Խօսք՝ Աւօ Գաթրճեանի
Երաժշտ.՝ Յովիկ Ատուրեանի
Կատարողութիւն՝ Գառնիկ Սարգիսեանո

Հիւրընկալ Սուրիոյ երկինքը պայծառ,
Պատեց արիւն, մահ, արցունք ու խաւար,
Վտանգուեցաւ հայ ազգը կրկին,
Եւ տուաւ անմեղ շատ զոհեր անգին:
Ազգիս պատիւը բաձր պահելու,
Ծնունդ առին նոր հերոսներ հուժկու,
Դուք քաջեր, իբրեւ վայրի յովատակ,
Դարձաք հրձիգ, ամուր սիրտ անխորտակ:

Կրկներգ.
Մայթերու, թաղի մութ անկիւններուն,
Կը հսկէք գիշեր, ցերեկ, աննկուն,
Ռումբերու պայթում կամ ալ վիրաւոր,
Անվարան դէպքի վայրն էք կամաւոր:
Մնացիք կանգուն, մնացիք արթուն,
Հարկ եղած դէպքին հասաք ամէնուն,
Ապրիք հերոսներ, դուք հազար ապրիք,
Որ ձեր սուրբ երդման հաստատ մնացիք:

Ձեզ փառք, հիացում սուրիահայ տղաք,
Յաւէտ միակամ, ամուր կը մնաք,
Գաղափարը կուռ, ձեր խենթ սրտերուն,
Կը կերտէք շքեղ, նոր վեհ պատմութիւն:
Ով դուն՛ Սուրիահայ կը տոկաս ընդմիշտ,
Կը վարարես ցաւն, վերքերդ ու վիշտ,
Սուրբ «Գէորգ»ով, Սուրբ «Նահատակաց»ով,
Զինուած ազգային վսեմ հաւատքով: