PERIO NEWS – Այսօր, հինգշաբթի 12 մարտ 2015-ին, առաջին ժամուան մէջ զօրաւոր պայթիւն մը անգամ մը եւ ցնցեց Հալէպ քաղաքը:
Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ տեղի ունեցած պայթումը Հալէպի պատմական բերդի շրջանին մէջ գտնուող «Ապտըլ Համիտ ալ-Զահրաուի» վարժարանին կողքին էր, որուն պատճառով ֆիզիքական եւ նիւթական ծանր վնասներ արձանագրուեցան։
Պայթումը, երկրաշարժի զօրաւոր ուժգնութեամբ էր՝ քաղաքը ամբողջութեամբ ցնցուեցաւ, բնականաբար ցնցեց նաեւ հայահոծ թաղամասերը:
Զինեալ խմբաւորոմներու կողմէ ականներու պայթուններուն յաջորդեց սուրիական բանակի եւ այդ խմբաւորումներու միջեւ երկար ժամեր տեւող բախումներ:
Սուրիական բանակը կասեցուց զինեալ խմբաւորումներու դէպի կառավարամէտ շրջաներ ներս թափանցումը: Բախումները շարունակուեցան ամբողջ գիշերը մինջեւ առաւօտեան Համիտիէ, Ղասթէլ Հարամի եւ այլ շրջաններու մէջ, որուն հետեւանքով տասնեակ զինեալներ սպաննուեցան: