժարաններու 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կողմէ յատկացուած կրթական օժանդակութեան ծրագիրը:

«Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժինին կողմէ մշակուած կրթական օժանդակութեան ծրագիրէն օգտուեցան Սուրիոյ մէջ գործող 25 հայկական վարժարաններ (Հալէպ՝ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան, Ազգային Զաւարեան վարժարան, Ազգային Սահակեան վարժարան, Ազգային Հայկազեան վարժարան, Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարան, ԼՆԳԿ Կեդրոնական վարժարան, Կիլիկեան ճեմարան, Բեթէլ վարժարան, Զուարթնոց վարժարան, Մխիթարեան վարժարան, Կրթասիրաց վարժարան, Անարատ Յղութիւն վարժարան, Ս. Գրիգոր ճեմարան եւ Ազգային մանկապարտէզ. Դամասկոս՝ Ազգային Թարգմանչաց ճեմարան, ՀԲԸՄ ԳԿ Յառաջապահ վարժարան, Հայ կաթողիկէ Փարոս ճեմարան, Ծաղկանց մանկապարտէզ եւ Ազգային Միացեալ վարժարան. Քեսապ՝ Հայ Կաթողիկէ Բարեյոյս վարժարան եւ Ազգային Ուսումնասիրաց ճեմարան. Լաթաքիա՝ Ազգային Նահատակաց վարժարան. Ճեզիրէ՝ Ազգային Եփրատ վարժարան, Ազգային Մեսրոպեան վարժարան ու Ազգային Ազատութիւն վարժարան):

Օժանդակութեան այս ծրագիրին համար, «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կողմէ յատկացուեցաւ 175,000 ամերիկեան տոլար: Սուրիոյ ապրած պատերազմական կացութեան մէջ եւ սուրիահայ համայնքին դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն լոյսին տակ, մեծապէս կը գնահատենք «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժինին կողմէ իրականացուած այս նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի կանգուն պահել հայ դպրոցը, նպաստել արեւմտահայերէնի կենդանութեան ապահովման ու հզօրացման եւ զօրավիգ կանգնիլ հայ դպրոցին ու հայ ուսուցիչին: Առ այդ, սուրիահայ դպրոցները կը յայտնեն խորին շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն:

Ի ԴԻՄԱՑ՝

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ

ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ

ՄԱՐՄԻՆ