KANTSASAR /fb/- Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Հինգշաբթի 12 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 4։00-ին Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Անի» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Հայ Դատի Լսարանի 6-րդ նիստը «Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը» նիւթով։
Նիստի զեկուցաբերներն էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ Առաջնորդարանի դիւանապետ, ազգային գործիչ Գրիգոր Տունկեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան։
Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»-ի Փետրուար Գ․ համարով։