kantsasar.com – Հա­կա­ռակ քա­ղա­քա­կան եւ ապա­հո­վա­կան թէժ պայ­ման­նե­րուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի արի­ներն ու արե­նուշ­նե­րը, երէց­ներն ու պար­մա­նու­հի­նե­րը նշե­ցին հայ սկաու­տի տօ­նը:

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թեան եւ Սկաուտ Խոր­հուր­դին, Կի­րա­կի, 1 Մարտ 2015-ին Ճորճ Սա­լեմ դըպ­րո­ցին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պար­տէ­զէն ներս, աւե­լի քան 200 քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ մի­օր­եայ գոր­ծու­նէ­ութ­եամբ նշե­ցին իրենց տօ­նը: Գոր­ծու­նէ­ու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ նա­եւ մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բը:

Առա­ւօտ­եան բո­լո­րը ուղղ­ուե­ցան Ճորճ Սա­լեմ դպ­րոց, ուր դրօ­շա­կի արա­րո­ղութ­եամբ բաց­ուած յայ­տա­րա­րե­ցին գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, որ­մէ ետք հեր­թա­կա­նու­թեամբ ըն­թա­ցաւ նա­խա­տես­ուած յայ­տա­գի­րը, որ կ՛ընդգր­կէր մար­զանք, դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան յայ­տա­գիր, սկաու­տա­կան խա­ղեր եւ եր­գի ու­սու­ցում: Քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը եռա­գոյն երիզ­նե­րով հիւ­սե­ցին սկաու­տա­կան սի­րոյ կա­պը, ապա զայն զե­տե­ղե­ցին իրենց փող­կապ­նե­րուն վրայ: Կէ­սօր­ուան, բո­լո­րը վե­րա­դար­ձան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պար­տէզ եւ շա­րու­նա­կե­ցին իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Ճա­շէն ետք, խըմ­բա­կա­յին դրու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հարց-պա­տաս­խա­նի մր­ցում, որուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան մար­զա­կան բարձր ոգի­ով: Ար­դէն հա­սած էր մի­օր­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան աւար­տը: Մաս­նա­ճիւ­ղի քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը փո­ղե­րա­խում­բին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ տո­ղան­ցե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դաշ­տէն ներս: Սոյն արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­յին Սկաուտ Խոր­հուրդն ու խմ­բա­պե­տու­թիւնը, Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թիւնն ու Սկաուտ Խորհուր­դը: Թմ­բուկ­նե­րու եւ փո­ղերու ձայ­նե­րը չէ­զո­քա­ցու­ցին հր­թիռ­նե­րու եւ հրա­սանդ­նե­րու ձայ­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ սկաուտ­նե­րը իրենց քայ­լե­րով ան­գամ մը եւս փաս­տե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ակա­նի հաս­տա­տա­կա­մու­թիւնը:

Աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ սկաու­տա­կան աս­տի­ճա­նի տու­չու­թիւն եւ 11 քոյր- եղ­բայրներ ստա­ցան փոխխմ­բա­պե­տի աս­տի­ճան: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի Խոր­հուր­դի ատե­նա­պետ` եղբ. Արամ Յա­կոբ­եան իր խօս­քին մէջ շնոր­հա­ւո­րեց սկաուտ­նե­րը իրենց տօ­նին առի­թով, մաղ­թե­լով նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ իրենց ապա­գա­յի գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րուն մէջ: Ապա խօս­քը փո­խան­ցեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուր­իոյ Շըր­ջա­նա­յին Խոր­հուր­դի ատե­նա­պետ եղբ. Աւե­տիս Տէր­վիշ­եա­նին:

Ան իր խօս­քին մէջ ըսաւ, թէ այս տա­րին կը յատ­կանշ­ուի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան 100-րդ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նադ­րու­թեան 90-րդ տա­րե­դարձ­նե­րով: Ան նշեց, թէ 100 տա­րին շր­ջան­ցե­լով, հա­յը պի­տի մնայ պա­հան­ջա­տէր իր իրա­ւունք­նե­րուն, ապա անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական առա­ջին նա­հա­տակ, միու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօս եղբ. Շա­ւարշ Քրիս­եա­նին, որ դար­ձաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան մէ­կու­կէս միլի­ոն նա­հա­տակ­նե­րէն մէ­կը: Եղ­բայր Տէր­վիշ­եան շնոր­հա­ւո­րեց Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի սկաուտ­նե­րը իրենց տօ­նին առի­թով, մաղ­թե­լով խա­ղա­ղու­թիւն եւ յա­րա­տեւ վե­րելք:

Գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ «Յա­ռաջ նա­հա­տակ» քայ­լեր­գով:

Ռաֆֆի Սիւլահեան