Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոչերուն եւ պատգամներուն ընդառաջ համայն հայութիւնը եկեղեցական թէ միութենական ներկայացուցիչներով ու ժողովուրդի լայն մասնակցութեամբ դրամահաւաքներ կազմակերպեց, սուրիական տագնապին մէջ իրենց հայ ազգակիցներուն օգնութեան հասնելու համար: Այն գումարները, որոնք ընդհանրապէս Սուրիայէն դուրս գտնուող անհատական կամ հաւաքական ճիգերով կատարուած նուէրներ են, եւ որոնք Վեհափառ Հօր կողմէ սուրիահայութեան օգնութեան համար բացուած դրամատնային հաշիւին յանձնուեցան, հանգրուանային ձեւով փոխադրուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան եւ տրամադըրուեցան ու կը շարունակուին գործածուիլ մեր ժողովուրդի կարիքներուն համար: Ընդհանրապէս գումարները Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.-ին կողմէ մշակուած համապատասխան յատուկ ուղեցոյցով եւ ժողովական հաստատումով կը բաշխըւին ըստ անհրաժեշտութեան` սննդեղէնի, առողջապահական ու բնակարանային կարիքներու համար, որոնք մանրամասնեալ տեղեկատուութիւնը Մարմինի պատասխանատուութեամբ օրին կը հրապարակուի: Բացառութեան կարգով արձանագրենք, որ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն, մէկ անգամուան համար, դրամական նուէրներ բաշխուեցան կարիքաւոր 5072 ընտանիքներու:
Արդարեւ ժամակագրական ընթացքով կը ներկայացնենք ցայսօր Մ.Տ.Կ. Կաթողիկոսութեան ճամբով յատկացուած դրամական օգնութիւնները.-
ա.- Վեհափառ Հայրապետ
բ.- Սպահանի Հայոց Թեմ
գ.- Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Հայոց Թեմ
դ.- Անգլիա
ե.- Թեհրանի Հայոց Թեմ
զ.- ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան
Է.- ԱՄՆ Արեւելեան շրջան
ը.- Իրաքի Հայոց Թեմ
թ.- Գանատայի շրջան
Ժ. Անհատներ կամ հաստատութիւններ
Ժա.- Ատրպատականի Թեմ
Ցայսօր հաւաքուած ընդհանուր գումարն է` 1.019.663,48 Ա.Տ., որուն 658.484 Ա.Տ.-ը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի ճամբով փոխանցուած է Մարմնիս:
Ի դիմաց`
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմին