KANTSASAR/fb/ – Չորեքշաբթի, 11 Փետրուար 2015-ին Հալէպի Ազգային Հայկազեան, Սահակեան, Կիւլպէնկեան եւ Զաւարեան վարժարաններու աշակերտները «Գէորգ Եսայեան» սրահէն ներս յատուկ տօնախմբութեամբ նշեցին Սրբոց Վարդանանց տօնը, որուն ընթացքին աշակերտութեան մանրամասնօրէն բացատրուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ Անմոռուկ ծաղիկին նշանակութիւնը: