Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Եվրոպացիք եւ թուրքերը հիմա բարոյապէս հաւասար են։ Սակայն ոչ թէ թուրքերը բարձրացան, այլ Եւրոպան իջաւ մինչեւ թուրքը։
Աւ. Իսահակեան

Հալէպի մայթերը ողողուած են թրքական ապրանքներով։ Կ՛ըսուի, թէ Թուրքիան տնտեսապէս արագ զարգացող երկիրներու կարգին առաջիններէն է… Այն, ինչ յափշտակեցին մեզմէ ու յոյներէն՝ մեծ հիմք էր շատ աւելի արագ զարգանալու։ Սուրիան անոնց առջեւ բացած էր իր շուկան, սակայն անոնք ջարդելով մտնելու սովոր են, մանաւանդ որ տէրերը այդ կը հրամայեն։ Ու ահա, Հալէպի դռները բացուեցան իրենց համար։ Քաղաք մը, որ ինքնաբաւ էր ու կ՛արտադրէր մարդուն անհրաժեշտ գրեթէ ամէն ինչ, այսօր կաթուածահար է։ Ըստ տեղեկութիւններու՝ «արդիւնաբերական մայրաքաղաք»ի 1500է աւելի ֆապրիք-գործարաններ քանդեր ու այրեր են։ Անոնց մեքենաներն ու կազմածները կողոպտեր, Թուրքիա տարեր են։ Որո՞նք. նայեցէ՛ք ազգաբնակչութեան քարտէսին ու դուք որոշեցէք։ Ըսուած է՝ «Ձին ու ջորին կռուեցան, մէջտեղ էշը շահեցաւ»։

Թրքական ապրանքներով հիացողներն ու զանոնք փնտռողները, անշուշտ, հայերն էին, քանի որ մեր ախորժակն ու արժանապատուութիւնը իրարու հետ շատ բարեկամ չեն (չեմ վարանիր կրկնել, թէ մեզմէ շատերը սիրահարա՜ծ են թուրքին)։ Արաբները կը գնէին, առանց քաղաքական երանգ տալու ստամոքսային հարցերուն կամ հանդերձանքին։ Հիմա, երբ նոր արիւնահեղութիւնը թարմացուց նաեւ անոնց յիշողութիւնը, հարցը փոխուեցաւ. անոնք սկսած են անդրադառնալու, որ թշնամիի ջրաղացին ջուր կը լեցնեն, ուստի՝ շատեր թրքական ապրանք գնելը կը մերժեն (գիտակիցներ)։ Իսկ թէ հայերու քանի՞ տոկոսը արթնցաւ (իսկ մենք ընդհանրապէս քնանալու իրաւունք ունի՞նք, երբ երկու կողմէն կը խեղդեն մեր երկիրը)՝ տեղեակ չեմ, չեմ ալ հետաքրքրուիր, քանի որ գիտեմ՝ դարձեալ պիտի մեղադրուիմ ծայրայեղութեան մէջ։

Սակայն ծայրայեղ ըլլալը անողնաշար ըլլալէ կը նախընտրեմ։
***
Երբեմն զարմանքս կատարին կը հասնի, երբ հայ գործիչներ վշտացած ու զարմացած կը նշեն դիւանագիտական շրջանակներու մէջ ատրպէյճանցիներու արձանագրած յաջողութիւններն ու մանաւանդ՝ եւրոպացիներու կողմէ հովանաւորուիլը։ Եթէ աշխարհի բոլոր ազգերը զարմանային, ինծի կը թուի, թէ հայը պիտի կանխատեսէր ու միայն կանխելու կերպեր մշակէր, ոչ թէ խռոված տղու պէս գանգատէր (գիտէ՞՜ք, մինչ մենք հնազանդ տղու պէս իրենցմէ աւելի եւրոպացի կ՛ըլլանք, ազգային մշակոյթ ու աւանդոյթներ մոռնալու կը ջանանք, բոլոր աղանդներու ու խառնասեռականներու դէմ լայնօրէն կը բանանք մեր դռները, այդ (ոչխա՛ր) ատրպէյճանցիները խաւիարով կը կաշառեն եւրոխորհուրդի անդամներն ու իրենց ուղեգիծը կը քալեցնեն…)։ Հիմա եկուր ու որոշէ՝ ո՛վ է ոչխարը ու ո՛վ՝ տափաստանի խորամանկ ու նպատակասլաց գայլը։ Ուրեմն՝ տակաւին չենք ճանչցած թուրքը։ Եւս 1000 տարուան արեան գետերո՞ւ պէտք ունինք ճանչնալու համար։ Սիրտ պաղեցնելու համար կը խօսինք, բնորոշումներ կու տանք, կը հրճուինք, երբ ուրիշներ ալ, մեր միամտութիւնը շոյելու համար, անոնց «կատուին փը՛շտ ըսեն», սակայն՝ մեր «արշինով» կը չափենք դարձեալ ու անակնկալի կու գանք ամէն անգամ, երբ ապտակ մը կը ստանանք։
«Ապա արդարութի՞ւնը, ապա իրաւո՞ւնքը» կը բացագանչենք ու կը փորձենք աշխարհի աչքին դիմակազերծել, վարկաբեկել զայն։ Աշխարհի աչքերը տոլարի՛ գոյն ունին, իսկ թուրքը իր չունեցածը կորսնցնել չի՛ կրնար։ Պատիւ հասկացողութեան անծանօթ է, ինչպէս եւ մեր գովական եւրոպական դիւանագէտները՝ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս։

Թուրքը գայլի իր էութեան ընդմէջէն ճանչցած է մարդու էութիւնը ու ըստ այնմ կը գործէ։ Ան ստեպ կարիքն ունի արեան տեսքին. Սուրիան՝ վերջին փաստը, թէ ան մարդ սպաննելու միշտ նոր ու «զուարճալի» ձեւեր կը փնտռէ ու կը գտնէ՝ անվերջ։ Ահա, թէ ի՜նչ կը նշանակէ մորթելը արուեստի վերածել, ահա, թէ ի՜նչ կը նշանակէ թրքական մշակոյթ։

***
Լուսաւոր ու ապահով վայրեր ապրողներ, անշուշտ, յոռետեսական պիտի գտնեն տրամադրութիւններս, մինչդեռ այս քաղաքը մնալ շարունակողներս չե՛նք յոռետեսները…

Մեր տոկալու ու վերջը յուսալու յամառ ջանքերուն որպէս գնահատանք՝ աւելի ու աւելի մեծ աւերածութիւններ ու դժուարութիւններ կը ստանանք։ Քաղաքը երեք-չորս օր զրկուեցաւ ջուրէ ու լոյսէ, իսկ մինչ մենք ուրախանալու կը պատրաստուէինք անոնց գալով՝ պայթեցաւ նոր կռիւ մը։

Վերջը չ՛երեւիր։ Գիշերուան կը յաջորդէ արշալոյս, ապա՝ կէսօր ու նոր գիշեր, իսկ արիւնալի մարտերը կը շարունակուին «մեր թաղերուն» շուրջը, շա՜տ մօտ։ Նոր ու անծանօթ զինատեսակներու դղրդիւններ, ճայթիւն-պայթիւններ, շառաչիւններ, բազմազան ու բազմաձայն զէնքեր՝ յօրինուա՛ծքը մարդկային երեւակայութեան եւ ուղեղին… փխրուն մարդ արարածը սպաննելու համար: Արդեօք շատ չե՞ն այս ճիգերը, երբ ամենափոքր հովն ալ բաւարար է մարդս զգետնելու։

Դուք զայն պահել ջանացէք, եթէ կարող էք ու խելացի, իսկ սպաննելը՝ դիւրի՜ն է… Օձ մը, կարիճ մը ձեր ըրածը կրնայ ընել՝ առանց այսչափ աղմուկի ու մանաւանդ՝ առանց զարդապատ կեղծիքի։ Չէ՞ որ Յիսուս ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է մարմինն իմ…»։ Իսկ մարդը բառերէն անդին անցնելու ընդունա՞կ է։ Նոյնիսկ Աստուած հաւատաց այդ խաբկանքին։ Մինչդեռ մեր անցած հազարամեակները կը փաստեն որ՝ ո՛չ։ Ու ահա ան կ՛ուտէ մարմինը Քրիստոսի, մարմինը եղբօր, զաւկին, կ՛ուտէ երկրագունդը ու չի յագենար։ Եւ ասոնք մարդկային լեզուով կը յորջորջուին՝ «խելացիներ», «զօրաւորներ», «դիւա-նագէտներ»։
Կապո՜յտ, նախանձելի գեղեցիկ երկինք մը, ուր քուլա-քուլա ճերմակ ամպիկներ կը սահին. գարունը երազանքի, սիրոյ ու հաշտութեան կը հրաւիրէ։ Բայց երազանքը տարբեր գոյներ կրնայ ունենալ։ Արեւմուտքի երազանքի երէկուան 150 զոհերուն՝ այսօրուան մարտերու ընթացքին քանինե՜ր միացան։ Արդեօք ճերմակ ամպածուէնները զոհուած երիտասարդներու հոգիները չե՞ն, որոնք այլեւս թեթեւցած ու հողի քաշողութեան ծանր բեռէն ազատած՝ վերէն վերջին անգամ կը դիտեն այս տառապանքի հովիտը։

Բայց միթէ՞ մայր հողը զմեզ միայն դէպի չարիք կը քաշէ. ապա անոր ծնած ծաղիկնե՞րը…

Շուրջս հրակոծութիւնը կը շարունակուի, ես կը գրեմ…
***
Թռչունները, իբրեւ թէ նշանաւոր են մոռացկոտութեամբ («հաւի յիշողութիւն» կ՛ըսէ ժողովուրդը). իրենց թռիչքի պահուն, ահաբեկուած պայթիւնի ձայներէն տագնապահար կը նետուին աջ ու ձախ՝ քիչ ետք կրկին դառնալու իրենց սիրախաղին կամ որսին։

Միթէ՞ շատ տարբեր ենք մենք՝ մարդիկս։ Առաջին օրերուն էր, երբ կը ցնցուէինք ամէն պայթիւնէ ու տունէ ելլելէ կը զգուշանայինք։ Հիմա մահը թէ վտանգը դարձան ընտանի։ Անոնք միշտ մեր շուրջն են, սակայն՝ դարանակալ ու անյայտ։ Մենք թռչնային անգիտութեան մէջ չենք, բայց կեանքը կը շարունակուի։ Ամբողջ գիշեր հրետանակոծութիւնը չէ դադրած, բայց ահա առտուընէ, հրապարակի վրայ, տղան դարձեալ բացեր է իր շարժական «քեպապանոցը» ու կրակը կը հովէ։ Անցնող-դարձողներ՝ հանգիստ, անշտապ, կարծես զբօսանքի ելած են, իսկ երկինքը պատռտող գնդակները տօնական հրավառութիւն են։
Երկինք ու երկիր կրակներու մէջ են, քիչ անդին մարդիկ կը զոհուին… թէ՛ այրուող տուներու, թէ՛ քեպապի ծուխերը երկինքին մէջ իրարու կը խառնուին… ահա՛ կեանքի դէմքը։

***
Թուխ ու սիրուն, վառվռուն, խօսուն աչքերով աղջիկ էր, ամբողջ կեանք ու եռանդ, կատակ ու ժպիտ, կեանքի ծաղիկ էր։ Թէեւ կը ծածկէր գլուխը, սակայն ճաշակ կը դնէր հո՛ն ալ։ Երկար բացակայութենէ ետք եկաւ. այլ մարդ մըն էր՝ սմքած, աչքերը խոր գացած ու մարած, մորթը՝ դեղնած ու վաղաժամ ծերացած, անժպիտ. ո՛չ, ցաւո՛տ ժպիտով, քանի ուրախ էր մեր մէջ վերադառնալուն համար՝ երկամսեայ բանտարկութենէն ետք։ Իր թաղամասը պաշարուած էր ու ելլելը՝ անկարելի։ Հիմա հոն աւերակներ են, նաեւ է իր տունը, որուն տակ մնացեր են սիրելիներ։ Մի՛ փորփրէք հոգիին աւերակները, քանի որ արցունքները չի յաջողիր զսպել…

Իսկ ես ո՞ր մէկուն լացը լամ, աշխա՛րհ։

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԵԶ»