yerakouyn.com – «Արմենփրես»-­ը «Բարեւ Հայաստան» խորագիրով կը ներկայացնէ կեանքի պատմութիւնը Հայաստան ժամանած սուրիահայերու, որոնք իրենց արհեստի միջոցով կրցած են հաստատուիլ Երեւան, ստեղծագործել ու գումար վաստակիլ:

Իսահակեաններու ընտանիքը արդէն երկու տարիէ Հայաստան կ՛ապրի. եկած են Հալէպէն, հոն ձգելով իրենց տունը, խանութն ու ամբողջ ունեցուածքը: Երեւանի մէջ հայր ու որդի Իսահակեանները կը զբաղին խոհարարութեամբ: Բացած են փոքրիկ սրճարան մը, ուր այցելուներուն կը հրամցնեն տասնհինգ տեսակ սուրիական կերակուրներ: Հայրը` Գրիգոր Իսահակեանը, կը խոստովանի, որ երբ պատերազմի պատճառով որոշեցին լքել Սուրիան, փրկութեան միակ ճանապարհը տեսան հայրենիքը: Մինչ այդ, Գրիգորը ընդամէնը մէկ անգամ եղած էր Հայաստան` 80­ականներուն ու իբրեւ զբօսաշրջիկ:

«Շատ բան փոխուած է Հայաստանի մէջ: Ես չեմ ուզեր համեմատել Հալէպն ու Երեւանը, մէկ բան կ’ըսեմ, հայրենիքի մէջ լաւ է, հոս հանգիստ եմ, ապահով: Կ՛երազեմ, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը աւարտի, որ հոն վիճակը կայունանայ, մարդիկ բնականոն ապրին: Պատերազմը լաւ բան չէ»,- կ՛ըսէ Գրիգորը ու կ՛աւելցնէ, որ պատերազմի աւարտէն ետք նորէն կ՛երթայ Հալէպ, որ բնակարանն ու խանութը ծախէ եւ վերջնականապէս հաստատուի Երեւան: Գրիգորը կը ցանկայ, որ հոս իր պատրաստած ուտելիքները նոյնքան պահանջուած ըլլան, որքան Հալէպի մէջ: Քսան տարուան փորձառութեամբ խոհարարը կ՛ըսէ, որ բաղադրատոմսերու յատուկ գաղտնիք չունի∙ կարեւորը իւրաքանչիւր ուտեստի մէջ սէր դնելն է: «Մթերքները նոյնն են, պատրաստման եղանակը` նոյնպէս, բայց ուտեստին մէջ պէտք է հոգի դնել, սիրով կատարել աշխատանքը, ամէն կատարած աշխատանքդ արժեւորել, որ լաւ ըլլայ»,-­ կ՛ըսէ Գրիգորը: Փորձառու խոհարարը կը պատմէ որ բաղադրատոմսերուն մէջ նշուած չափաբաժիններուն չի հաւատար ու չի հետեւիր. Համեմունքները կ՛օգտագործէ աչքի չափով, խմորները կը բաժանէ առանց կշռելու: Կ՛ըսէ` խոհարարին աչքը ամենահզօր չափելու միաւորն է:

«Հայաստանի մէջ սկիզբը միայն լահմանաճին կը պատուիրէին, հիմա աւելի կը նախընտրեն զահթարը: Միշտ կը գովեն իմ ու որդիիս պատրաստածները, յաճախ բաղադրատոմսն ալ կը ցանկան: Ես ալ միշտ խորհուրդ կու տամ՝ ուտելիքը պատրաստել սիրով ու ժպիտով, որ համեղ ըլլայ»,- կ՛ըսէ ան­:

Հայաստանի մէջ իբրեւ խոհարար ճանչցուելու մասին կ՛երազէ նաեւ Գրիգորին որդին` Քրիստափորը: Կ՛ըսէ` աչքերը բացած ու տեսած է, թէ ինչպէս իր հայրը ուտելիքներ կը պատրաստէ: Գրիգորին զաւակներէն միայն Քրիստափորը ոգեւորուած է խոհարարութեամբ. Ատիկա ոչ միայն ընտանեկան աւանդոյթը շարունակելու միջոց էր ու սիրելի զբաղում, այլեւ գործի տեսանկիւնէ շատ ճիշդ ընտրուած քայլ: «Խոհարարութեան շնորհիւ որեւէ երկրի մէջ ալ կրնաս աշխատիլ ու վաստակիլ»,­- կ՛ըսէ Քրիստափորը ու կ՛աւելցնէ, որ յառաջիկային իր գլխաւոր նպատակն է, որ իրենց առաջարկած ուտելիքները դառնան շատ յայտնի ու երեւանցիներուն համար սիրելի, յետոյ արդէն կը մտածէ ճաշացանկը մեծցնելու եւ սեփական ճաշարանը բանալու մասին: Գրիգորը կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ իրենց լաւ դիմաւորած են, վատ խօսք չեն լսած, զգացած են դիմացինին հոգատարութիւնը: «Հայաստանցիները ուրախ են մեզի համար, ուրախ են, որ մենք հոս ենք: Կամաց-­կամաց դրացիներ կ՛ունենանք , արդէն ունինք մշտական յաճախորդներ»,­- կ՛ըսէ ան:

Հայաստանցիներուն հոգատարութիւնը զգացած է նաեւ Քրիստափորը, բայց նաեւ իրեն համար շատ արտասովոր բաներ տեսած է. Կ՛ըսէ` միշտ երազած է Հայաստան գալ ու հիմա հոսկէ հեռանալու միտք չունի: Միակ դժուարութիւնը տեղացիներուն հետ շփումն է. Կ՛ըսէ բնաւորութիւնները տարբեր են, մտածելակերպը` նոյնպէս: Բայց գլխաւորը, որ կը բարկացնէ Քրիստափորին` մարդոց դգոհութիւնն է: «Ես կը նեղուիմ, որ ինծի կ՛ըսեն, որ կ՛ուզեն հեռանալ Հայաստանէն: Ինչո՞ւ հեռանալ հայրենիքէն, երբ կրնաս հոս աշխատիլ, ստեղծել: Հայաստանի մէջ պատերազմ չկայ, սով չկայ, կարելի է աշխատիլ, ստեղծել ու ապրիլ: Ընդհակառակը, պէտք է դուրս ապրող հայերն ալ գան հոս, այլ ոչ` հեռանան»:

Յասմիկ Յարութիւնեան