Perio News/fb/ – Յունուար 25-ին, «Փասատենա սիթի քոլեճ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանգանակային համերգ` ի նպաստ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին:

Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինի ատենապետ Ժան Թիթիզեան, որ յայտնեց, թէ ցարդ կատարուած զանազան հանգանակային աշխատանքներուն կողքին, այս եզակի երգահանդէսին ամբողջ հասոյթը եւս պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին` իբրեւ զօրակցութիւն Սուրիոյ հայ գաղութին:

Համերգին ներկայացուեցաւ ազգագրական երգերու փունջ մը` մեկնաբանութեամբ սիրուած երգիչներու եւ ընկերակցութեամբ պարախումբի: